ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ Աբրահամ Ալիքեան ապրեցաւ աքսորը իր բոլոր ձեւերուն մէջ, քանի կատարեց անհաւանական վերադարձի փորձը երկիր: Եւ ճանչցաւ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ողբերգութիւնը: Հաստատեց որ «ա՛լ հայրենիք է միակ Աքսորն այսօր, ու վաղը, ու միշտ, ամէնո՛ւր»: Հարցումը մնաց անպատասխան. «Իրա՜ւ, ո՞ւր փախչիլ...» Քիչեր զինք կարդացին: Ծղրիթը լսելու համար... ականջ պէտք էր: Կամայ, ակամայ իրագործեց «անիծեալ ստուերի» ճակատագիր մը: Եթէ ամէն վաւերական բանաստեղծի հետ լեզուն ինքզինք կը յօրինէ, ամէն իսկական բանաստեղծի մահով կը կորսցնէ շերտ մը ինքն իրմէ: Ա. Ալիքեանի անհետացումը այս սուգն է որ կը նորոգէ մեզի: Փարիզ |