ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ՀՊԱՐՏ» ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ամէն անգամ որ կը մտաբերեմ վարչապետին յաճախ կրկնած «Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ» կոչը, վրաս դող մը կու գայ, մասնաւորաբար այս օրերուն, ուր հպարտանալիք բան չէ մնացեր գրեթէ: Հայաստանի քաղաքացին ինչո՞վ պիտի հպարտանայ, արցախեան պատերազմի ամօթի խարանո՞վ, բազմահազար զոհուած , վիրաւոր ու հաշմանդամ զինուորներո՞վ, անոց սգաւոր մայրերո՞վ, հայրերո՞վ, հարսերո՞վ, քոյրերո՞վ, ինչո՞վ: Թշնամիին յանձնուած տարածքներո՞վ, կորսուած Շուշիո՞վ: Եթէ պիտի հպարտանար ընդհանուր մաքրագործումովՙ չարաշահողներուն եւ իրենց պաշտօնը շահագործողներուն օրէնքի ուժով դատապարտելուն, ժամանակի ընթացքին տեսաւ, որ եղածը այդքան ալ լուրջ բան չէ, քիչ մըն ալ սեփական հաշուեյարդարի նման է, քանի շօշափելի արդիւնք չտեսաւ: Գողցուած միլիառներէն ի՞նչ կարելի եղաւ վերադարձնել պետական գանձարան: Եթէ առաջ պիտի հպարտանար խոստացուած աշխատավարձերու եւ թոշակներու բարձրացումով, անոր հակառակ տոլարին մագլցումին ու ապրանքներու թանկացումին ստեղծած սղաճո՞վ պիտի հպարտանայ: Երկրին միջազգային պարտքերը երկու տարուան մէջ աւելցած են երկու միլիառ տոլարով, ասո՞ր համար պիտի հպարտանայ ժողովուրդը: Մեր աւանդական սրբութիւններն ու բարոյականութիւնը մեր ազգի իսկական հպարտութիւնն են, սակայն ի՞նչ եղաւ, անոնց հանդէպ անսուրբ ու անբարոյ մօտեցումը իշխանութեան կողմէ ըմբոստութեան ալիք մը բարձրացուց նախանձախնդիր քաղաքացիին մօտ: Այս բոլորին վրայ եկան աւելնալու պսակաձեւ ժահրին պատճառած աւերները, մահերը, երկրի մշակութային կեանքին լճացումը, անգործութիւնը... Մէկ խօսքովՙ չորրորդ իշխանութիւնը լաւ բաներով սկսաւ, սակայն վատ ընթացք ունեցաւ: Հպարտանալիք բան չմնաց: Հպարտ բառը գլխատուեցաւ, ինկաւ անոր առաջին տառըՙ «Հ»-ն ու մնաց «պարտ»ը: «Պարտ»ը պարտ-ութիւն է, նախօրօք իմացեալ իշխանութեան կողմէ, բայց ոչ-իմացեալ զինուորներուն կողմէ: Պարտ-ք մըն է, եւ Պարտ-ա-մուրհակ, որ իշխանութիւնը վերադարձնելու է պարտ-ա-տիրոջՙ ժողովուրդին: Պարտ-ազանցութիւն է ու պարտ-ա-պանաց խաբէութիւն, որուն զոհը դարձաւ ժողովուրդը, երբ ամէն օր լսեց փքացուած յաղթանակի անճիշտ տեղեկանքՙ գրոհող թշնամին շպրտելու, անոր զինուժը քանդելու եւ ոչնչացնելու մասին: Այս բոլորին պատասխանատուները ան-պարտ մնալու չեն. Օտար ազդեցութիւններն ու միջամտող կողմերը պարտ-ա-դիր ամբաստանուելու եւ պատժուելու են: Կը փորձեմ բառախաղ ընել, սակայն վիճակը շատ լուրջ է: Ես չեմ լսած, իր վերջին գլխաւորած հանրահաւաքին դարձեալ կրկնե՞ց «հպարտ քաղաքացի» բառերը, թէ՞ բաւականացաւ «դուխ»ով: Դուխով-մուխով շատ օրօրեց ժողովուրդը, մինչեւ որ ժողովուրդին ալ մուխը մարեցաւ: Հիմա իր կողմնակիցներուն մէկ մասը, եթէ զինք սիրողներն են, կամ իր շրջապատի լաւ վարձատրուած ու պարգեւավճարուած պաշտօնեաներ, ապա մնացեալները իրեն կը կողմնակցին վախնալով, որ գալիքները աւելի վատ պիտի ըլլան: Ճիշդ Վարդան Այգեկցիի առակներէն մէկուն նման, ուր բռնակալ թագաւորի մը հարկահաւաք զինուորները երբ գիւղացի պառաւ կնոջ մը կը չարչարեն ու կը կողոպտեն, ստիպելով որ տուրք վճարէ, կինը անդադար թագաւորին երկար օրեր կը մաղթէ: Զինուորները երբ թագաւորին կը պատմեն պատահածը, թագաւորը իր մօտ կանչել կու տայ պառաւը ու անոր կ՛ըսէՙ բոլորը զիս կ՛անիծեն որ զիրենք կը նեղեմ հարկեր հաւաքելու համար, իսկ դուն բարի մաղթանքներ կ՛ընես, ի՞նչ է պատճառը: Կինը կ՛ըսէՙ թագաւորն ապրած կենայ, քու հայրդ դաժան մարդ էր, զինք կ՛անիծէի, ան մեռաւ, եկար դուն, աւելի՛ դաժան. հիմա քեզ երկար օրեր կը մաղթեմ, վախնալով որ քու յաջորդդ քեզմէ աւելի դաժան ըլլայ: Հայը հպարտութեան շատ պաշարներ ունի, որոնք պէտք է նոր զարթօնք մը ապրին գարնան գալուստին հետ: |