RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#010, 2013-06-01 > #011, 2013-06-15 > #012, 2013-06-29 > #013, 2013-07-13 > #014, 2013-07-27

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #12, 29-06-2013



Բանաստեղծի խոհեր

Տեղադրվել է` 2013-06-29 00:57:45 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 930, Տպվել է` 30, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 16

«ՅԱՌԱՋ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆԻ ՀԵՏ

ԱՐՓԻ ԹՈԹՈՅԵԱՆ, Փարիզ, «Յառաջ», «Միտք եւ արուեստ» ամսական յաւելուած, 1 դեկտ. 1991:

- Ի՞նչ կը մտածէք ձեր կեանքի մասին, որ բնաւ բարեգութ չեղաւ ձեզի հանդէպ, ստիպելով խոյս տալ անկէ, որուն համար օր մը ճամբայ ելաք պատանեկան խանդով ու դողութեամբ:

- Ռուս վսեմական բանաստեղծ մը կայՙ Ֆէօտոր Թիւթչեւ, 19-րդ դար: Երկար, շա՜տ երկար տարիներէ ի վեր ես տարաժամող ամէն օրուան դիմաց սովորութիւն էի դարձուցած, Նարեկացիի չարխափան «Ընկալ քաղցրութեամբ»-ի պէս, արտասանել անոր մէկ տողը, որ բառացի կը թարգմանուի այսպէս. «Օրն ապրուցեաւ. փառքդ շա՜տ, Աստուա՛ծ»: Մօտաւորապէս այն, ինչ մենք յորանջելու պէս կ՛ըսենք յաճախ. «Այսօր ալ ապրեցանք»: Այո՛, միայն մօտաւորապէս: Եւ ահա, երբ խորհրդային սպառնագին տարիներու մթութենէն, ինչպէս ականակուր անտառէ մը դուրս ելած ըլլալու տպաւորութիւնն ունիմ տակաւին, չեմ դադրիր, ռուս բանաստեղծին մէկ բառը փոխելով, ամենայն գոհունակութեամբ բացագանչելէ. «Կեանքն ապրուեցաւ. փառքդ շա՜տ, Աստուա՛ծ»:

- Այն օրը, հանդիպման ժամանակ, «մարդու ոգեկան կենսագրութիւնը» արտայայտութիւնը գործածեցիք, ակնարկելով արտաքին դէպքերուն ու պատահարներուն բոլորովին անտարբեր ներքին ինքնամփոփ «խլութեան» մը: Ե՞րբ եւ ո՞ւր սկսաւ ձեր ոգեկան կենսագրութիւնը:

- Յամենայն դէպս ո՛չ Պէյրութՙ Համազգայինի հայ ճեմարանին մէջ, ուր Սուրիոյ պզտիկ ու կոկիկ քաղաք մըՙ Ալեքսանտրէթէն եկած գաւառացի տղեկը, որ ես էի, շնչահեղձ կ՛ըլլար գրական ու քաղաքական «միջանցուկ քամիներու» անօրինակ յորդութեան դիմաց, ո՛չ ալ, առաւել եւս, Երեւանի մէջ, ուր իմ ունեցած ոգեկանէն ու հոգեկանէն ալ պարպուեցայ, երբ խորհրդային վարչաձեւը ճիշդ ու ճիշդ իրենց վրայ կարուած պարեգօտի պէս տօնականօրէն զգեցած եւ անոր մէջ իրենք զիրենք այնքա՜ն հանգիստ ու բնական զգացող յորովայնէ ստալինիկներու առաջին իսկ հպանցման տակ իմ մէջէս կրկին դէպի հայրենի հողի ընդերքը վերդարձաւ այն սրբազան ու անանուն դողը, որ թերեւս Հայկ Նահապետէն իսկ կը մեկնէր զի՛ս թրթռացնելու ի խնդիր: Ամէն պարագայի մէջ այդպէս կը հաւատար երբեմնի պատանին:

