ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆ. ԱՔՍՈՐԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ «Աբրահամ Ալիքեանը, առաջիններից ու եզակիներից մէկը մեզանում, առաջին իսկ հնարաւորութեամբ յայտնում է իր ցաւն ու դառնութիւնը, գրելով «Կարմիր ագիտացիայի եւ սպիտակ ակացիայի մասին» դառնութեամբ լի յօդուածը, պահանջելով ասել ճշմարտութիւնը եւ հաշիւ պահանջելով Անդրանիկ Թէրզեանի, Հրանտ Տէւէճեանի եւ շատ-շատերի համար: Բայց ճահիճը լռում է, եւ բորբոսը, սովետական կեանքի դափնեկիր ու պսակաւոր բորբոսը շարունկում է ծաղկել»: ԵՈՒՐԻ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Ձեռքերու մէջ սեղմուած գիրք է, աղօթագիրք է: Աքսորի վկայարան: «Բռնէ-բռնէ»ի տարիներու գիրքն է: Կարմիր տարիներու կարօտը եւ բոցավառ աղմուկը կայ այդ գիրքի եզերքներուն: Կարմիրը ես ու դուն կը ծաղրենք, կարմիրէն ես ու դուն կը զզուինք, որովհետեւ կը մտածենք, որ հոն արգելքներ կային. հոն կրնայիր կորսնցնել անունդ, դառնայիր փոշի, դառնայիր շոգի ու հեռանայիր հրապարակէն: Բայց առնուազն կար հրապարակ: Բայց առնուազն կային մարդիկ, որ կը կարդային, կար մասսա, հանրային կարծիք ու նման բաներ: Աբրահամ Ալիքեանը քանի տարի պիտի իր գրածները պահէր հողին տակ: Քանի տարիներ պիտի խուսափէր, որպէսզի անունը մնար մութին, չլսուէր այդ անունը ու ինք որպէս վիրաւոր բանաստեղծ, հեռու իր ազգակիցներէն կամ անոնցմէՙ որ նոյն լեզուով կը խօսէին: Ռուսները կը պահէին զինք: Ռուսները փայփայեցին զինք: Հասկցան զինք: Առնուազն փորձեցին հասկնալ: Հիմա ի՞նչ ժամանակ է: Մեր ժամանակը Աբրահամ Ալիքեանի ժամանակին մէ՞ջ է արդեօք: Մենք մեր գրական լռութիւնները արդեօք իր ժամանակի սլաքներուն յարիր կը պահե՞նք: Կ՛առնչե՞նք արդեօք մեր մեծ սպասումները իր աքսորին, իր վիրաւոր կեանքին ու զօրեղ բանաստեղծութեան վէրքին հետ: Ինք բացակայ է քիչ մը: Մենք չենք հանդիպիր իր անունին: Թերեւս ան սա պահուն իր լռութեանը մէջ կը գրէ նոր գործեր ու ադամամութին, իր սիրած բառն է ասիկա, կը ստորագրէ նոր տաղեր ու նոր երգեր: Թերեւս լռած է, կամ հին վէրքերուն ճերմակ, բարակ շղարշը կը քաշէ, որ յանկարծ չպատահի, որ բացուի կարմիր վէրքը ու հոնկէ արիւնաթարախ հոսի նորէն ... Իր գիրքը միշտ ալ իմ ընկերս է, կողքն արդէն դարձած է վիրաւորՙ միշտ տանիլ-բերելէն: Հերոնիմոս Պոսխի նկարին կողքով այս գիրքը մեր ժամանակներու ամէնէն բոցավառ գիրքերէն մէկն էՙ անով կ՛աւարտի մեր բանաստեղծութեան փայլուն մէկ շրջանը, անով Ալիքեան