ԻՆՉՈ՞Ւ ԵԿԱՔ... ԻՆՉՈ՞Ւ Կ"ԵՐԹԱՔ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Հալէպի ազատագրումը միջազգային քաղաքականութեան եւ Սուրիոյ ներքաղաքական եւ այլ ոլորտներու մէջ իր արձագանգն ու ազդեցութիւնը ունենալու կողքին, Հայաստանի մէջ ալ ունեցաւ իր արձագանգը, ոչ միայն հալէպահայ ապաստանեալներուն մօտ, այլեւ տեղացի հայերուն. եւ շրջուեցաւ անոնց առաջին անդրադարձըՙ «Ինչո՞ւ եկաք»ը դարձաւ «Ինչո՞ւ կ՛երթաք»ի... Սկիզբն երկանց, կ՛ըսէին, ինչո՞ւ եկաք, ապրելու տեղ չէ հոս, իսկ հիմա, Հալէպի ազատագրման հետ որոշ հալէպահայերու Հալէպ վերադառնալու փափաքին ի լուր, «ինչո՞ւ կ՛երթաք... պէտք չէ երթաք, պէտք է մնաք...», ու այսօրինակ արտայայտութիւններ: Ի՞նչ փոխուեցաւ, հալէպահայերու քանի մը տարի Հայաստան մնալը զիրենք սիրելի՞ դարձուց տեղացիին, բարեկամութիւննե՞ր մշակուեցան, անոնց ներկայութեա՞ն վարժուեցան, անոնք ներդրում մը ունեցա՞ն կարեւոր ոլորտներու մէջ, թէ՞ միայն Հալէպի «լահմաճինը» փոխարինեց տեղական «լահմաջոն», կամ սմբուկով քեպապը մրցեցաւ տեղական խորովածին հետ: Ի՞նչ փոխուեցաւ: Սկիզբի օրերուն յաճախ կը լսէինք. «Ո՞րն է հայրենիքդ, Սուրիա՞ն, թէ՞ Հայաստանը», կամ՛ «Վերջնակա՞ն եկար, հաստատուելո՞ւ, թէ՞ պիտի վերադառնաս, երբ պատերազմը աւարտի» եւ այսօրինակ հարցումներ: Անշուշտ ոեւէ մէկը դառնալով հայաստանցիին չհարցուց. «Դուն կ՛ուզե՞ս որ մնամ»... Հետաքրքրական պիտի ըլլար տեղացիին պատասխանը: Պիտի չզարմանայի, եթէ մեր երեսն ի վեր ըսէինՙ «Մեր հոգսերը մեզ շատ են իսկ, լաւ կը լինիՙ չմնաք»: Իսկ հիմաՙ «ինչո՞ւ կ՛երթաք»... Անոնք որոնք վերջնականապէս չեն հաստատուած, կամ հնարաւորութիւն չունին հաստատուելու Հայաստան, կա՛մ ամէն ինչ ձգած են հոն, պիտի վերադառնան որ տէր կանգնին իրենց տուներուն, աշխատատեղիներուն, կալուածներուն, կա՛մ ալ անգործ ու բարեսիրական կազմակերպութիւններէն նպաստ ստանալէն յոգնած, քիչ մըն ալ արժանապատուութիւնը վիրաւորուած, տուն պիտի վերադառնան ու փորձեն վերականգնել իրենց նախկին կեանքը: Ուրիշներ պիտի երկմտին երթալու եւ մնալու արանքը: Երկու կացութիւններն ալ իրենց առաւելութիւններն ունենալու կողքին, ունին իրենց անպատեհութիւնները: Մնանՙ դրամ ու գործ պէտք է, վերադառնանՙ դեռ ոչ մէկ բան յստակ է, ու կը շարունակուին կենցաղային դժուարութիւնները, «չկայ»-ներու շարանը. ինչպէ՞ս այստեղի բարօր, խաղաղ ու հանգիստ մթնոլորտէն ելլել ու վերստին մտնել այդ քաոսին մէջ... Մի քանի ամիս եւս, մինչեւ սա մշուշին փարատիլը, լաւ կ՛ըլլայ սպասել: Յետոյ, երբ քիչ մը աւելի յստականայ վիճակը եւ երեւելի դառնայ սեւն ու ճերմակը, այն ատեն կարելի է որոշում մը գոյացնել: Երանի կշիռքին նժարը դէպի մնալը հակի: |