RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#002, 2019-01-18 > #003, 2019-01-25 > #004, 2019-02-01 > #005, 2019-02-08 > #006, 2019-02-15

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #4, 01-02-2019



Տեղադրվել է` 2019-02-01 03:11:24 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2826, Տպվել է` 325, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՀՈՃԱՆ ԵՒ ՄԵՆՔ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Հոճա Նասրէտտինի պատմութիւնը յաճախ կը համընկնի մեր կենցաղին եւ արարքներուն: Մարդը իր երախային հետ էշով ճամբորդած ատեն, ինչ ձեւով ալ կը վարուի, միշտ մարդոց քննադատութեան առարկայ կը դառնայ: Իշուն վրայ ինք կը նստի ու տղեկը քալելով կը հետեւի իրեն, իսկ մարդիկ ամօթանք կու տան, թէ եսասիրութեամբ ինք հանգիստ նստեր է, իսկ խեղճ երախան կը քալէ: Ինք կ՛իջնէ ու երախան կը նստեցնէ իշուն վրայ, ու դարձեալ կ՛այպանեն, որ մեծ մը մարդը հետիոտն կը ճամբորդէ, մինչ երախան հանգիստ նստած է: Դարձեալ կը նստի ու տղան գիրկը կ՛առնէ, նորէն կ՛այպանեն, թէ խիղճ չունի, խեղճ անասունին չի մեղքնար: Յուսահատ, ինք ու երախան կ՛իջնեն ու քալելով կ՛երթան իշուն կողքին, այս անգամ զինք խենթի տեղ կը դնեն:

Մէկ խօսքովՙ ինչպէս ալ վարուի մարդ, ժողովուրդը պիտի խօսի: Դիմացինը քննադատելը հաճոյք կը պատճառէ քննադատողին. Նոյնիսկ դիմացինէն աւելի լաւը ի՛նք ըլլալու ինքնախաբէութիւնը կ՛ապրի:

Այսօրուան մեր իրավիճակն ալ տարբեր չէ. անցեալի վարչակարգը չսիրեցինք, քննադատեցինք, եկաւ նորը, սկիզբը, իշխանափոխութեան օրերուն, անօրինակ մակընթացութեան պէս ամէն մարդ ովսաննաներով դիմաւորեց եղածը, այն աստիճան, որ թացն ու չորը միատեղ խարոյկի վրայ հանուեցան:

Հիմաՙ տեղատուութիւն է, բայց կացութիւնը նոյնն է: Ովսաննաները պակսեցան, քննադատութիւնները շատցան, նոյնիսկ ծաղր ու ծանակի հանդերձանքով: Ինչե՜ր ըսես չեն լսուիր վարչապետի հասցէին, նոր խորհրդարանի հասցէին: Ի՜նչ ծաղրանկարներ ըսես լոյս չտեսան դիմատետրի (ֆէյսպուքի) էջերուն: Ոչ մանկապարտէզ մնաց, ոչ մանկամսուր, որոնց որակումին արժանացաւ նորակազմ խորհրդարանը, քանի որ մեծամասնութեամբ երիտասարդներէ կը բաղկանայ:

Մէյ մը Եւրոպային նայեցէք եւ տեսէք, թէ քանի երիտասարդ ղեկավար պաշտօնի վրայ էՙ վարչապետ, նախարար, թէ այլ: Անպայման պիտի քննադատե՞նք, առանց համբերելու եւ տեսնելու, թէ անոնք արժանի՞ են իրենց աթոռներուն, թէ՞ ոչ: Նոյնիսկ առանց զիրենք ճանչնալու, յանուն քննադատութեան կը քննադատեն ու կը ծաղրեն: Նորաթուխ պատգամաւորները, իբր թէ այնքան երիտասարդ ու անփորձ են, որ նոյնիսկ խորհրդարանի իրենց աթոռներուն դիմացի կոճակը սեղմել չեն գիտեր...

Երեւի անոնք խորհրդարան չմտած պէտք էր կոճակ սեղմելու դասընթացքի մը հետեւէին, ապա նորՙ պատգամաւոր դառնային: Կարծես նախկինները ի ծնէ կոճակ սեղմող եղած են, կամ ալ կլլած են այդ մասնագիտութիւնը: Մարդիկ, որոնք իրենց փողկապներն անգամ կարգին քաշուած պահել չէին գիտեր, սակայն կոճակ սեղմել գիտէին:

Եթէ այսպէս պիտի շարունակուի, ափսոս է այս երկրին: Երեք նախագահական շրջաններ ունեցանք, երեքն ալ քննդատեցինք ու գրողին ծոցը ուղարկեցինք: Եկաւ չորրորդը, այս ալ պատէ-պատ զարնենք, նայինք վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ:

Եթէ այսպէս շարունակուի, ինչ իշխանութիւն ալ գայ պիտի քարկոծուի, մենք պարզապէս մեր թշնամիներուն ջաղացքին ջուր կը լեցնենք: Մենք բնաւ չենք անդրադառնար, թէ ինչ քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ այլ մտահոգիչ կացութեանց մէջ ենք, ուր մեր տրամաբանութիւնը գործի լծելու ենք եւ մեր երկրին ներքին ամրութիւնը պահելու ենք: Մեր անվերջ քննադատութիւններով պարզապէս ակնկալուածին հակառակը կ՛ընենք:

Իր բոլոր խոցելի կողմերով հանդերձ, յեղափոխութիւնը ժողովրդային էր: Ժողովուրդը երբեք չի սխալիր, եիտասարդ ու անփորձ, դժուարութիւնները մէկիկ- մէկիկ յաղթահարելով իր նպատակին պիտի հասնի, եթէ նեցուկ կանգնինք անոր ու համբերենք:

Վարչապետին սիրելու- չսիրելու հարցը չէ կարեւորը, այլՙ ժողովուրդին կամքը յարգելը: Ժողովուրդը եթէ զգայ, որ սխալած է, նոր յեղափոխութեամբ մը սխալը կը սրբագրէ: Հաւատալու է ժողովուրդին:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #4, 01-02-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