RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#006, 2021-02-19 > #007, 2021-02-26 > #008, 2021-03-05 > #009, 2021-03-12 > #010, 2021-03-19

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #8, 05-03-2021



Տեղադրվել է` 2021-03-04 22:19:59 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 3416, Տպվել է` 270, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՀՅԴ-ՌԱԿ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿՙ ՀՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆԻՆ

ՀՅԴ Կեդրոնական Վարչութիւն Արեւելեան Ամերիկայի
ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
Փետրուար 26, 2021

ԱՄՆ նոր վարչակազմի կազմութիւնը եւ ԱՄՆ Քոնկրէսի 117-րդ նստաշրջանի մեկնարկը, Արցախի դէմ սանձազերծուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վեցշաբաթեայ պատերազմի լոյսին տակ, առիթներ են նոր հնարաւորութեան` խթանելու ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները, արծարծելու ատրպէյճանա-թրքական յարձակողապաշտութիւնը, աջակցելու Արցախի անվտանգութեան եւ իրականացնելու հայ ժողովուրդի ազգային եւ ժողովրդավարական ձգտումները:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը - յանձին իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան - եւ ամերիկահայ համայնքը, որպէս մեր գերտէրութեան քաղաքացիներ, իւրաքանչիւրը այս գծով կենսական դեր ունի: Իր հերթին, Հայաստանը բարեբախտութիւնը ունի, որ Ուաշինկթոնի մէջ ներկայացուած երկար տարիներու փորձ ունեցող ու ձեռնհաս դեսպանով` միջազգային դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ արդիւնաւէտ կերպով առաջ տանելու Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային շահերը: Դեսպանն ու անոր արհեստավարժ թիմը դրական գնահատանքի արժանացած են ԱՄՆ իրենց գործընկերներու, ամերիկահայ համայնքի կազմակերպութիւններու լայն շրջանակի եւ Ուաշինկթոնի արտաքին քաղաքական դէմքերու կողմէ:

Որպէս ամերիկեան քաղաքացիական հասարակութեան մէջ խորապէս ընդելուզուած եւ ԱՄՆ կառավարութեան հետ աշխատելու հարիւրամեայ փորձ ունեցող համայնք, մենք անկախ Հայաստանի վերածնունդէն ի վեր նախանձախնդիր եղած ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային դիւանագիտական ներգրաւուածութեան աստիճանը վեր պահել մեր հայրենիքի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններէն: Վտանգը պարզապէս չափազանց մեծ է արտասահմանի մէջ դիւանագէտներ նշանակելու հարցով այլ ձեւով առաջնորդուիլՙ բացի մասնագիտական հմտութիւններու չափանիշէն: Կուսակցական կամ հատուածական անհանգստութիւններ - որոնք այսօր ակներեւ են Երեւանի մէջ- երբեք առիթ պէտք չէ հանդիսանան արտերկրի մէջ Հայաստանի ներկայացուածութեան նշանակումին համար: Քաղաքականութիւնը պէտք է, ինչպէս կ՛ըսեն, աւարտի ջուրի եզրին:

Այս ծիրին մէջ, յատկապէս վճռական այս պահուն, մենք խստօրէն եւ բացայայտօրէն դէմ ենք պառակտիչ եւ դիւանագիտական ոչ մէկ փորձ ունեցող Լիլիթ Մակունցի նշանակման անպատասխանատու որոշումին, իբրեւ փոխարինող ԱՄՆ-ի մօտ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսիսեանին: Սոյն նամակով կը պահանջենք, որ բեկանէք զայն առաջադրելու որոշումը եւ մեր սեփական կառավարութեան կը յայտնենք անոր ունականութիւններուն հանդէպ մեր ունեցած վերապահումները:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #8, 05-03-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