կը բանայ նոր առագաստներ: Անով խարիսխ կը նետէ աքսորին տրուած բանաստեղծութեան մեծ նաւուն: Ան իր խօսքով կը դառնայ միակը, որ պիտի երգէ աքսորը ու պատմէ այն կեանքը, որ հարիւր եւ աւելի բանաստեղծներու աքսորական ժամանակներուն մասին է: «Ծղրիթը» կը կոչուի գիրքը: Կտրուած են թեւերը, ոտքերը կը ցաւին, ներբաններն արեան մէջ կորած են, բայց չի կորսցներ իր հաւատքը եւ պայծառ գալիքի յոյսը: Այսօր Ալիքեան կ՛ապրի իր մինակութեան ամէնէն խոր պահերը, լռութեամբ, բացակայութեամբ եւ անտեսումով: Սակայն այս բոլորը չեն կրնար խանգարել աշխարհին ըսելու, որ ան մեր բանաստեղծութեան ամէնէն վաւերական դէմքերէն մէկն է: Չըսելու համարՙ ամէնէն վառը, ամէնէն աքսորականը, ամէնէն բանաստեղծը: «Ծղրիթը» հատորը կը բաղկանայ երկու բաժիններէ: Առաջին բաժինը կը կոչուի «Ծղրիթը», որ տպագրուելէ առաջ, Ալիքեան երկար տարիներ պատսպարած ու պահած էր Մոսկուայի ցուրտ սեւահողերուն տակ, երկրորդ բաժինը կը կոչուիՙ «Թուղթ Չափաբերական»: Պոէմը նուիրուած է երանաշատ լուսակիրի մըՙ Վահէ Օշականին: Ալիքեան այսպէս կը բանայ իր պոէմըՙ «Սիրելի Վահէ՛, այսօր երազիս տեսայ ցայգային Սան Ֆրանսիսքոն Եւ դեռ հեռաւոր քու աքսորանքըդ իմ աքսորիս քով, Ինչպէս աշխարհի ծայրին, պրկուած քաղցով վագրերու, Եղջիւր եղջիւրի հիւսած սրսփուն զոյգ մը եղջերու: Բարեկա՛մ, մենք չէ որ ընտրեցինք այս աքսորն ի վերջոյ, Սակայն ջանացինք, որ ան ըլլայ միշտ երկինքին նման աստուածահաճոյ: Քուկըդ եղաւ լերկ կղզեակի մը պէս, ուր կ՛ապրէր բարի ոգի մը գոնէ, Մինչ իմինիս մէջ վխտացին միայն պէս-պէս Գորգոններ, Որոնց նայուածքէն կ՛եռային քարեր, թանձր քափ կապած, Եւ դժոխքին մէջ անթրոց-ակիշով կը զնգացնէին կաթսայ ու տապակ»: Ես աքսորն այսքան սեղմ, այսքան սրտաճմլիկ ու այսքան ուժեղ տողերով չէի պատկերացուցած: Այն, ինչը որ կրցած է Ալիքեան ընել, ուրիշ ոչ ոք կարողացած է տալ: Ու կարեւոր է, որ այսօր խօսուի այդ մասին, որպէսզի ներգաղթի էջին վրայ լոյս սփռելով, սորվինք անոր դասերէն: Այսինքն ճշմարտապէս գնահատենք ներգաղթին պատճառած ահն ու վիշտը, նաեւ մատնացոյց ընենք անոր ծանր հետեւանքներըՙ մեր մտաւորակութեան ուսերուն .... Ալիքեանի աքսորը, իր անցած ուղին, իր անցեալն ու փախուստը Երեւանէն, հին երազները, մանկութիւնն ու Պէյրութը եւ մանաւանդ կարմիրներուն արգահատելի արարքները, միտուած պատժելու, նոյնիսկ ոչնչացնելու զինք, արեւելահայ արեւմտահայ անիմաստ կռիւն ու առկայ տարբաժանումները, նոյնիսկ կարմիրներուն պղծումը խաչին ու