Հիմա, այս անհրաժեշտ յստակեցումներէն ետքը, կրնամ ճշգրտագոյնս ըսել, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր սկսաւ իմ ոգեկան կենսագրութիւնս. 1950ի սեպտեմբերին, Մոսկուա քաղաքին մէջ: Այսքան ճշգրտութեան եւ անմիջականութեան պատճառն այն է, որ, նախ, այս հարցումը տարիներ շարունակ գերագոյն յաճախանքներէս մէկն է եղած, եւ որ, երկրորդ, 1947-ին խորհրդային գառագեղին դուռը հոգեսարս ճռինչով ու շռինդով վրաս գոցուելէն եւ յատկապէս «բռնէ-բռնէ-ի տարուան» (1949) արհաւրոտ գիշերներէն յետոյ առաջին անգամ ըլլալով ինքզինքս սանկ-նանկ ապահով զգացի Մաքսիմ Կորքի գրականութեան հիմնարկի հինաւուրց պատերէն ներս, ուր թէեւ Հայաստանի գրողներու միութեան յանձնարարականով, բայց բոլորովին թիւրիմացաբար ընդունուեցայ: Ըստ իս, այս «թիւրիմացաբար»ն ալ, աւելի քան Մոսկուայի մէջ հայրենադարձ առաջին ուսանողն ըլլալուս հանգամանքը, պատճառ դարձաւ, որ այստեղ ալ նուազ պիշ ու ամենատես յառումով չհսկեն վրաս արգոսեան աչքերը, քան Երեւանի մէջ: Սակայն հակառակ այդ հսկումներուն, հակառակ պարբերաբար սաստկացող խստութիւններուն եւ մայրաքաղաքէն առժամապէս բացակայելու երբեմնակի հրահանգներուն, հակառակ ամենադժնդակ տարուանՙ 1952-ի աւարտին ինստիտուտի կուսակցական կազմակերպութեան հասցէագրուած եւ զիս ամէն խորհրդայինի ոխերիմ թշնամի հռչակող մատնագիրին, որուն, ոչ աւելի, ոչ պակաս, ստալինեան լաուրեատ հեղինակը հիմա «մոռացկոտի» երանաւէտ անգիտութեամբ քիչ կը մնայ, որ դաշնակցական ամբողջ խայտաբղէտ մամուլը քաշէ վրան եւ Երեւանի փողոցներն իյնայ դիմակահանդէսի բարեմիտ խամաճիկին պէս,- հակառակ այս բոլորին եւ թերեւս ալ ի հեճուկս այս բոլորի, այդ տարիները եղան մէկ-մէկ ամրափակ խորվիրապներ, ուր ինքնաքսորանքի խորունկ գիտակցութեան սեւ կորեկահացով ապրեցաւ ոգեկանի սուրբը, անտրտունջ, միայն ամէն վայրկեան իր մենութեան համար եւ իր մենութենէն երկիւղ կրելով:

- Իսկ այդ սուրբի տքնութեան մէջ ի՞նչ տեղ էր վերապահուած բանաստեղծութեան:

- Առնուազն տասնընհինգ տարի բանաստեղծութիւնը հոն կար ու չկար: Կար, քանի որ զիս իր ետեւէն այդ ափերը բերելով առաջուընէ շատ աւելի դժբախտ հայմաթլոս մը դարձուցած ըլլալու պատասխանատուութեամբ զղջումի ծպտուններ կը հանէր իր ալքերէն: Չկար, որովհետեւ, ինչքան ալ զարմանալի թուի, պարզապէս լեզու չունէր. Երեւան ոտք կոխելէս ընդամէնը քանի մը ամիս ետքը, «ժողովուրդը չի հասկանայ» պատրուակելով, միայն արեւելահայերէնՙ «պետական լեզուով» գրելու խնդիր յարուցեցին, իսկ որոշ ժամանակ անցՙ մեծագոյն անարգանքը հասցուցին արեւմտահայերէնին, զայն պաշտօնապէս ժարկոն եւ աղտոտ լեզու հռչակելով: Որքան գիտեմ, դեռ ողջ է այսպէս հռչակած «մաքրալեզու» էքս-նախարարը: Բայց ի՞նչ հարկ հիմա անունը տալով խռովելու անոր, հայր Ղ. Ալիշանի արտայայտութեամբՙ «արդէն ճերմակը դեղին դարձած ալեւոյթը», մանաւանդ որ ան ալ այս լպրծուն օրերուն Հայաստան-Սփիւռք միասնութեան լորձնաշուրթն ջատագովներէն մէկն է անտարակոյս:

