RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#002, 2019-01-18 > #003, 2019-01-25 > #004, 2019-02-01 > #005, 2019-02-08 > #006, 2019-02-15

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #4, 01-02-2019



ԼԵԶՎԻ ԽՆԴԻՐ

Տեղադրվել է` 2019-02-01 03:11:24 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2261, Տպվել է` 320, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՏԻԿԻ՛Ն ԱՆՆԱ ... ՔԱՅԼ ԱՐԱ ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԷ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ, Ժնեւ

Ժընեւահայ գաղութը դեկտեմբերի կէսերուն մէկ շաբաթ տեւողութեամբ պատիւը ունեցաւ «աշխատանքային այցով» հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի տիկինը` Աննա Յակոբեանը:

Ժողովրդային առաջին եւ վերջին հանդիպումը կայացաւ ժամանման օրը, 12 դեկտեմբերի երեկոյեան, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, շուրջ երկու հարիւր հոգիի ներկայութեամբ:

Տիկին Աննան իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ «Իմ քայլը» բարեսիրական ծրագրին վրայ, ընկերակից գործավարին օժանդակութեամբ, եւ իր ակնկալութիւնները յայտնեց այս գործին հանգանակութեան մասին` բացատրելով նաեւ նպատակները:

Ելոյթի աւարտին Ժընեւէն եւ հեռաւոր քաղաքներէն ժամանած այլազան բնագաւառներու մասնագիտութեամբ պարապողներ իրենց առաջարկներն ու ծրագիրները ներկայացուցին նոր Հայաստանի վերականգնումին համար:

Իմ կարգիս մտահոգութիւն յայտնեցի Սուրիոյ տագնապի սկզբնաւորութեան ընթացք առած արտագաղթի մասին` յուսալով, որ նոր վարչակարգը աւելի կարեւորութեամբ կը հետեւի հալէպահայերու ներգաղթին, յատկապէս` ճարտարարուեստի մարզի վարպետներուն դիւրութիւններ տալով, հիմնուելով վարչապետի յայտարարութեանՙ «տնտեսական յեղափոխութեան» կարեւորութեան վրայ:

Մեկնումի պահուն «սելֆի» նկարուելու հերթի կանգնածներու շարքին, որ կը դասաւորուէր երկու թիկնապահներու կողմէ, կարողացայ մօտենալ տիկին Աննային` ներկայացնելով ժընեւահայ գաղութի երկամսեայ պարբերաթերթի` «ԱՐՁԱԳԱՆԳ»-ի վերջին թիւը, ուր գրախօսած էի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` «Երկրի հակառակ կողմը» հատորը, խնդրելով ամուսնոյն հասցնել զայն եւ արտատպել «Հայկական ժամանակ»-ին մէջ, որուն խմբագրապետն է տիկին Աննան:

Սիրով կը յանձնեմ, «բայց... ՄԵՆՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՉԵՆՔ ՏՊԵՐ», եղաւ տիկին Աննային կտրուկ պատասխանը:

Լախտի հարուածի նման ստացած պատասխանս Զաքարիա մարգարէի պապանցումին մատնեց լեզուս:

«Մենք արեւմտահայերէն չենք տպեր». այս կարճ նախադասութեան ականջալուր եղայ` շօշափելով անհանդուրժելի մտայնութիւն մը, որ ցնցեց թաւշեայ յեղափոխութեամբ ապրող էութիւնս:

Հիմա պիտի ըսեմ` ՔԱՅԼ ԱՐԱ... ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԷ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ:

Թաւշեայ յեղափոխութեան վարդագոյն շողերը աշխարհասփիւռ մեն մի հայատրոփ սիրտ խռովեց: Հայրենիքի գաղափարը իր դաստիարակութեան առանցքը ընդունող արեւմտահայը նոյնքան իր գուրգուրանքն ու սէրը կը տածէ հարիւրամեայ անկախ հայրենիքին հանդէպ, երբ տակաւին չէ սպիացած մեծ վէրքը` իր կորսնցուցած պատմական հայրենքի տարածքները, Արեւմտահայաստանը:

Արեւմտահայերէնը մեզի հետ բերուած է որպէս անկորնչելի գանձ, որ ոչ մէկ հարստութեան հետ կարելի է փոխարինել:

Հայոց պատմութեան մեծագոյն դէմքին` Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծագործած սրբազան տառերը ոսկեդարեան գրաբառով, ապա շուրջ մէկուկէս դար առաջ Աբովեանով սկսած արեւելահայերէնին զուգահեռ, պոլսահայ գրողներու ճիգերով ծնունդ առաւ արեւմտահայերէնը, որոնք միասնաբար ծաղկած են` հասնելով այսօրուան բիւրեղ հայերէններուն. անոնք կը նմանին որեւէ ծնողքի երկուորեակ զաւակներուն:

Թուրքի եաթաղանին նման` խորհրդային «բարիքներ»-ու շարքին մեր լեզուն ալ ստացած է աբեղեանական ուղղագրութեան հարուածը` իրարմէ հեռացնելով մեր զոյգ մշակոյթները: Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան վերադառնալու կոչերը ... «Ձայն բարբառոյ յանապատի» են երեսուն տարիէ ի վեր:

Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զանազան մարմիններու շարքին կը գործէ «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով» մը` բաղկացած շուրջ քսան սփիւռքահայ մտաւորականներէ: Անոնցմէ մէկը` հալէպահայ հրապարակագիր Լեւոն Շառոյեան, վերջերս Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի մամուլի լսարաններու շարքին հանդէս եկաւ «Արեւմտահայերէնը եւ արեւմտահայերէնի պահակները» նիւթով, ուր ներկայացուց երկու պահակախումբեր` դպրոցներ եւ մամուլ, որոնք սփիւռքի տարածքին կը պահպանեն մայրենին` առանց խտրութիւն դնելու Մաշտոցի երկուորեակներու միջեւ: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ կողք-կողքի կը կարդանք հայերէնի երկու ճիւղերով յօդուածներ, մեր աշակերտներու շուրթերէն կը լսենք Պարոյր Սեւակի ու Վահան Թէքէեանի ոտանաւորները, մեր դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած են Րաֆֆին ու Շիրվանզադէն, Դաշտենցն ու Շիրազը` իրենց արեւմտահայ գրչեղբայրներ Մուշեղ Իշխանի ու Արփիարեանի, Արամ Հայկազի ու Երուանդ Օտեանի հետ: Եւ վերջապէս, մարդասէր գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանը արեւմտահայ էր, ներգաղթեց հայրենիք... ուր ան նահատակուեցաւ:

Հայաստանի Առաջին տիկնոջ հոգեբանութիւնը շօշափելով, որ նաեւ լրագրող է, մտահոգուած եմ արեւմտահայ գրականութեան ճակատագրով հայրենի հողին վրայ, անոր գագաթներէն` Յակոբ Պարոնեանի անուան խորհրդային օրերէն հիմնուած թատրոնը Երեւանի մէջ կրնա՞յ անուանափոխուիլ, ուր արեւմտահայ թատերագիրներու ստեղծագործութիւնները կը ներկայացուին արեւմտահայերէնով:

Սփիւռքահայ երիտասարդներ, երբ նահատակուեցան Արցախի անկախութեան ի խնդիր, գիտէին, որ հոն ապրող ժողովուրդը արեւելահայերէն կը խօսի եւ իրենք` արեւմտահայերէն:

Եւ վերջապէս` հաստատում մը, որ իւրաքանչիւր գիտակից հայ պարտաւոր է իմանալ: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 20-րդ յօդուածը կ՛ըսէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է»: Հոն չկայ խտրութիւն արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի:

Վերադառնալով տիկին Աննայի այցելութեան, ան պատշաճօրէն, ճանապարհորդութեան աւարտին, յստակ թիւերով ներկայացուց իր կատարած հանգանակութեան եւ ծախսերուն գումարները: Շնորհակալութի՛ւն: Լաւ կ՛ըլլար իմանալ նաեւ, թէ որքանո՛վ արեւմտահայ բարերարներ նպաստած են այս առիթով:

Ազնուփայլ հիւրը իր պետական հանդիպումներու շարքին այցելեց Ս. Յակոբ եկեղեցի, ներկայ գտնուեցաւ Թօփալեան միօրեայ վարժարանի Կաղանդի հանդիսութեան, հովանաւորեց երկրաշարժի երեսնամեակին նուիրուած երաժշտական երեկոն: Ան մասնակցեցաւ նաեւ զուիցերահայ վերնախաւի հաւաքներուն, երեւոյթ մը, որ յիշեցուց լուծարքի ճակատագրին արժանացած Սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնին տասնամեակ մը միահեծան նստած նախարարուհին:

Զուիցերիահայ գաղութին մէջ օրէ օր աճող եւ արդէն իսկ գաղութին մեծամասնութիւնը կազմող Հայաստանէն արտագաղթողները, որոնցմէ ոմանք տակաւին կ՛ապրին հանրակացարաններու մէջ, արժանի չեղան հաւաքական հանդիպումին: Նկատի ունենալով, որ թաւշեայ յեղափոխութեան գլխաւոր լոզունգի` «Մեծ հայրենադարձութեան» առաջին քայլը կը սկսի հեռաւոր այս կայքերէն:

Այսօր, երբ սեւի եւ ճերմակի հոգեբանութիւնը կը տիրապետէ հայրենի քաղաքական կեանքի բեմահարթակին վրայ, խոհեմութիւն է ըլլալ զգօն եւ համբերատար` լաւատես ակնկալութեամբ` դիտելով նոյնիսկ յոռի երեւոյթները: Սակայն մայրենիի հանդէպ որեւէ արհամարհում մեզ կը դասէ Մաշտոցի թիկնազօրի շարքին:

Վերոյիշեալ նիւթը թուղթին յանձնելէ առաջ պատմեցի բարեկամի մը, պատասխանը եղաւ... «Նիկոլի երեւակայական ճանապարհորդութիւնը սկսած է դառնալ ընտանեկան ծրագիր»:

Հայ ժողովուրդը 2019 տարին կը դիմաւորէ թաւշեայ ուրախութեամբ, լաւատես ոգիով: Տասը միլիոն հաշուող Հայկ նահապետի շառաւիղները, ի Հայաստան, յԱրցախ եւ սփիւռս, պահանջը կը զգան եւ իրաւունք ունին արդար ու անկողմնակալ վերաբերմունքի` հայրենի նորընտիր ղեկավարութեան կողմէ:

Ժընեւ, 1 յունուար 2019

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #4, 01-02-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