հաւատին ... Մէկ խօսքովՙ խորհրդային կարմիր շրջանի ամբողջ պատկերը, ամբողջ աքսորը եւ ամբողջ ոդիսականը, որ դրուած են այսօր տարիներու բեռան տակ կքած Աբրահամ Ալիքեանի վիրաւոր ուսերուն: Մեր մօտ Ալիքեան աքսորի գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչն է: Ապրած է ներգաղթը. կտոր մը հող, կտոր մը հայրենիք փնտռելու կրակով է, որ ան ճամբայ ելած է դէպի երկիր... Բայց ինչ փոյթ, երբ այդ կարմիր երկիրը չէ կրցած պահել նոյնիսկ մէկ բանաստեղծ... Այդ երկիրը, նոյնիսկ չէ կրցած պահել փոքր երազ մը արեւմտահայ ծիներէն, փոքր յուշ մը գաղթականի աչքերէն .... Ալիքեան գիտէ, որ աքսորը պարտադրեալ է: Պոէմի սկիզբը համեմատութեան եզրեր կը փորձէ որոնել իր ու Վահէ Օշականի աքսորներուն միջեւ: Աքսորը իրեն համար այլեւս լալու տեղիք չէ, չի կրնար ըլլալ: Աքսորը ապրելու նոր եղանակ մըն է, ըլլալու, գոյանալու, եղած գոյութիւնը հաստատելու ձեւ մըն է: Աքսորի մէջ է Ալիքեան, յաւիտենական աքսորի մէջ, մենք ալ մասնակից ենք այդ աքսորին, հայրենիքը այսօր ալ մեզի համար շօշափելի իրականութիւն ըլլալու երակը չունի: Կամ ունի թերեւս եւ մենք չենք ուզեր տեսնել ատիկա: Ի՞նչ էր հայրենիքը Հայաստանըՙ Աբրահամ Ալիքեանի սերունդին համար, Հայաստանըՙ որ պիտի դառնար փրկութեան օղակ, կը դառնար կարմիր երիզով անէծքի գօտի, այդ գօտին էր, որ կը սեղմէր իր իրանը, կը սեղմէր իր կոկորդը, կ՛ուզէր լռեցնել զինք: Ալիքեան կուսակցական պատկանելիութիւն չէ ունեցած, ուզած է Հայաստան վերադառնալ, որովհետեւ հաւատացած է հողին: Եւՙ ի՞նչ ընէր: Մնա՞ր արդեօք Սփիւռքի անդէմ պարտէզներուն մէջ: Արդեօք մնա՞ր: Ի՞նչ պիտի ըլլար իր կացութիւնը, մէկը, որ սիրեց բառը սկիզբէն, շատ հինէն, մէկը որ ապրեցաւ բառին սնունդով, բառին զօրութեամբ: Պիտի տառապէր, պիտի քամուէր սպիտակ էջին վրայ, պիտի հալէր խարոյկին վրայ տարուբերուող երէին պէս ... Ու այս աքթին, վերադարձին դիմաց ան պիտի խմէր ճակատագրի կարմիր բաժակէն: Եւ ինչ փոյթ այս բոլորը, որովհետեւ ան հաւատացած էր իր ճակատագրին ու ճակատագիրը իրեն համար չէր կրնար խուսափելու պատուհան դառնալ ... Աբրահամ Ալիքեան ոչ թէ ընտրած էր բանաստեղծութիւնը երգելու համար, այլ ընտրած էր աքսորը: Սկիզբը աքսորը իր ծննդավայրէն, յետոյ աքսորը իր մանկութենէն, աքսորը որպէս հայրենիք դաւանուած եւ հայրենիք սահամանագծուած հողակտորէն, յետոյ աքսորը հիւսիւսի իր «պատսպարանէն»- Մոսկուայէն, յետոյ աքսորը առժամեայ բնակարանէն, դէպի Ֆարայա, Պիքֆայա եւ այլուր... Աքսորներու