- Այն ատեն չէ՞ր որ գրախանութներէն հաւաքեցին եւ փճացուցին ձեր նոր լոյս տեսած արեմտահայերէն բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն:

- Այո՛: Ժամանակին ես գրած եմ այդ մասին: Յօդուածը, ի՜նչ խօսք, կարեւոր կրճատումներով եւ «հերոսներու» անուններու յապաւումով հրատարակեց «Գրական թերթը»: Զայն 1989-ին արտատպեց «Բագին» ամսագիրը, այդ առթիւ որպէս յիշեցում թարմացնելով ծրագրուած վթարի զոհ բանաստեղծ Անդրանիկ Թերզեանի մահուան շուրջ Վահէ-Վահեանի եւ Ա. Ծառուկեանի յոյժ կարեւոր վէճը, զոր ես չէի գիտեր: Ուստի զանց կ՛առնեմ մանրամասնութիւնները, մանաւանդ որ ի սրտէ այդ ամբողջ պատմութեան անարժան կը համարիմ վերոյիշեալ հաւաքածոն:

- Այս առնչութեամբ ի՞նչ կը խորհիք մեր կուսակցութիւններու «հայրենադարձութեան» եւ արեւմտահայերէնի ապագայի մասին:

- Օ՜, շատ ջղայնացուցիչ, որով եւ վիճայարոյց նիւթեր են ատոնք: Միայն այն կրնամ ըսել, որ արեւմտահայերէնը հիւանդագին կծկումներու շրջան մը կը բոլորէ յատկապէս հիմա, երբ առնուազն եօթը տասնամեակ թունդ արեւմտահայ մեր կուսակցութիւնները մէկ օրէն միւսը հրաշիւք իմն գրեթէ արեւելահայացան, եւ վախնամ շուտով, արդէն Հայաստանէն, «լիտերներ» ուղարկելով արտասահման, իրենց դարասկիզբեան օրիէնտացիայով նորէն ձեռք զարնեն «յետամնաց տաճկահայը» ղեկավարելու, առաջնորդելու գործին: Բայց չէ՞ որ նախքան «հայրենադարձութիւնն» ալ իրենց այս կամ այն ամեակը նշելու համար սկսած էին նորաթուխ կուսակցական, մեծածախ ճառախօսներ հրաւիրել հայրենիքէն, կարծես եօթանասուն տարի, ի չգոյէ արեւմտահայ հռետորներու, այդ տօնական օրերը լուռՙ պատն երեսին նստած ըլլային, փանջունիներու եւ Երուխանի կոնստանեաններուն ախը քաշելով: Եւ ինչո՞ւ չհրաւիրէին. ո՛վ գիտէ, թերեւս խորհրդային տարիներուն այդ ճառախօսները, մայիսեան ապստամբութեան փառաբանութիւնը մոռցածՙ նոր ու փառահեղ շտրիխ մը աւելցուցեր էին, ըսենք, Պանք Օթոմանի գրաւման կամ Խանասորի արշաւանքի պատմութեան լուսաբանման վրայ, այնպիսի շտրիխ մը, որ վրիպեր էր բոլոր յուշագիրներու աչքէն:

