ՀԱՅԵՐԷՆԸՙ ԱՐԱԲՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ, Գահիրէ-Երեւան Երբ Գահիրէի համալսարանի Արեւելեան լեզուներու կից Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը հրաւիրեց զիս արաբ աշակերտներուն հայերէն դասաւանդելու, առաջարկը այնքան հետաքրքրական էր, որ անմիջապէս ընդառաջեցի: Ճիշդ է որ դասաւանդումի փորձառութիւն ունէի, բայց օտար եւ հասուն մարդոց հայերէն չէի սորվեցուցած մինչ այդ: Քանի մը մեթոտները, որոնք գրուած են ըստ դասատուներու պրպտումներուն եւ փորձառութեան, եւ գիրքով ալ հրատարակուած, եղած են ընդհանրապէս ֆրանսախօս կամ անգլիախօս «աշակերտներ»ու համար: Կրնայի օգտուիլ անոնցմէ, եթէ փոքրիկ զրոյց մը միտքս այլ ուղղութեամբ չտանէր: Երեւան գտնուող դասատու մը կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս կրցեր էր, կարճ միջոցի մը մէջ, բաւական բան սորվեցնել իր արաբախօս աշակերտին, բայց. - Պատկերացուր, որ առանց բայի նախադասութիւն կը կազմէ,- ըսաւ բարկացած,- մեռայ բացատրելով, որ առանց բայի նախադասութիւն չ՛ըլլար: - Արաբերէնի մէջ կ՛ըլլայ,- ըսի մեղմօրէն,- եւ կը կոչուիՙ «գոյականական նախադասութիւն», իսկ սովորականըՙ «բայական նախադասութիւն»: Շատ զարմացած էր: Շարունակեցինք զրոյցը եւ հասանք ... լծորդութիւններուն. - Շատ դժուար եղաւ իրեն բացատրել լծորդութիւններու պարագան: - Արաբերէնի մէջ անոր մօտիկ բան մը կայ, պարզապէս կարելի է օգտագործել, բացատրելու կամ պատկերացում մը տալու համար: Կրկին շատ զարմացաւՙ «ինչպէ՞ս»: - «Ծովեր» կը կոչուի,- ըսի խնդալով, որովհետեւ բայական այդ ձեւերը արդեօք կապ ունէի՞ն ծովերու եւ ալիքներու հետ: Այն ատեն էր որ անդրադարձայ, թէ եղած մեթոտները այնքան ալ օգտակար պիտի չըլլային: Նոր ձեւ մը պէտք էր մտածէի, մանաւանդ մեր երեսունութ գիրերը սորվեցնելու համար քսանութ ծանր գիրերով խօսող ու գրող արաբ աշակերտներուն: Եւ ինքզինք ներկայացուց արաբական արմատներով բառերու խումբը: Ըսեմ, որ այս արմատներուն հարցը բաւական վէճի եւ բարկութեան պատճառ դարձած է. կը յիշեմ որ գործընկերուհիներէս մէկը կ՛ըսէր, թէ ինք չի սիրեր Մալխասեան արմատական բառարանը, որովհետեւ բոլոր բառերուն արմատները արաբերէնին կը վերագրէ: Մենք հայերէն արմատ բառեր չունի՞նք, կամ այդքա՞ն փոքր է անոնց թիւը: Ուրկէ՞ կու գան սակայն մեր բառերուն արաբերէն արմատները: Հայոց պատմութեան էջերուն կը հանդիպինք ժամանակաշրջանի մը, երբ քաղաքական յարաբերութիւնները, հետեւաբար նաեւ տնտեսական ու վաճառականական յարաբերութիւնները բարեկամական էին երկու պետութիւններունՙ հայկականին եւ արաբականին միջեւ: Շատ արագ սակայն այդ յարաբերութիւնը վերածուեցաւ տիրողի եւ տիրապետուածի յարաբերութեան: Բայց յարաբերութիւնը մնաց: Այս երկար դարերու շփումին արդիւնքը այն եղաւ, որ ոչ արհամարհելի թիւով արաբերէն կարգ մը բառեր մուտք գործեցին մեր լեզուին մէջ եւ հոն ալ մնացին, իրենց տեղը ամրապնդելով: Անշուշտ կարգ մը պատմաբաններ կամ բառարանագէտներ չեն