ընտրանի եւ ընտրեալ աքսորական: Եւ այս ամէն հանգրուանի Ալիքեան կը սիրէր ընտրել խորագիր մըՙ աքսորի մութնլոյսին կերոն մը բոցավառելու համար... Ամէն աքսորակայանի համար գիրք մը կը տպագրէրՙ ցոյց տալու համար իր խաչելութեան դժուարին արահետները: Եւ այսօր, երբ իր մենութեանը մէջ, իր լռութեանը մէջ փակուած բանաստեղծը կ՛ապրի արեւային իր ժամանակը, մեծ կորուստներու, մեծ լքումներու եւ մեծ լռութիւններու իր ամբողջական ժամանակը: Անոր սիրտը վիրաւոր է եւ աքսորեալ, անոր բառը արցունքի կթարանն է: Եղած ու անցած բոլոր ճշմարիտ ձայներուն մօտ, անոր բողոքը յաւիտենական աղօթքի մրմունջին պէս է: Չի բողոքեր եւ չի տարաձայներ: Չի կռուիր իր ճակատագրին դէմ: Հաշտ ինչպէս ձնծաղիկը, ընդունակ ինչպէս տերվիշը եւ համակերպողՙ ինչպէս հզօր մայրին: Փոթորիկներէն չինկաւ Աբրահամ Ալիքեան, որովհետեւ գիտցաւ, որ ինք ամէնէն առաջ ու վերջ, սկիզբէն եւ ի յառաջագունէ աքսորի բանաստեղծն է: Մնաց այդ պատնէշին վրայ, աղօթեց Վարուժանով եւ Ատոմ Եարճանեանով, անոր աչքերը թրջուեցան, երբ խօսեցաւ երկրի գրականութեան մասին: Բայց չլացաւ: Այսքան խօսելէ ետք աքսորին մասին, նկատելի է նաեւ, որ Ալիքեանի համար ապրուած այդ աքսորն ու ինքնաքսորը տանելի են դարձած, որովհետեւ օր մ՛իսկ ան ինքզինք լեզուէն դուրս չէ արտօնած տեսնել, այսպէս կը գրէ գրականագէտ Եուրի Խաչատրեանը իր մասին Երեւան հրատարակուածՙ «Աբրահամ Ալիքեան ՙ Հանդիպակաց ափեր» շահեկան հատորին մէջ. «Աբրահամ Ալիքեան տասնեակ տարիներ ապրել է Հայաստանից դուրս, Հայաստանից հեռու, բայց ապրել է հայոց մեծասքանչ լեզուի մէջ, ասել թէ եղել է մշտապէս իր տանը, մշտապէս ապրել գրականութեան մէջ եւ գրականութեամբ»: Ուրեմն լեզուն է իր տունը, իր մնայուն ամրոցն ու հայրենիքը: Ան Վահէ Օշականի գործը պարփակող եւ Պէյրութ հրատարակուած «Հատընտիր»ին իբրեւ նախաբան ընտրած էրՙ «Զարմանալի Վահէ Օշականը» խորագիրը, բայց այսօր, երբ բաց աչքերով խօսինք ու գրենք իր մասին, պիտի ընդունինք, որ մեր տետադաշտին մէջ ան է անպարտելին ու տեղի տալ չգիտցողը, զարմանալի Աբրահամ Ալիքեանը: Զարմանալի, որ հակառակ տարուած բոլոր խաչակրութիւններուն մնաց իր բարձրութեանը վրայ եւ ոչ մէկ օր բացակայեցաւ գիրի աղօթամատեանէն: Մնաց այդ պատուանդանին վրայ, մնաց իր բառով, իր զոհողութեամբ, մնաց իր էութեամբ եւ իր աքսորով... Որովհետեւ ան մինչեւ ծայր, մինչեւ վերջն աշխարհիՙ Աքսորի բանաստեղծն էր: Պէյրութ, 2012 թ. Նկար 1. Տարեդարձՙ ծերանոցում, հավատարիմ ընկերների հետ: |