Մեր կուսակցութիւնները իրենց գլխաւոր քաղաքականութեան մէջ ոչ միայն մոռցած են կարծես աշխարհի չափ հոգ ու տագնապներով գալարուն իրենց զանգուածները ի Սփիւռս աշխարհի, ոչ միայն իբր թէ յանուն ժողովրդականութեան ռեւերանսներ կ՛ընեն յայտ ու անյայտ անցեալով անձանց առջեւ, անոնց համար իրենց դուռները լայնափեռեկ դարպասներու վերածելով, ոչ միայն նորաստաց լեզուով նորաստաց ընթերցողներու կը հաճոյանան «մանիֆեստ»ներով, չպժգալով դեռ երէկ իրենց իսկ հայհոյած օտար բառերէն, այլեւ իրենցմէ մէկուն մէկ թերթին օրինակով վաղը նաեւ կրնան ուղղագրութեամբ աբեղեանանալ, որպէսզի չվշտացնեն այն խել մը պնդագլուխները, որոնք դող ի սիրտ, թէ օր ծերութեան չըլլայ թէ յանկարծ ստիպուին գլուխ հանելու «դարն ապրած» մեսրոպեան հնչիւնային համակարգէն, տարբեր բան կը պատրուակեն եւ տարիներով իրենց իսկ լեռնացուցած խեցբեկ խեղագրութիւններուն ետեւէն, նայած տիրող ջերմաստիճանին, մերթ հարբուխոտ, մերթ քաջաձայն կը բարբառին. «Թող Սփիւռքն ինքը բարեհաճի որդեգրել մեր ուղղագրութիւնը, եթէ ոչ, իր գործն է, թող մինակը պաշտպան կանգնի դասականին»: Եւ ցարդ մեր կուսակցութիւններէն ո՛չ մէկը քաջութիւնն ունեցաւ միայն հետեւեալ պատասխանը տալու այս առնուազն լկտի անզիջողութեան. «Պարոնա՛յք, նոյնիսկ այս այնքա՜ն բնական եւ մեր միասնութեան մեծապէս սատարող սրբազան գործօնի նկատմամբ ձեր բռնած դիրքէն 1918 թիւի հոտ կը փչէ: Անշուշտ կը հասկնաք, թէ ձեր անմիջական նախնեաց ի՛նչ մոլորութեան կ՛ակնարկենք: Այն ատեն ձեր սահմաններուն մէջ ապահով չէիք բնաւ, հիմա ալ չէք, անցան-գացին այն երիցս «երանելի» օրերը, երբ կուղբի մորթէ ձեր փողփողուն գլխարկը թեք դրածՙ ձեր կրեմլերգակ բանաստեղծուհիին պէս կը հաւատայիք, թէ Արաքսի «այն ափից այս ափը մինչեւ Մոսկուայո՛վ է անցնում ճանապարհը...»: Այնպէս որ եկէք ըմբռնենք զիրար, քանի դեռ ուշ չէ, «քանի դեռ մերն է Էրզրումը»:

- Բայց մեր կուսակցութիւնները իրենց եղած երկիրներէն ալ կրնային այսօրինակ թելադրանքներ ընել, այնպէս չէ՞:

- Ի հարկէ: Եւ միայն թելադրանքներ, ոչ իսկ կէս կտոր յորդոր: Առհասարակ անհասկնալի է, թէ ինչու անոնք իրարու ետեւեն, կարծես զիրար հրմշտկելով, փութացին գրասենեակներ հաստատել Երեւանի մէջ: Անժամանակ չէ՞ր արդեօք այդ արտորանքը, որ ատենին գրաւեց Կեդրոնի եւ հարեւաններու ուշադրութիւնը: Չեմ գիտեր, հակառակ պարտութեան բոլոր նշաններուն, գէթ այս վերջիններուն վրայ տիրական ներգործութիւն ունենալու տեսանկիւնէն դիտելով, ես միայն լսել կը կարծեմ դատաւորին սուլիչին ձայնը, թէ հիւսիսային Գողիաթին մէջքը գետին է եկած վերջնականապէս: Տա՜ր Ատուած, սխալէի չարաչար:

Այնուհետեւ: Ո՞վ կրնայ հաւաստել, թէ մեր կուսակցութիւններուն հայաստանեան թափօրին յառաջապահ շեփորին հունչը խեփորի մը շշունջէն աւելի ազդեց որոշիչ «դէպքերու ճակատագրին» վրայ: Այս իմաստով, ի՛նչ մեղքս պահեմ, այդ մուտքը Հայաստան ինծի յիշեցուց 1961-ին Կոստան Զարեանի հապշտապ ներգաղթելն, ու հակառակ Ալեքսանդր Մանցոնիի նմանօրինակ արարքով արդարանալու մանկունակ փորձինՙ իր մաքրաջրումներուն հակազդեցութիւնները, որոնք, աւա՜ղ, նոր ու գիտակից ընթերցողներ չհաւաքագրեցին նոյնիսկ հոյաշունչ «Տատրագոմի հարս»ին համար, ա՛լ չեմ խօսիր զարեանական ամբողջ ստեղծագործութեան շուրջ ստեղծուած թեւաթափ հետաքրքրութեան մասին:

Ճակատագրական է կուսակցութիւններու եւ զանազան միութիւններու դերը Սփիւռք-արեւմտահայերէն իրերահաղորդ անօթներու մակարդակի պահպանման մէջ: Ուշադրութեան վայրկենական խոտորումն իսկ կրնայ պատճառ դառնալ շիթի մը, շիթերու ցնդումին: Ի լրոյ գիտեմ, որ դեռ վերջերս միայն ու միայն նիւթական պատճառներով երկու դպրոցներ են գոցուած Պոսթըն ու Փարիզ: Աւելի քան հասկնալի է ու գովելի, որ ահա երեք տարիէ ի վեր ոչ միայն կուսակցութիւնները, այլ նաեւ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը գլխապատառ տարուած է Հայաստանով ու Արցախով: Բայց համեմատութիւնները պահելու ժամանակն է արդէն: Ժամանակն է, որ գօտինին լայն կապած տեղացի նորընծայ մեծահարուստներըՙ ցեխովիկ-քոփերաթորները, իրենց սուրը նետեն հազար կտոր եղող Սփիւռքի նժարին վրայ եւ իրենք ալ տղամարդավարի քակեն ու բանան քսակնին, որ, գաղտնիք չէ, յոյժ զգայուն եղաւ անգամ արտասահմանեան օգնութեան հանդէպ: Եթէ Հայաստանը նոյնիսկ «աղքատիկ զբօսաշրջիկներու» Սփիւռք ունի (թող այդպէ՛ս ըլլայ, Իգոր Մուրադեա՛ն), Սփիւռքը այդ ալ չունի, ինքն է եւ իր մինուճար գլուխը, զոր, շէն ու պայծառ մնան, կ՛աշխատին բնաւ առանձին չձգել հայրենի հարուստ զբօսաշրջիկներ (հիւրե՜ր, հիւրե՜ր, ի՜նչ հիւրեր. Շաւարշ Նարդունի՛, լո՜յս իջնէ վրադ): Ինչպէս առանց Հայաստանի չիք Սփիւռք, այնպէս ալ առանց Սփիւռքի չիք Հայութիւն: Հայութեան արեւմտեան հատուածը բոլորովին տարբեր որակ է, որ ի գին ամէն զոհողութեան պէտք է պահուի-պահպանուի «մինչեւ ցկատարած աւուրց բաբելոնեան»:

Ինչ կը վերաբերի արեւմտահայերէնի ապագային. ուրիշ ճար ու ճարակ չկայ, ան, թէ՛ Հայաստանի հողին վրայ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ զօրաշարժի ենթարկելով մշակութային անխտիր բոլոր միջոցները, իր երեք գլխաւոր առաքինութիւններովՙ կուռութեամբ, թափանցիկութեամբ եւ հարստութեամբ գօտեպինդՙ պէտք է «սուսեր խաչաձեւէ» իր արեւելեան եղբօր հետ: Որքան յամառ ըլլայ սուսերամարտը եւ անզիջում, այնքան կը նպաստաւորուի «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» նպատակը, եւ գուցէ նաեւ մերձենայ անոր հորիզոնը:

- Այդ սուսերամարտին գոնէ ստուերը կա՞յ հիմա:

