ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ Սեպտեմբեր 26, 2014, ուրբաթ կէսօրին Մ. Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի հրաւէրով եւ առաջնորդարանի Հայ օգնութեան ֆոնտի կազմակերպութեամբ 100 ամերիկահայ ազգային ղեկավաներ ընթացք տալով հրաւէրին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթ-հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ առաջնորդանիստ Նիւ Եորքի «Գավուքճեան» հանդիսասրահին մէջ։ Նախագահը իր ժամանումին խոնարհեցաւ շրջաբակին մէջ գտնուող յուշարձանին առջեւՙ տեղաւորելով ծաղկեպսակ։ Ան իր շքախումբով ներկայ գտնուեցաւ հաւաքին, որուն կը մասնակցէին արտգործնախարար Էդուարդ Նալբանդեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Ուաշինգթընի մօտ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ ՄԱԿ-ի ՀՀ ներկայացուցիչ Զօհրապ Մնացականեան եւ դեսպանատուներու եւ նախագահին ուղեկցող այլ պաշտօնատարներ։ Ճաշկերոյթին բացման աղօթքը կատարեց Կիլիկեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան, որմէ ետք օրուան հանդիսավարը` Ռանդի Սապահկիւլեան բաժակ առաջարկեց նախագահին եւ հայրենի բարձրաստիճան միւս հիւրերուն ի պատիւ եւ հրաւիրեց Խաժակ Սրբազանը խօսելու։ Վերջինս բարձրօրէն գնահատեց պարոն նախագահին ելոյթը ՄԱԿի նստաշրջանին արտասանուած, ուր ամբողջական հայութեան հարցերն էին որ կը ներկայացուէին իր հայրենական, արցախեան ու սփիւռքեան երեսներով։ Հրաւիրուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ իր խօսքը կեդրոնացուց քանի մը երեսակներու վրայ։ Մայր հայրենիքի ապահովութեան համար մեր բանակայիններու հայրենասիրական գործը ան վեր առաւ հպարտութեամբ եւ նշեց, թէ ռազմականօրէն շատ աւելի գերիվեր է հայկական զինծառայողներու մարտունակութիւնը, քան թշնամիինը։ Ըրաւ առարկայական համեմատութիւն մը Ադրպէյճանի ռազմական ուժին հետ, ներկաներուն փոխանցելով մեր բանակին ուժականութեան մասին յստակ գաղափար։ Տնտեսական-քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ պարոն նախագահը յայտարարեց, որ մինչեւ տարեվերջ լրումին պիտի հասնի Եւրասիական համաձայնագիրը եւ Հայաստան պիտի միանայ այդ համախմբումին։ Ան ըսաւ, թէ կարելի չէ բնագաւառէ մը ներս` պաշտպանական, գործակցիլ Ռուսաստանի հետ եւ այլ բնագաւառի մէջ` տնտեսական, մնալ հեռու։ Գործակցութիւնը պէտք է ըլլայ ամբողջական։ Ներկաները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին այս բանաձեւը։ Տնտեսական աճի մասին խօսելով ան ըսաւ, թէ սեպտեմբերի տուեալներով երբեւիցէ Հայաստանը այսքան բարգաւաճ չէ եղած իր պատմութեան ընթացքին։ Միջին աշխատավարձք որպէս այսօր այդ կը գնահատուի աւելի քան 400 դոլար ամսական, ինչ որ մեծ յաւելում է բաղդատած նախորդ տարիներու։ Նոր թեքնոլոջիներու անդրադառնալով ըսաւ, թէ Հայաստանի գիտութիւնը անհամեմատօրէն կը յառաջդիմէ տարուէ-տարի։ Այս առթիւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքահայ բարերարներուն, որոնք այս բնագաւառէն ներս օգտակար կ'ըլլան հայրենիքին։ Դատապարտեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ռմբահարումը եւ ըսաւ, թէ Հայաստան եւ Սփիւռք կը պատրաստուին Ցեղասպանութեան դարադարձը նշել մեծ միջոցառումներով ու աննախընթաց յայտագիրներով։ Առաջնորդարանի կողմէ յիշատակի նուէր յանձնուեցաւ պարոն նախագահին։ Ներկաներուն մէջ մեծ էր թիւը ամերիկահայ երիտասարդ գործիչներուն, ինչպէս նաեւ` նոր ճարտարարուեստականներուն, որոնք միացած ամերիկահայ դասական մեր կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն եւ ազգային բարերարներունՙ կը ներկայանային ապագայի յուսադրիչ պատկերով։ Նիւ Եորք |