ընդունիր արաբերէն արմատով բառերու առատութիւնը մեր լեզուին մէջ, սակայն լաւ արաբերէն գիտցող մը, մանաւանդ երբ յաճախ կը վերադառնայ «Մեր արմատները նոր լոյսի տակ» բառարանին, չի կրնար չընդունիլ նշուած արմատները: Այստեղ անշուշտ չեմ մտներ արմատներու այս բանավէճին մէջ, նոյնիսկ չեմ պնդեր հայերէն բառի մը արմատին արաբերէն ըլլալը, որովհետեւ շատ են արաբերէն այն բառերը, զորս գրեթէ նոյնութեամբ կը գտնենք նաեւ պարսկերէնին մէջ: Ինծի համար կարեւորը, հիմնականը ա՛յն է, որ երբ բառ մը տամ, որուն արաբերէնը ճի՛շդ նոյնն է, աշակերտը բառն ու անոր իմաստը սորվելու ճիգ թափելու փոխարէն, ուշադրութիւն պիտի դարձնէ գիրերուն վրայ: Հետեւաբար սկսելու կէտս ոչ թէ այբուբենը պիտի ըլլար, այլՙ բառերը իրենք: Այդ բառերուն վրայ է, որ հիմնեցի այս դասընթացքը, հետեւեալ կէտերը նկատի առնելով. - Արաբերէն արմատ ունեցող հայերէն բառերու առատութիւնը մեր լեզուին մէջ: - Արդէն ծանօթ բառերու ընդմէջէն սորվեցնել այբուբենը, փոխանակ ուղղակի այբուբենէն սկսելով դասաւանդումը: Ասիկա հոգեբանօրէն «դիւրին» կ՛ընծայէ սորվելու հոլովոյթը, միաժամանակ ստիպելով, որ աշակերտը իր ուշադրութիւնը գիրերուն վրայ կեդրոնացնէ, պարզապէս որովհետեւ բառերը... գիտէ: Արաբերէն կարգ մը բառեր պահած են իրենց ճշգրիտ իմաստը հայերէնին մէջ, երբեմն նոյնիսկ առանց հնչիւնափոխութեան, ինչպէս օրինակ բադ, արտ, զուլալ, սնտուկ, բախտ, թափօր, մղլակ եւ այլն: Այլ բառեր իմաստափոխութեան ենթարկուած են, ինչպէս օրինակ «ատամ» բառը, որ արաբերէնի մէջ ոսկոր կը նշանակէ, կամ «ապատ» (անապատ) բառը, որ արաբերէնի «բնակիլ» բառն է (???), կամ «յիմար» բառը, որ արաբերէնով էշ կը նշանակէ, մինչ մեր մօտ ստացեր է անմիտ մարդու իմաստ: Բառերու որոշ թիւ մը հնչիւնափոխութեան ենթարկուած է, ինչպէս օրինակ ագորանք -նաեւ ագռ- բառը, որ արաբերէնի մէջ աքր կը հնչուի ???: Եւ անգամ մը, որ սկսայ այդ դիտանկիւնով եւ նոր հայեացքով դիտել հայերէն բառերը, այնքան հետաքրքրական մանրամասնութիւններ սկսայ տեսնել: Ամենէն տիեզերական «ամէն» բառէն եւ անշուշտՙ այբէն սկսայ, որմէ ետք եկան «արտ»ը, «բադ»ը (բեն եւ դա), հասնելու համար զուլալ, սնտուկ, թափօր, մղլակ, քահանայ, զօրավիգ, ագարակ եւ այլ բառերու: Լծորդութիւններուն պարագան կարելի է կապել կամ նմանեցնել արաբերէնի բառարան նայելու աշխատանքին, որ կը ստիպէ բառը վերադարձնել իր եռատառ վիճակին ու յետոյ զայն փնտռել բառարանին մէջ: Բայերուն հիմնական ժամանակներըՙ ներկայ, անցեալ, ապառնի, զուգահեռով դասաւանդել, պարզապէս ներկայէն անմիջապէս ետք ապառնին դասաւանդելով, «կը»ն «պիտի»ով փոխարինելովՙ կը գրեմ, պիտի գրեմ եւ այլն: Դժուարութիւն կրնայ ներկայացնել գոյականին հոլովումը, որ գոյութիւն չունի արաբերէնի պարագային. իսկ հոլովական իմաստը կու գայ գոյականին նախդիրներ կցելով, կամ անկէ առաջ համապատասխան բառերը, յօդերը կամ դերանունները աւելցնելով (?????? եւ այլն): Այլ դժուարութիւն մըն է կարգ մը գիրերու հնչումը. եթէ տուեալ հնչոյթը կայ աշակերտին մայր լեզուին մէջ, դիւրութեամբ կրնայ հնչել, իսկ եթէ չկայ, կրնայ դժուարութեան հանդիպիլ: «Ը»ի հնչումը, օրինակ, որքան ալ տարօրինակ թուի. Ը ո՛չ որպէս գիր, ո՛չ ալ որպէս ձայն գոյութիւն ունի արաբերէնին մէջ, եւ հագագային դժուարութիւն կը ստեղծէ, որ, զարմանալիօրէն, մեծ խոչընդոտ կը հանդիսանայ: Այլ դժուարութիւն կը ներկայացնէ «ե» եւ «է» գիրերուն հնչումը, որ միշտ կը շփոթուի «ի»ին եւ, անհասկնալի կերպովՙ «ա»ին հետ. հաւանաբար եթէ նկատի առնենք, որ հայերէն լեզուին մէջ «ա»ին հնչումը շատ «ուղիղ» է (եթէ կարելի է այսպէս կոչել), ինչպէս որ կը հնչուի Armen բառը, իսկ արաբերէնի առաջին գիրինՙ ալէֆին հնչիւնը բաւական «կոր» է, ինչպէս atom բառը, կրնանք հասկնալ դժուարութիւնը: Հաւանաբար լեզուներ սորվելու կարողութիւնը, մանաւանդ իւրաքանչիւր լեզուն յատկանշող ձայնային համակարգը վերարտադրելը ազգային յատկութիւն մըն է, թերեւս պատմութենէն եւ կեանքի պայմաններէն ծնունդ առած, կամ արդէն դարձած մաս մը ազգային ծիներէն: Այն զօրաւոր ժողովուրդները, որոնք աշխարհը կառավարելու միտում ունեցած են, կարիք չեն զգացած այլ լեզուներ սորվելու, նկատի առնելով, որ իրենց լեզուն «համաշխարհային» է: Այսպէս եղած են դարերու ընթացքին յունարէնը, լատիներէնը, արաբերէնը, իսկ նորագոյն շրջանինՙ անգլերէնը: Նման դժուարութիւններ կրնան յաղթահարուիլ փորձով, իմաստային օժանդակութեամբ կամ ֆիզիքական դրուածքը բացատրելով (լեզուի, շրթներու եւ հագագի): Այս հարցին օժանդակութեան կը հասնին նաեւ արմատ բառերը, որոնք ոչ միայն կ՛օգնեն բառը հնչելու, այլ եւ կը նպաստեն հնչիւնային եռեակ համակարգը բացատրելու. օրինակՙ «բադ» բառը, որ արաբերէնի մէջ կը հնչուի «պաթ» (??). արաբերէն եւ հայերէն նոյն բառը տարբեր հնչումներով արտասանելը կ՛օգնէ, որ բ-փ-պ եւ դ-թ հնչունային տարբերութիւնները զգալի դառնան: Նոյնն է պարագան «բախտ» բառին (???): Այլ դժուարութիւն մըն է արաբերէնի «շարժումները» (???) գիրի վերածելը: Օրինակ երբ աշակերտուհիներէն մէկուն անունը հայերէնով գրեցի գրատախտակինՙ Զէյնապ, մեծ հետաքրքրութեամբ նայեցաւ ու ըսաւ. - Բայց ինչո՞ւ այսքան շա՜տ գիրեր կան, իմ անունս միայն չորս գիր ունի Զյնպ ??? (Զէյնապՙ երկու ձայնաւորները արաբերէնին մէջ «շարժում»ներով կ՛արտայայտուին): Հասկնալի էր անշուշտ, բայց իրեն համար շարունակեց շրջան մը դժուար մնալ իւրաքանչիւր «շարժում»ը գիրով արտայայտելու ստիպողականութիւնը. ժամանակ առ ժամանակ կը մոռնար գրել բառի մը ձայնաւորները, ենթագիտակցաբար զանոնք «շարժում» համարելով: Այս նշումները կէտեր են, որոնք կ՛արգիլեն որ հայերէնը արաբներուն դասաւանդուի արդէն ընկալուած կամ ձեւաւորուած մեթոտներով, որոնք եթէ արդիւնք կու տան ֆրանսախօս կամ անգլիախօս աշակերտներու պարագային, կը դժուարացնեն արաբախօսներուն պարագան: Տակաւին փորձարկումի շրջանի մէջ գտնուող այս նոր ձեւը ժամանակի ընթացքին կրնայ համակարգուիլ, որուն համար է նաեւ տարուած աշխատանքը: |