RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#010, 2013-06-01 > #011, 2013-06-15 > #012, 2013-06-29 > #013, 2013-07-13 > #014, 2013-07-27

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #12, 29-06-2013



Հրաժեշտ

Տեղադրվել է` 2013-06-29 00:57:45 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 987, Տպվել է` 17, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 15

ՏԽՈՒՐ, ՏԽՐԱԳՈՅՆ ԹԱՂՈՒՄ

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

Իսկենտերունի ծովափէն նետուած ալիք Աբրահամ Ալիքեանը իր ծնողներուն հետ, որպէս նոր տարագրութեան նշաւակ, իր շունչը Պէյրութ առաւ:

Անբախտ բախտաւոր մըն էր ան: Անբախտ` տարագիր ըլլալուն եւ բախտաւորՙ իր երկրորդական ուսումը Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ ստանալուն` աշակերտելով Լեւոն Շանթ ուսուցչապետին ու Նիկոլ Աղբալեանին:

Աբրահամը, բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը թեւին տակ ներկայացաւ իր խոհուն ուսուցիչին` Նիկոլ Աղբալեանին եւ իր գիրքէն օրինակ մը անոր մակագրելով, յարեց. «Այսօր կը մեկնիմ Հայաստան»: Տարին 1947 էր:

Ալիքեանն էր ինծի պատմողը. «Թանկագին ուսուցիչս ինծի ըսաւ.- Տղաս, կեանքիդ լաւագոյն որոշումը առած ես, բարով երթաս»:

Ալիքեանը խանդավառութեամբ նաւ բարձրացաւ: Հասաւ Մայր հայրենիք: Օրերը գեղեցիկ չէին:

Հայրենասիրութեան կրակէն բոց առած տասնեակէ աւելի գրողներ Սուրիայէն ու Լիբանանէն իրենց վերջին կայանը եկած էին: Անոնք զիրար գտան հայրենի հողի վրայ, մտերմացան, միասին լացին ու խնդացին: Երդուեալներ էին: Աբրահամ Ալիքեանը շուտով կապ հաստատեց Անդրանիկ Թերզեանի եւ Արամ Արմանի հետ: Երեք բանաստեղծներն ալ հրատարակուած գիրքեր ունէին Հալէպի ու Պէյրութի մէջ:

Յանկարծ, անշուշտ` ոչինչ կը պատահի յանկարծ, երեք բանաստեղծներէն մէկը` Անդրանիկ Թերզեան, երբ ուշ գիշերին Արամ Արմանի տունէն մայթի մը վրայէն հանդարտ քալելով դէպի իր բնակարանը կը փութար, արկածահար կը տապալի...

Խիտ մշուշ մը կը պատէ Թերզեանին ընկերները: Ցնցուած են:

Արամ Արման կը դառնայ ինքնամփոփ: Շնորհալի բանաստեղծը գրեթէ կը դադրի գրելէ, իսկ Աբրահամ Ալիքեան կը հաստատուի Մոսկուա, ուր աւարտելէ ետք Մաքսիմ Գորքի անուան համաշխարհային գրականութեան համալսարանը, նոյն հաստատութեան դասախօսներէն մէկը կը դառնայ մինչեւ 1991: Կատաղի ընթերցող, Ալիքեան կապ կը հաստատէ ռուս գրականութեան ժամանակի կարեւոր գրողներուն հետ: Իր սիրած մթնոլորտին մէջ էր: Կը կարդայ անյագօրէն:

Հայրենիքը անպատասխան չի թողուր զինք` լոյս կը տեսնեն իր յաջորդական գիրքերը, բոլորն ալ բանաստեղծական հատորներ, բոլորն ալ միտքի շողարձակում: 1991-ին, Մոսկուայի մէջ առաջին կինը կորսնցնելէն ետք, կը վերամուսնանայ դարձեալ ռուսազգի կնոջ մը հետ, երբ արդէն մանչ մը` Վարուժանը ունէր, ապա շրջանի մը համար կը մեկնի Ֆրանսա, այնուհետեւ կը վերադառնայ հոն` ուրկէ մեկնած էր դէպի հայրենիք:

