ԿԱՆԱՆՑ ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ճամբորդութեանց ժամանակ, ճամբորդողներուն ճամպրուկները տեղաւորելու համար փոխադրակառքերը յատուկ տեղեր ունին, որպէսզի պայուսակները մարդոց հետ չբարձրանան եւ տեղ չգրաւեն ու չանհանգստացնեն զիրենք: Երանի այդպիսի կարգադրութիւն մըն ալ ընեն քաղաքի փոխադրակառքերուն, հանրակառքերուն եւ երթուղայիններուն մէջ, քանի որ այս օրերուն կիներուն պայուսակները սկսած են ճամպրուկներու հետ մրցիլ... Կին, կամ աղջիկ չկայ, որ փոքր նաւակի մը մեծութեամբ պայուսակ մը անցուցած չըլլայ թեւէն, կամՙ կախած ուսէն: Այս նաւականման, երբեմն սնտուկանման, կամ մուրացկանի խուրջինը յիշեցնող պարտապանաց պայուսակները, բացի իրենց գրաւած տարածքներէն, չեն ենթարկուիր որեւէ հսկողութեան կամ նրբանկատութեան, կը շարժին ամենայն ազատութեամբ ու կը ճօճուին աջ ու ձախ, ասոր-անոր գլխուն զարնուելով, մազերը խառնելով, գլխարկներ տեղահան ընելով, յատկապէս, երբ դուն նստած ես ու անոնք միջանցքէն կ՛անցնին իրենց տիրուհիներուն հետ: Ասիկաՙ նրբամարմին տիրուհիներու պարագային, իսկ եթէ տիրուհին առանց «նրբա»-ի, միայն «մարմին» է, այդ պարագային Աստուած օգնէ նստողներուն եւ անցքին մէջ ոտքի կեցողներուն: Ինչ լաւ էր ժամանակին, երբ կիները պճլիկ պայուսակ մը կ՛ունենային իրենց ձեռքին, որուն մէջ, շատ-շատ թաշկինակ մը կ՛ըլլար, փոքրիկ հայելի մը ու շրթնաներկ մը: Այսօր, կանանց պայուսակները «հազար ու մէկ մանրուք» -ի խանութներէն ետ չեն մնարՙ թղթեայ թաշկինակները ծրարով, դիմայարդարման եւ արդուզարդի պիտոյքները լրիւ կազմով, բանալիներու տրցակ, յուշատետր, ճաշերու կամ թխուածքներու ու քաղցրեղէններու խոհագրերու տետր մը, թերեւս ընթերցանութեան գրքոյկ մը, լուսանկարներու պզտիկ ալպոմ մը, դեղի տուփ մը, աւելորդ զարդեղէն մը, ակնոցի տուփ մը, սենտուիչի կամ թխուածքի փաթեթ մը, որոշ պարագաներու յատուկ «սանիտարական» ծրարիկ մը եւ անպայման ափի մը մեծութեամբ բջիջային հեռախօս մը, զոր գտնելու համար ձեռքը նախորդ յիշածներուս մէջէն կը սողոսկի ու մինչեւ պայուսակին յատակը սուզուելով դուրս կը հանէ, երբ անոր քմահաճ զանգը, կամ Թաթային ձայնագրեալ երգերէն մին հնչէ: Հաւատացէք, այս բոլորը կրելն ու ասոր-անոր զարնուիլները ոչ մէկ անդրադարձ կ՛ունենան բեռնակիրին... ներողութիւն, պայուսակին տիրոջ կողմէ, ոչ իսկ ներողութիւն մը, կամ չքմեղանքի ժպիտ մը զոհին. ամենայն հանգստութեամբ կ՛անցնին ու կ՛երթան. եթէ քեզի պէտք է, դո՛ւն գլուխդ քաշէ ու կծկուիր: Պայուսակ չեն, պատուհաս են: Ի՞նչն է պատճառը, որ կանանց հագուստներուն յարատեւ կծկումին հակառակ, պայուսակները յարատեւ կ՛ընդլայնին. ներկայի կեանքը ա՞յդ կը պարտադրէ: Եթէ այսպէս շարունակուի, այսինքն եթէ տարիներու թաւալումին զուգահեռՙ երթալով պիտի մեծնան եւ ուռճանան պայուսակները, ապա օր պիտի գայ, որ անոնք ճամբորդական պայուսակներու վերածուին եւ անիւներու վրայ քաշուելովՙ հետեւին իրենց տիրուհիներուն: «Տրանսպորտի» նախարարութիւնը չի՞ մտածեր քաղաքի աւտոբուսները օժտել պայուսակներու զետեղման յատուկ խցիկներով... Առաջարկս ետ կը քաշեմ. քանի շատ անիմաստ է ու անիրագործելի: Կանանց պայուսակները իրենց մարմնին մաս կը կազմեն, կարելի չէ զանոնք բաժնել իրենց տէրերէն: |