- Ո՛չ: Որովհետեւ արեւմտեան եղբայրը, սուսերը ձեռքինՙ կեցած է անխլիրտ, համակերպիկ, հազիւ պահէ պահ, ձեւի համար, փորձելով պաշտպանուիլ: Ան այդպէս կեցած է արդէն վաղուց, թէեւ մանաւանդ վերջերս, աւելի ու աւելի յաճախակի եւ վտանգաւոր կը դառնան իր եղբօր հարուածները: Այդ հարուածները այնքան վտանգաւոր չէին դառնար, եթէ զանոնք հասցնող սուսերին մետաղը անխառն ըլլար եւ հիւսիսային հարեւանի հանքերէն ու իրենք զիրենք արդէն սպառսպուռ քամած գաւառաբարբառներու տաճկահոտ խաւերէն արջասպի տոկոս մը չունենար: Անշուշտ խօսքս աննկատ սողոսկող ռուսաբանութիւններու եւ առհասարակ հինէն մնացած տաճկերէն բառ ու բանի մասին է, զորս հայաստանցին, անոնց ծագումին անգիտակՙ կը գործածէ աջ ու ահեակ:

- Մի՞թէ արեւմտահայը չունի օտարաբանութիւններու այդ ցաւը:

- Անշուշտ որ ունի: Մէկ տարբերութեամբ սակայն: Մինչ, ըսենք, արեւմտահայ գրողը, իր գրչին տակ եկող օտարաբանութիւններու աղբիւրինՙ օտար լեզուներուն քաջածանօթ, դոյզն զգօնութեան պարագային ի վիճակի է դիւրութեամբ փրցնելու իր ստեղծագործութեան կտաւին փակած այդ կոծոծները, իսկ իր արեւելահայ գրչակիցը ուզէ ալՙ չի կրնար մաքրել զանոնք, յատկապէս գաւառաբարբառներէն խուժողները, որոնց ընտանութեան հանգամանքն է խաբուսիկ:

- Դուք շուրջ տասը չափածոյ եւ արձակ գիրքեր էք թարգմանած, գրեթէ բոլորն ալ ֆրանսերէնէ: Ի՞նչը ստիպեց ձեզի, որ զբաղիք նաեւ թարգմանութեամբ, ի՞նչ է թարգմանութիւնը ձեզի համար, եւ ձեր թարգմանած գիրքերէն ո՞ր մէկը աւելի կը սիրէք:

- Թարգմանութեամբ սկսայ զբաղիլ, որովհետեւ անվնաս, քաղաքականութենէ հեռու, ուստի գլխացաւանքներէ զերծ գործ էր եւ քիչ մըն ալ դրամ կը բերէրՙ անօթի չմեռնելու չափ: Հրատարակչութենէն քեզի կու տային գիրք մը, որ հազար ու մէկ գրաքննիչներու մանրադիտակին տակէն անցած էր, եւ կ՛ըսէինՙ թարգմանէ՛: Կը կատարէիր պատուէրը եւ պատասխանատու էիր թարգմանութեան միայն գեղարուեստական կողմին համար: Բայց կային «արքունի» թարգմանիչներ, որ այդ պատասխանատուութիւնն ալ չունէին եւ շատ աւելի կը վարձատրուէին: Մէկ խօսքով, այդ ասպարէզին մէջ ալ կը գործէր մեր ժողովրդական առածը. «Հաստ ու բարակ մէկ հաշիւ է, վայ բարակ մանողին»:

Ես բարակ մանող էի, որովհետեւ թարգմանութիւնը ամէն բանէ առաջ լեզուական երեւոյթ է ինծի համար, որ իւրաքանչիւր թարգմանուելիք գրքի ժամանակաշրջանին համեմատՙ ինձմէ կը պահանջէր հայ գրականութեան այդ դարու լեզուին «ըւիկը-ծըւիկը քննել»: Ահա թէ ինչու կը սիրեմ իմ բոլոր թարգմանութիւններս, քանզի բոլորին մէջ ալ աշխատած եմ քսակիս ներած չափով լեզուական համադամներով պարարել նախ եւ առաջ իմ քիմքս, գրեթէ միշտ ի տհաճութիւն խմբագիրներուս: Ասոնց մէջ կային ազնիւ մարդիկ, որոնք թաքնօրէն կարօտով կը մասնակցէին սեղանիս, կային նաեւ սմսեղուկներ, նոյն սեղանը գլխիվայր շրջելու պատրաստ:

