ՄԵԾ ԼԵՌ, ՓՈՔՐ ՇՈՒՔ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Հարաւային Սուտանի Նուպա լեռներուն մէջ աշխատող ամերիկացի բժիշկ Թոմ Քաթինան արդեօք գիտէ՞ր Հայաստանի տեղը քարտէսի վրայ, կամ, ընդհանրապէս լսա՞ծ էր Հայաստան անունը, չեմ գիտեր, այդ մասին բան չեն ըսեր թերթերը, սակայն կ՛ըսեն, երբ Շառլ Ազնաւուր արտասանեց իր անունը եւ իրեն յանձնուեցաւ «Աւրորա» մրցանակը Երեւանի Կ. Դեմիրչեան համալիրի բեմահարթակին վրայ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին եւ մրցանակի հիմնադիր հայ բարերարներուն: Ազգ մը, որ դար մը առաջ նահատակուեցաւ, այսօր մարդկութեան անսակարկ ծառայութիւններ մատուցանող նուիրեալ անհատներ կը պատուէ, պարզապէս բարեգործութիւնը քաջալերելով, չարը խափանելու իր առաքելութեան մէջ: Համաշխարհային- համամարդկային այսպիսի կարեւոր իրադարձութեան մը արձագանգները իր մեծութեան չափով չեղան, գոնէ ես չտեսայ կարգ մը եւրոպական հեռուստակայաններէ: Հայկական առածը կ՛ըսէ «Մեծ լեռը մեծ շուք կ՛ունենայ», պարզ իրականութիւն մըն է, սակայն այս «լեռան» պարագային ինչո՞ւ անոր շուքը իր չափով չեղաւ, երբ միջազգային շատ մը «բլուրներ» կը ներկայացուին Հիմալայեան լեռներու շուքով... Շատ ասպարէզներու մէջ գրեթէ լուսանցքուած ենք, դուրս մնացած ենք լուսարցակի կլոր տարածքէն, եւ ասիկա մեր փոքր ազգ ըլլալու պատճառո՞վ է, թէ՞ ուրիշ պատճառ կայ: Երբ Արցախի հարցով, որպէս «ուրիշի տարածքը գրաւող», Հայաստանը դատապարտելու ալիք կը բարձրանայ, ամէն կողմէ կ՛արձագանգեն մեղադրողին ձայնակցելով: Իսկ, ինչո՞ւ այդպէս կ՛ըլլայ, մտածա՞ծ ենք ազգովին, կամ մեր պետութիւնը մտածա՞ծ է, թէ աշխարհ իրաւատէրը դատապարտելով, անիրաւին կողմը կը բռնէ... Ու այստեղ կու գայ շփոթը փարատող պատասխանըՙ ԴՐԱՄԸ... Ամենազօր, ամանակարող ազդակը, որ կրնայ լեռներ շարժել, ուր մնաց որ մարդոց բարոյականին վրայ չազդէ: Ուրեմն եթէ դրամ չկայ, արդարութի՞ւն ալ չկայ... Դժբախտաբար, այո՛: Euronews-ի նման հսկայ կայան մը կը թերանայ միջազգային մրցումներու մէջ առաջնութիւն շահած հայ մարզիկներու մասին լրատուութիւն սփռելու, անդին թրքական կամ ատրպէյճանական որեւէ նիւթ օրուան ընթացքին քանի անգամ կը ցուցադրուի.: Ասիկա դրամի պատճառով չէ, հապա ի՞նչ է: Անշուշտ ոչ միայն վերոյիշեալ բնագաւառներուն մէջ անտեսուած ենք, այլեւ գրականութեա՛ն, արուեստի՛, գիտութեա՛ն... Օտար երկիրներու մէջ ապրող հայեր պարտադրած են իրենք զիրենք իրենց անուրանալի մեծութեամբ, սակայն Հայաստանի պարագային նոյնը ըսել դժուար է: Ի՜նչ- ինչ գրական գոհարներ ունինք, որոնք ոչինչ կը զիջին շատ մը համաշխարհային գրականութեան մէջ ընդգրկուած գործերու, սակայն կը մնան դուրս: Սոլժինիցինի «Գուլակ Արշիպելակ»-ին ի՞նչ կը զիչի Մկրտիչ Արմէնի «Պատուիրեցին յանձնել ձեզ»ը, կամ Գուրգէն Մահարիի «Ծաղկած փշալարեր»ը. իմ կարծիքովՙ ոչի՛նչ, բացի այն հանգամանքէն, որ Սոլժինիցինը հակասովետ էր եւ երկրէն վտարուած: Այս պարագային ալ քաղաքական ազդակն էր, որ միջազգայնացուց զինք, ինչպէս պատահած էր Փասթերնաքի «Տոքթ. Ժիւաքօ»ին: Ոչ դրամ ունինք, ոչ ալ քաղաքականութեան մէջՙ խօսք... Սակայն անսպառ անհատ հանճարներ ունինք բոլոր ասպարէզներու մէջ ալ: Երեւի անոնց պէտք է ապաւինինք, որպէսզի երեւինք միջազգային հարթակի վրայ: |