Տեղական մամուլը յօդուած կը գրէ Աբրահամ Ալիքեանի մասին, նշելով, թէ Աբրահամ վերադարձաւ իր տունը` Պէյրութ: Յօդուածը ձեռքիս կ"երթամ Ալիքեանին մօտ` Պուրճ Համուտի իր տունը: Խումբ մը գրողներ կային հոն, որոնցմէ կը յիշեմ Պէպօ Սիմոնեանը: Յօդուածը Ալիքեանին երկարելով կըսեմ. «Սիրելի Աբրահամ, քու տունդ Պէյրութի մէջ չի կրնար ըլլալ, քու տունդ Երեւանի՛ մէջ է, կա՛յ ու կը մնայ այնտեղ»:

Նոյն օրը իր մօտ ընկերներ կային, որոնք շատ յստակ ըսին իրեն.

- Այս տունը մեզի պէտք է, հաճիս պարպէ եւ քեզի համար ուրիշ բնակարան գտիր:

Շշմած էր Ալիքեանը: Մոսկուայի ամէնէն նշանաւոր համալսարանին մէջ դասախօս էր ինք եւ տուն ունէր Պրոսփեկտ Միրա պողոտային վրայ: Իսկ հիմաՙ Պուրճ Համուտի փոքրիկ տունէն դուրս կը հրաւիրուէր...

Արամ Ա. կաթողիկոսը Աբրահամ Ալիքեանը հրաւիրեց որպէս հայ մատենագրութեան ու գրականութեան դասախօս, Անթիլիասի մայրավանքի ուսանողներուն համար: Ալիքեանին սիրած գործն էր: Մինչ այդ լոյս տեսած էին անոր բանաստեղծական «Աչքեր», «Նժար», «Արեւմաղ», «Ֆարայեա», «Հեզ իրիկուն» գիրքերը, վերջինը հրատարակուած Պէյրութ 1995-ին ու վերահրատարակուած Երեւան` 2008-ին, ձեռամբ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի:

Միաժամանակ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանը վերլուծականով մը լոյսին կը բերէր Աբրահամ Ալիքեանի արձակ գործերէն ծաւալուն փունջ մը «Հանդիպակաց ափեր» խօսուն վերնագիրին տակ: Ալիքեանը պատանի հասակէն ծանօթ ըլլալով ֆրանսերէն լեզուին, կատարած է նաեւ բազում թարգմանութիւններ, հայերէնի վերածելով գործեր Շառլ Ազնաւուրէն, Անտրէ Սթիլէն, Անտրէ Մորուայէն, Ռոժէ Մարթէն տիւ Կարէն...

Կը պատահի անխուսափելին: Ալիքեանը նաեւ տարիքի բերումով ֆիզիքապէս կը տկարանայ: Վերջին տասնամեակին ան իր ընտանիքին հետ կապրի Ֆարայեա ու Պիքֆայեա գիւղերուն մէջ, ուր քիչեր կ"այցելեն զինք: Արդէն աշխատելու անկարող, իրմով հետաքրքրուող չէր մնացած այլեւս: Անշուշտ բացառութեամբ մէկ քանի մտաւորական անձանց, որոնք երբեմնակի այցելութիւն կու տային իրեն:

Կինն ու զաւակներէն մին ալ զինք թողլքելով մեկնած էին Մոսկուա, եւ յայտնի բանաստեղծը դարձած էր Պուրճ Համուտի հայոց ծերանոցի բնակիչ: Փոքր եղաւ զինք այցելողներուն թիւը: Իր տաղանդը գնահատողներէն մէկը Լեւոն Արտազեանն է, որ իր հետեւողական ու ամէնօրեայ այցելութիւններով ուրախացուց բանաստեղծը: Զինք այցելեցին նաեւ Երեւանէն եկող մտաւորականներ:

Չենք կրնար ըսել, թէ ազգը նկատի չէ առած բանաստեղծին վիճակը: Լիբանանի ՀԲԸՄիութիւնը տարիներով որոշակի գումար յատկացուցած է բանաստեղծին: Նոյն շրջանակէն անոր այցի կ"երթային նաեւ կարգ մը մտաւորականներ: Անոնցմէՙ նաեւ հայրենի վիպագիր Էդուարդ Գրիգորեանը:

Հալէպէն գալով ես եւս այցելութիւններ տուած եմ բանաստեղծին: Առաջին այցիս ան տխրօրէն ըսաւ.