- Ճիշդ է որ պայմաններու բերմամբ չէք կրցած կանոնաւոր հետեւիլ սփիւռքահայ գրականութեան ընթացքին: Բայց եւ այնպէս այն, ինչի ի վիճակի էք եղած թէկուզ պատահաբար ընթերցելու այդ գրականութենէն, անպայման ընդհանուր պատկերացում մը գոյացուցած էք ձեր մէջ: Չէի՞ք փափաքիր խօսիլ ձեր տպաւորութիւններէն:

- Արուեստի որեւէ երեւոյթի մասին ամէն կարծիք երկար, անընդմիջական հաղորդակցութեան, սերտակցութեան ու սրտակցութեան է կարօտ: Սփիւռքահայ գրականութեան հետ իմ կապս, դժբախտաբար, հազիւ քանի մը տարուան պատմութիւն ունի, եթէ ի հարկէ կարելի է կապ կոչել վաղ պատանեկան ընթերցումներս, որոնք գլխաւորաբար Հայ ճեմարանի այն ատենուան, ինչպէս աշակերտներս կը կոչէինքՙ «պանիր-հաց» գրապահարանին «հարստութիւնը» եղող «Հայրենիք» ամսագրի հատուկտոր թիւերով էին սահմանափակուած: Անկէ ետքը աւելի քան քառորդ դար խորհրդային սահմանային փշալարերէն փոթորկապուրծ թռչուններու նման բախտի բերմամբ ներս ինկած քանի մը ապշահար գրքերով սփիւռքահայ արդի եւ մանաւանդ դասական հարուստ արձակի մասին ափյափոյ դատելը իմ կողմէս մեղք կ՛ըլլար առաջի Աստուծոյ եւ որդոց մարդկան: Սակայն երկու-երեք տարիէ ի վեր փոքրիշատէ մերձուստ շփուիլս սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծութեան հետ կարգ մը խորհրդածութիւններ կը յուշէ ինծի: Ըստ իս, ամենահետաքրքրականն ու արգասաբերը այնտեղ տիրող ոճերու պէսպիսութիւնն է, զոր, անշուշտ, տարբեր մշակոյթներու կլիման է կեանքի կոչած իր ըստ բաւականին անգայտ կրկներեւոյթներով, որոնց տեւողութենէն շատ բան է կախուած: Չէ՞ որ գերիրապաշտութեան ինքն իր մէջ հետզհետէական կերպարանափոխութենէն, անոր պատկերակերտման բնազանցական միջուկին ու գիտակցական պատեանին աստիճանական թափանցիկ գոյակցումին տակաւ կրցաւ լիովին նպաստաւորուիլ ֆրանսահայ բանաստեղծութիւնը, որ քանի մը անուններ դասականացուց, եւ որուն երակը, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը, կանաչ է տակաւին: Պէտք է ըսեմ, որ զիս բնաւ չի խանդավառեր «յանձնառու» կոչուող բանաստեղծութիւնը, որուն «միթեր» կործանելու մոլուցքը ինքնին կործանելիք միթ մըն է դարձած արդէն քանի մը գաղութներու մէջ: Կրնա՞ք ի գործ դնելով ձեր արուեստին ամբողջ «ո՛չ»ին հրաշքը, եթէ ունի, դիմագրաւելու, տոկալու միթեր տուէք այս ժողովուրդին: Ժամանակը չէ անկէ կորզելու թէկուզ սնահաւատութեան օճառաջուրէն թռած պղպջակն անգամ, որուն կառչածՙ թերեւս ան կարենայ աւելի երկար մնալ ուծացման հոսանքին վերեւ: Դաժան է գուցէ, բայց ճակատագիր է, պէտք է ըսել. ապրելով մեծ, ազատ, Ադամայ եզին պէս անհոգ ազգերու երկրին մէջ եւ աչքի պոչով անոնց գրականութեան նայելով գրականութիւն մշակելու ատեն ալ պէտք է ականջի օղ ընել մեզի համար մանաւանդ ահեղօրէն ճշմարիտ ասացուածքը. «Ինչ որ ներելի է Զեւսին, ներելի չէ եզին»: Իցի՜ւ թէ առժամապէս:

