ՌԱԿ-Ի ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼԻ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ Չորեքշաբթի 17 Նոյեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի խմբագիրներուն հերթական առցանց հանդիպումը: «Զում»ի միջոցաւ կազմակերպուած այս հանդիպման մասնակցեցան «Ազգ»ի, «Ապագայ»ի, «Զարթօնք»ի, «Պայքար»ի, «Սարտարապատ»-ի եւ «The Armenian Mirror-Spectator»-ի խմբագիրները: Ժողովի ուշադրութեան կիզակէտին էին Սիւնիքի զինուորական եւ ապահովական վերջին զարգացումները: Համազգային գօտեպնդում պահանջող այս չափազանց վտանգաւոր եւ օրհասական կացութեան ի տես, ժողովը որոշեց միացեալՙ յատուկ նախաձեռնութիւն-առաջարկով մը հանդէս գալ: Յատուկ նկատառումով վեր առնուեցաւ Երուսաղէմի կալուածի վարձակալութեան հարցը, սոյն տագնապին առնչուող վկայութիւններուն եւ վաւերական տուեալներուն լոյսին տակ: |