ԻՆՉՈ՞Ւ ՀՈՆ ԵՎ ՈՉ ՀՈՍ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Երեւանեան այս ամառը երկրի քաղաքականութեան նման էր իր վերիվայրումներով ու անհանգիստ վիճակով, սակայն քանի սովորաբար օգոստոսը արձակուրդի յարմար ամիս է, տարուան մը աշխատանքային յոգնութենէ ետք մարդիկ կ՛ուզեն օդափոխուիլ եւ կազդուրուիլ, որպէսզի քիչ մը թարմացած վերադառնան իրենց աշխատանքներուն եւ իրենց երեխաներն ալ պատրաստ ըլլան սեպտեմբեր 1-ի դպրոցական առաջին զանգին: Ըստ մարդոց նիւթական կարողութեան, եղան Եւրոպական երկիրներ ճամբորդողներ, եղան նաեւ սահմանակից Վրաստանի ծովեզերեայ հանգստավայրերը ուղղուողներ, իսկ ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մնաց Հայաստան եւ բաւարարուեցաւ Սեւանով ու Դիլիջանով, կամ ալ շարունակեց աշխատիլ ու բաւարարուեցաւ մերձակայ պուրակներով: Ինծի ծանօթ երկու ընտանիք, որոնք Վրաստանի Սեւ-ծովեայ շրջանները այցելած էին առաջին անգամ ըլլալով, երբ վերադարձան, դրուատանքով խօսեցան այդ երկրին մէջ տիրող պայմաններուն մասին, մասնաւորաբար շեշտեցին որ կաշառք կոչուած բանը գոյութիւն չունի հոն, աշխատավարձերը շատ աւելի բարձր են բաղդատած Հայաստանի եւ շինարարութիւնը մեծ թափով առաջ կ՛երթայ: Սկիզբը լռելեայն ընդվզեցայ, որ մեր քիթին տակ գտնուող այս երկրին պայմանները մերինէն աւելի լաւ են, ապա ցաւ զգացի, երբ հաշտուեցայ իրականութեան հետ: Ինչո՞ւ Վրաստանի մէջ կարողացած են վերացնել կաշառակերութիւնը. ինչո՞ւ հոն տնտեսութիւնը աւելի բարւոք վիճակի մէջ է. ի՞նչ տուեալներ օգնած են, որ անոնք տարբեր ըլլան մեզմէ, երբ երկու երկիրներն ալ խորհրդային համակարգէն միեւնոյն ժամանակ դուրս եկան: Վրաստանը, որքան գիտեմ, մասնաւոր հանքային հարստութիւններ չունի, սակայն ծով ունի. արդեօք այդ արաւելութիւնը բաւարա՞ր է զինք այնքան մը բարեփոխելու, որ տարբերութիւնը այսքան ակնյայտ ըլլայ, որ պարզ այցելուն իսկ կարենայ նկատել: Անոր յարաբերութիւնները սահմանակից Ռուսիոյ հետ լաւ չեն, սակայն իր դռները լայն բացած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գործարարներուն առջեւ: Ամէն քայլափոխի թրքական դրօշակներով զարդարուած խանութներ ու ճաշարաններ կը տեսնես ու կը զարմանաս, թէ ինչո՞ւ այս քրիստոնեայ երկիրը հայերուն հետ լաւ չէ, սակայն հայերու թշնամիներուն հետ սիրաբանութիւններ կ՛ընէ: Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսը Թիֆլիս դարձնողները մեր հայերն էին, երբ ԺԹ դարու մեր ամբողջ արեւելահայ գրականութիւնը հոն զարգացաւ, մեր դպրոցները, թերթերը, մեր թատրոնը... Մէկ խօսքովՙ մեր մշակոյթը հոն փայլեցաւ Սայեաթ Նովայէն մինչեւ Թումանեան ու Վերնատան անդամները: Իսկ այսօր մեր դէմ ատելութիւն ունին, այնքան մը, որ մեր մեծերուն գերեզմանները վանտալիզմի ենթարկուեցան վրացի խուլիգաններու կողմէ: Ու հիմա նախանձով կը տեսնենք, թէ ինչ դրական բարեփոխումներ կատարուած են հոն զանազան մարզերու մէջ եւ երկիրը ինչ յառաջդիմութեան մէջ է: Եւ դարձեալ մեր գանկերուն մէջ կը հնչէ նոյն հարցումըՙ «Ինչո՞ւ իրենք եւ ոչ մենք»: Չի՞ բաւեր որքան պառկեցանք մեր անցեալի փառքերուն վրայ, ժամանակը չէ՞ ոտքի կանգնելու եւ ներկան փառաւորելու թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ մշակութային բնագաւառներուն մէջ դրական մեծ փոփոխութիւններ ընելով: |