- Դուք ձեր վերջին քերթուածըՙ «Թուղթ չափաբերական»ը գրած էք արեւմտահայերէն: Ինչո՞ւ մետասաներորդ ժամուն այս վերադարձը ձեր առաջին գրքի լեզուին:

- Այո՛, մետասաներորդ ժամուն, երբ մօտ է երեկոն, քանի որ «կէսօրն անցած է շատոնց»: Խնդիրն այն է, որ երկար, շա՜տ երկար տեւեց հայ բոլշեւիկ սատրապներուն ալ միահեծան իշխանութիւնը, որու տարիներուն կէսէն աւելին բաժին ինկաւ նաեւ ինծի: Սակայն անցնինք. «Ա՛լ մի՛ յուզեր վէրքս, մայրի՛կ»,- ինչպէս կ՛երգուի մեր քաղաքային երգերէն մէկուն մէջ: Գալով այն հարցին, թէ ինչո՛ւ վերադարձայ արեւմտահայերէնին: Նախՙ պատեհ առիթի կը սպասէի վերջապէս ու վերջնապէս նաեւ հրապարակաւ համբուրելու համար մօրս եւ Պէյրութի Սահակեան վարժարանին մէջ հայերէնի սիրելագոյն ուսուցիչիս լեզուն, որ անոնց բերնէն կը հոսէր, ինչպէս «ջուրն աներկմիտ երանութեան»: Երկրորդ, ի շարս այլ բարեմասնութիւններու, ինծի համար արեւմտահայերէնի հանճարն է անոր բացառական հոլովը, զոր շատ կը սիրեմ, եւ որ թէք զառիթափի, կարմրածառի կարծր բունին իջնող կացինի եւ զինուորական նուագախումբի մը ծնծղաներուն պէս կտրուկ է, սուր, զնգուն ու երկարաձիգ: Չեմ գիտեր աւելի պարզ ու բարդ, աւելի սրընթաց, աւելի ցնծուն ու անպարագիծ բանաստղեծական տուն, քան Մ. Մեծարենցի «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր...» քերթուածին վերջին եռատողըՙ համա՜կ բացառական (բայց արակա՛ն) հոլով.

Ճամբաներէն, ու գետերէն, ու դաշտերէն,

Անտառներէն, ու լեռներէն, ու ձորերէն,

Տանիքներէն, ու տուներէն, ու դուռներէնՙ

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական:

Խնդրեմ, վերարտադարեցէ՛ք որեւէ լեզուով: Մալարմէի aboli bibelot-ն չէ ասիկա. անհունօրէն աւելի դժուար: Եւ դեռ ըսողներ կան, թէ քերականութիւնը վիզը ոլորելիք անասուն է:

Ի՜նչ խօսք, վերոյիշեալ եւ այլ կէտեր շատ կարեւոր են, հակառակ անոր որ, ըստ բոլոր գրախօսներուս, ես արեւլահայերէն գրելով ալ գրեթէ արեւմտահայերէն եմ գրած: Այնպէս որ, վերադարձս մասնակի է միայն: Նոր կտակարանի Անառակ որդւոյն մեղայականին չի նմանիր:

Ահա՛: Հաւանութիւն չէ՞ք տար:

- Ինչո՞ւ: Կամքը ձերն է: Չէ՞ որ լեզուն ամենամեծ ազատութիւնն է գրողին:

- Շնորհակալ եմ:

Հարցազրոյցը վարեցՙ

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #12, 29-06-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