ՊՐՈՖ. ՌՈՒԲԷՆ ՄԻՐԶԱԽԱՆԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ԵՒ ԿԸ ՄԵԾԱՐՈՒԻ ԱՐՓԻԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հարաւային Քընեթիքըթի պետական համալսարանի հրաւէրով սեպտեմբեր 9-էն սկսեալ Մ. Նահանգներ կը գտնուէր Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական Մանկավարժական համալսարանի ռեկտոր պրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեանը: Այս այցելութիւնը կը նպատակադրէր նաեւ շահեկան այլ երեւոյթ մը. դոկտ. Մէյրի Փափազեան, նախագահը Հարաւային Քընեթիքըթի պետական համալսարանին, Ռ. Միրզախանեանին յանձնեց համալսարանի բարձրագոյն պարգեւ նքանշանը, որ առաջին անգամ կը յանձնէր իր նախագահութեան մօտ չորս տարիներու ընթացքին: Դոկտ. Փափազեան իր խօսքին մէջ կ՛ընդգծէր երկու համալսարաններու միջեւ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը երկու երկիրներու կրթական համակարգէն ներս: Սեպտեմբեր 12-ին Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թէքէեան մշակութային միութիւնը կազմակերպեց ընդունելութիւն մը ի պատիւ Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանի, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Էտուըրտ եւ Գարմէն Կիւլպենկեաններու առանձնատան մէջ, Նիւ Եորք: Սոյն երեկոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Ամերիկայի Հայոց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանը, ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ հաւատարմատար Զօհրապ Մնացականեանը, դոկտ. Մէյրի Փափազեանը եւ ամուսինը` Վարդանանց ասպետներու նախկին Աւագ սպարապետ դոկտ. Տենիս Փափազեանը, ծանօթ բարերարներ, ՌԱԿ-ի պատասխանատուներ եւ ԹՄՄ-ի վարչականներ ու բարեկամներ: Հիւրընկալըՙ պարոն Կիւլպենկեան բարձր գնահատեց ԹՄՄ-ի կատարած օրինակելի աշխատանքը անցնող տարիներուն, որ այս մեծ ոստանէն ներս կը ներշնչէ հաւատք հանդէպ հայ մշակութային արժէքներու պահպանման ու տարածման Օրուան հանդիսավարն էր ԹՄՄ Մեծագոյն Նիւ Եորքի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անգամ մը եւս շեշտեց այն սիրալիր գործակցութեան կարեւորութիւնը, որ տասնամեակներէ ի վեր կը կատարուի Մայր եկեղեցիին, հայրենի պետութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան միջեւ: Ցեղասպանութեան դարադարձէն ետք այդ համագործակցութիւնը առաւել մեծ թափով ընթանալու կարեւորութիւնը շեշտեց յօգուտ ազգապահպանման եւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան: Խօսքը ուղղելով առաջնորդ Սրբազան հօր, ներկաներուն անունով դարձեալ նշեց այն աւանդական հաւատարմութիւնը զոր կը տածեն մեր զոյգ կազմակերպութիւնները Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ: Շահէ Սանենց, անգլերէն լեզուով, տուաւ կենսագրական կարգ մը տուեալներ օրուան մեծարեալին կրթական, կուսակցական եւ միութենական կեանքէն: Անոր երկարամեայ ծառայութիւնը ազգային-քաղաքական կեանքէն ներս եղած է ՌԱԿ-ի ճամբով, որուն Հանրապետական վարչութեան ատենապետութիւնը ստանձնած է մօտ քսանամեակ մը: Դոկտ. Մէյրի Փափազեան անդրադարձաւ իր գլխաւորած համալսարանէն պրոֆ. Միրզախանեանին եղած պարգեւատրման մասին, շեշտելով Հայաստանի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու յարաբերութեանց կարեւորութիւնը ամերիկեան համալսարաններուն հետ: Խօսք առաւ նաեւ դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, որուն համար անծանօթ անուն մը չէր օրուան մեծարեալը: Ան վեր առաւ Միրզախանեանի կատարած կրթական գործը: Նաեւ գնահատեց այն եզակի աշխատանքը, զոր ԹՄՄ-ը կը կատարէ այս կարեւոր քաղաքէն ներս, յիշեցնելով, թէ միշտ ալ Թէքէեանը բարոյապէս ու գործնականապէս կանգնած եղած է դեսպանատան կողքին: Շնորհակալական իր խօսքին մէջ պրոֆ. Միրզախանեան գնահատեց Նիւ Եորքի մասնաճիւղին աշխատանքը, մանաւա՛նդ անոր ազգային ու թատերական գործունէութիւնը եւ պաշտօնապէս հրաւիրեց յառաջիկայ գարնան ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը երեւանեան բեմ ելլելու Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի՛, դատարանն է...» թատերախաղով: Շնորհակալական իր խօսքը ուղղեց նաեւ տէր եւ տիկին Կիւլպենկեաններուն, որ ընդմիշտ կը մնան պատնէշի վրայ, ազգային ու բարեսիրական խնդիրներու ընդառաջ: Ան Նիւ Եորք ժամանած էր ընկերակցութեամբ իր որդւոյն` Կարլէնին, որ ներկայ կը գտնուէր այս հիւրասիրութեան: Վերջին խօսք առնողը եղաւ Առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանը: Մօտ քառասուն տարիներու վաղեմի բարեկամութիւն մը ունի ան պրն Վարդիվառեանի հետ: Ան շեշտակիօրէն գնահատեց Թէքէեան մշակութային միութեան ազգանուէր ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ վեր առաւ այն համագործակցութիւնը զոր միութիւնը ունեցած է երկա՜ր տարիներ Ամերիկայի Հայոց առաջնորդարանին հետ: Վեր առաւ նաեւ պրն Միրզախանեանի մասնակցութիւնը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ եւ մանաւանդ` բարեկամութիւնը Ամենայն հայոց հայրապետ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: Ճաշի սպասարկութենէն ետք հրաւիրեալները վայելեցին նիւեորքահայ ծանօթ դաշնակահարուհի Կարինէ Պօղոսեանի ելոյթը: Ան յաջորդաբար նուագեց Մանուէլ ԴըՖալայի «Կրակի պարը», Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ» պալէի «Ադաջիօ»ն եւ Ֆրանց Լիստի «Կամպանելլա»ն: Ան արժանացաւ բոլոր ներկաներուն մեծագոյն գնահատանքին: Ներկաներուն մէջ էին, բացի Կիւլպենկեանէն, բարերարներ Հենրի Տիմիճեան, բժ. Վաղինակ Դարբինեան, բժ. Յակոբ Կիւլեքճեան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ «Արմենական-Յովսէփեան» ակումբի վարչականներըՙ գլխաւորութեամբ Նորայր Մկրտիչեան, ՀԲԸՄի կրթական բաժանմունքի տնօրէն Արթուն Համալեան, Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեան, «Շուշի» պարախումբի պատասխանատու-պարուսոյց Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեան եւ ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Յարութ Չաթմաճեան: Որակեալ ընդունելութիւն մը անկասկած, Հայաստանի ԹՄՄիութեան նախագահին ի պատիւ: Նկար 1. Պարգեւատրման պահին Նկար 2. Խմբանկար` ընդունելությունից |