- Յաջորդ գալուդ ատրճանակ մը բեր, որ վերջ տամ այս փուճ կեանքիս:

Երկրորդ այցելութեանս մեր մոսկովեան բազում հանդիպումները վերյիշեցինք, հայ մտաւորականներու, մանաւանդ գրաքննադատ Յակոբ Սալախեանի ու ռուսագիր Տանկուլովի հետ հանդիպումները...

- Ո՞ւր է ատրճանակը,- յարեց Ալիքեան:

Այդ սեւեռուն միտքը իրմէ վանելու համար Ֆարայեայի մեր հանդիպման մասին կը յիշեցնեմ, երբ արձակագիր - թարգմանիչ Կարպիս Սուրէնեանին հետ էինք: Երրորդ հանդիպումիս պարզապէս թոյլ չտուի, որ տխուր հարցեր տայ: Ձեռքս առի իր «Հանդիպակաց ափեր» գիրքը եւ բարձրաձայն սկսայ կարդալ... յիսուն էջ:

Ժպտեցաւ: Այդ ժպիտը հետս է...

- Ինչպէ՞ս գտար արձակս, - եղաւ իր հարցը:

- Փայլուն,- կ"ըսեմ,- նաեւ մաքրամաքուր հայերէն:

Չէի կրնար գիտնալ, որ մեր վերջին տեսակցութիւնը պիտի ըլլար:

Եւ ահա, տխուր, շշմեցնող գոյժը` ոչ եւս է բանաստեղծ ու խոհագրող Աբրահամ Ալիքեանը:

Տարին 2013, յունիս 15, թաղումըՙ յունիս 17-ին: Գուցէ հարազատները գան: Կու գայ միայն Շանթ որդին արաբական այլ երկրէ մը: Պուրճ Համուտի Ս. Սարգիս եկեղեցիին մէջ հաւաքուած ենք քսանմէկ հոգի, անուններով չյիշեմ` ներկաներէն ութը մտաւորականներ են: Լեւոն Արտազեանը հեռաձայնած է Անթիլիասի կաթողիկոսարանՙ գոյժը յայտնելու եւ իմանալու, թէ ի՞նչ պէտք է ընել:

Պատասխանը կ"ըլլայ. - Ծերանոցը գիտէ ի՛նչ ընել...

Տխուր, տխուր, տխրագոյն թաղում: Երբ կ"ըսենք «թաղում», բնականաբար կը հասկնանք, որ հողին պէտք է յանձնուի բանաստեղծին մարմինը:

Պուրճ Համուտի հայոց գերեզմանատուն, վերջին աղօթք մատրան մէջ ու... չկայ այն հողը, ուր պէտք է պահ տրուէր հայ մտաւորականին մարմինը: Զայն կը յանձնեն մետաղեայ խողովակի մը...

Հայ բանաստեղծը հող չունեցաւ:

Մինչ Փարիզէն ժամանած հայ մտաւորական տիկին մը բարձրաձայն ըսաւ. «Աբրահամ Ալիքեանին դագաղը Անթիլիասի մայրավանքէն պէտք է բարձրանար եւ աշակերտներէն գէթ մէկ քանին հոս ըլլալու էին»:

Արդար, բայց չիրականացած բաղձանք: Մենք բանաստեղծը հողին չյանձնեցինք...

Սփիւ՛ռք, ի՞նչ անուն տամ քեզի...

Սփիւռք ես, էլի՜...

Յետոյ բանաստեղծին յիշատակը սուրճով մը պիտի յարգէինք ՀԲԸ Միութեան «Էհրամճեան» կեդրոնին մէջ: Մեզ հոն առաջնորդողը խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանը եղաւ: Մեր թիւը նուազած էր. բանաստեղծին որդին ալ չեկաւ...

Տխուր, տխուր պատմութիւն...:

Արդէն գերեզմանոցի մատրան մէջ իր խօսքը ըսած էր «Բագին» գրական ամսագիրի խմբագիր Յակոբ Պալեանը: Երբ սրճեցինք ու դուրս ելանք, դժուար կը քալէինք, գնդակահարուած էինք կարծես...

Արցո՛ւնք, ինչո՞ւ չորցար...

Պէյրութ, 20 յունիս, 2013

Նկար 1. Քահանան ներառյալ` ընդամենը 12 հոգի, երկաթյա խցիկին են հանձնում բանաստեղծին...

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #12, 29-06-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