RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#042, 2016-11-11 > #043, 2016-11-18 > #044, 2016-11-25 > #045, 2016-12-02 > #046, 2016-12-09

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #44, 25-11-2016



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2016-11-24 22:51:49 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 5758, Տպվել է` 504, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՈՉ ԵՒՍ Է ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ ԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ԴՈԿՏ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ

ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ, Պոստոն, նոյեմբեր 23, 2016

Կարճատեւ հիւանդութենէ մը վերջ նոյեմբեր 23, 2016-ին Պոստոնի մէջ իր հոգին աւանդեց բազմավաստակ հրապարակագիր եւ նուիրեալ ու գաղափարապաշտ ազգային գործիչ դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան:

Ան ծնած էր 1922-ին Գահիրէի մէջ: Իր հայեցի կրթութիւնը ստանալէ ետք Հելիոպոլսոյ Նուպարեան վարժարանին մէջ, աշակերտած է ֆրանսական Լիսէի մէջ: 1944ին ստացած է փաստաբանի վկայական եւ արձանագրուած է Եգիպտական խառն դատարանի մօտ: Ապա ուսման անյագ ծարաւով մեկնած է Ֆրանսա, ուր Փարիզի Պետական համալսարանէն ստացած է իր իրաւաբանութեան տոքթորայի վկայականը 1947ին: Ազգային նուիրումով տոգորուածՙ մտած է հասարակական կեանքին մէջ, աննկատ թողելով ասպարէզային այլ հնարաւորութիւններ:

Հաւանաբար իր թափառական կեանքին բերումով դոկտ. Պէրպէրեան չէ կարողացած ընտանիք կազմել: Իր ընտանիքը հանդիսացած են ազգն ու հայրենիքը:

Այնուհետեւ իր կեանքը հանդիսացած է համակ աշխատանքՙ ազգային ծառայութեան մէջ, գործելով իբրեւ հմուտ հրապարակագիր, բոցաշունչ հռետոր եւ գաղափարական առաջնորդ: Իր կեանքի շրջագիծին մէջ մտած են իրեն ժամանակակից ՌԱԿ-ի համարեա բոլոր գլխաւոր օրգանները - այսպէսՙ 1947ին ստանձնած է Փարիզի «Ապագայ» թերթի խմբագրութիւնը, ապա խմբագրած է հետեւեալ օրգաններըՙ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթը (1948-1958), Ֆրեզնոյի «Նոր Օր» եռօրեան (1958-1960), Պոստոնի «Պայքար» օրաթերթը (1961-1982): Միեւնոյն ժամանակ պատմուածքներ ու քերթուածներ հրատարակելով «Պայքար» տարեգիրքին մէջ, Բիւրակն ստորագրութեամբ:

1982-ին հանգստեան կոչուելէ ետք եւս բեղուն յօդուածներ եւ քաղաքական մեկնաբանութիւններ հրատարակած է Պէյրութի «Զարթօնք», Մոնթրէալի «Ապագայ», Երեւանի «Ազգ» եւ Լոս Անճելըսի «Նոր Օր» թերթերուն մէջ:

1941-ին անդամակցած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ իբրեւ երիտասարդ մտաւորական գործակցած է ժամանակի մեծերուն հետ, ինչպիսիք էին Միհրան Տամատեան, Վահան Թէքէեան, Էօժէն Բաբազեան, Ալ. Սարուխան եւ ուրիշներ: Միեւնոյն տարին անդամակցած է նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան:

Դոկտ. Ն. Պէրպէրեան հիմնադիրներէն մէկը եղած է Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի Թէքէեան մշակութային միութեան, որուն իբրեւ ցկեանս անդամ ստանձնած է դիւանի ատենադպիրի պաշտօնը զոր վարած է մինչեւ իր մահուան օրը:

Հանգուցեալի հարուստ վաստակին մաս կը կազմեն հազարաւոր խմբագրականներՙ ազգային, քաղաքական ու միջազգային հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ գրական յիշատակելի էջեր ու բանաստեղծութիւններ:

Նուպար Պէրպէրեան բազմաթիւ առիթներով արժանացած է մեծարանքի եւ գնահատանքի շնորհումներուն, ինչպէս իր պատկանած կազմակերպութեանց, նոյնպէս նաեւ համազգային մարմիններուն կողմէ -«Մովսէս Խորենացի» եւ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանները:

Առ ի գնահատանք իր անսահման ծառայութեան, ԹՄՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր «Պայքար» շէնքին վերանորոգեալ Արխիւային եւ հետազօտութեան կեդրոնը ձօնած է դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանին: Այդ բաժնին բացման օրը հանգուցեալը անակնկալօրէն անհանգստանալով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:

ԹՄՄիութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեան հետեւեալ արտայայտութեամբ բնորոշեց անոր կորուստը. «Հայութիւնը կորսնցուց հին դպրոցի չհինցող կորովով խմբագիր մը, աննահանջ պայքարող մը, անընկճելի զուարթախոհութեամբ բարեկամ մը եւ պատմութիւնը իր ուսերուն շալկած վաստակաւոր առաքեալ մը»:

Այս առիթով ԹՄՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը կու գայ իր զգածուած վշտակցութիւնները յայտնելու հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն, ու զինք սիրող բոլոր հարազատներուն:

***

Ռամկավար Ազատական կուսակցությունը, Հայաստանի ԹՄՄիության վարչությունը եւ «Ազգ» թերթի խմբագրությունը միանում են ցավակցություններին:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #44, 25-11-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