ԱՆԾԱՆՕԹ «ԱՐՇԱԼՈՅՍ»Ը ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ «Աւրորայի» մրցանակաբաշխութեան հետեւեցայ ու ի՜նչ մտածումներ խաչաձեւուեցան ուղեղիս մէջ: Ոչինչ գիտէի Աւրորա-Արշալոյս կոչուած այս աղջկան մասին, նոյնիսկ անունը չէի լսած, եւ յանկարծՙ հսկայ, գունագեղ պաստառ մը, որ ոլորուած, դրուած էր անկիւն մը, փոշիներու մէջ ու մոռցուած, կը բացուէր դիմացս, ամբո՛ղջ աշխարհի դիմաց: Աւրորա... Նոր ռազմավարական զէնք մըն էր ասիկա, երբ ամբողջ աշխարհը Ապրիլ 24-ի օրը, «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան առթիւ «Ցեղասպանութիւն» բառը լսեց օտար միջազգային ճանաչում ունեցող ականաւոր անձնաւորութիւններու կողմէ ու ինք ալ արձագանգեց: Դիմատետրին (facebook) մէջ մէկը գրած էր, որ ամբողջ աշխարհը հրեաներու ողջակիզման պատմութիւնը լսեց ու յուզուեցաւ կարդալով Աննա Ֆրանկի յուշերը, իսկ մենք, որ Աւրորա-Արշալոյսը ունեցած ենք, ինչո՞ւ նոյնը չենք ըրած: Երբ հանդիսութիւնը դիտեցի ու յաջորդող ժամերուն իրազէկ դարձայ աշխարհի լրատուամիջոցներու արձագանգին, հասկցայ այս նոր «զէնք»ին ուժը, որ աւելի ազդու էր, աւելի գերադաս ու համամարդկային, քան մեր աւանդական զէնքերը: Իսկապէս շնորհաւորելի են գաղափարը յղացողն ու կազմակերպիչները: Ահաւասիկ պայծառ օրինակ մը, թէ ի՛նչ կրնան ընել գործարար մարդիկ, եթէ ուզեն, եթե առիթ տրվի իրենց: Խելացութիւն է ժամանակին եւ պայմաններուն համեմատ փոխել աւանդական քարոզչութեան միջոցները: Տասնամեակներ ամբողջ որքան բեմերէն խօսեր ենք, որքան գրեր ենք, թէեւ ներքին սպառման համար, մենք մեզի համար, որպէսզի մեր ցաւը, մեր դատը չմոռնանք: Լաւ ըրած ենք: Հերթը եկած էր մեր շրջագիծէն դուրս հանելու եւ աշխարհին ծանօթացնելու մեր պահանջատիրութիւնը: Ըրի՛նք, օտարալեզու բազմահարիւր գիրքեր գրուեցան, ֆիլմեր պատրաստուեցան ու կարողացանք երկիրներու ուշադրութիւնը դարձնել մեր ուղղութեամբ, յաջողեցանք. քսանեակ մը պետութիւններ ճանչցան Ցեղասպանութիւնը: Չըսենք «Հարիւր տարի բան չըրինք». ըրի՛նք, սակայն հիմա արդէն յստակ դարձաւ, թէ յետայսու ինչ նոր զէնքեր պիտի ի գործ դնենք: Մեծ ժողովրդականութիւն վայելող մարդիկ, արուեստագէտներ, դերասաններ, մարզիկներ, հեռատեսիլի եւ համացանցի ճամբով ամէն տուն մտնող, միլիոնաւոր համակիրներ իրենց ետեւէն տանող համաշխարհային ճանաչում ունեցող մարդիկ... ասոնց պիտի սիրաշահինք, մեզի մօտեցնենք, մեր անունով խօսիլ տանք, որովհետեւ այս տեսակի մարդիկ աւելին կ՛ընեն, քան գիտաժողովներու մասնակից պատմագէտներ, գիտնականներ, կամ մտաւորականներ, որոնց ազդեցութիւնը, կամ մագնիսական դաշտը շատ սահմանափակ է, իսկ մեզի զանգուած պէտք է: Շառլ Ազնաւուր, Քիմ Քարտաշեան, Ճորճ Քլունի, Սիսթէմ օֆ է Տաուն եւ «Աւրորա»-ի նման համաշխարհային ճառագայթում ունեցող ձեռնարկներ, ասոնք աւելին կրնան ընել եւ ըրին: Դեռ որքան նշանաւոր, սակայն անծանօթ հայեր ունինք աշխարհի չորս կողմը. փնտռենք, գտնենք եւ օգտուինք անոնց ժողովրդականութենէն: Հին, աւանդական զէնքերը ատենը անգամ մը նորերով փոխարինելը ճիշդ ռազմավարութիւն է: |