ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԸՆՏՐԵՑ ՔԱԹԱՐԸ: Ի՞ՆՉ ԱԿՆԿԱԼԵԼ ԱՅՍ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ Արաբական աշխարհը յուզած հիմնական թեման Քաթարի դէմ բարձրացած «բողոք»ի ալիքն է, որուն առաջատարՙ Սէուտական Արաբիան խօսքէն գործի անցնելով «ապմարկօ»ի մեծ պատ մը հիւսեց իր «ածու»ին մէջ գտնուող սիւննի տէրութեան դէմ: Քաթարի պատմութեան քաջածանօթներուն համար շատ յստակ է, որ ստեղծուած այս տագնապը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ: Սակայն Ռիատի ու անոր գլխաւոր գործընկերոջՙ ԱՄԷ-ի կողմէ Քաթարի դէմ հնչած սպառնալիքները եւ ապա գործի դրուած տնտեսական պատժամիջոցները ցոյց կու տան, որ եղածը մեծ առումով կը տարբերի մօտիկ անցեալի դիւանագիտական գզվռտոցներէն: Ամերիկեան Foreign Policy պարբերականը դէպքերը վերլուծելով մտավախութիւն յայտնած է, որ ներկայիս տնտեսական հարթակի վրայ եղած ուժեղ բախումը կրնայ վերածուիլ համընդհանուր պատերազմիՙ աւելի եւս վատթարացնելով, առանց այդ ալ արիւնահեղ վիճակի մէջ գտնուող Միջին Արեւելքը: Քաթարի դէմ հիւսուիլ սկսած «պերլինեան պատ»ը (գնահատականը կը պատկանի լիբանանեան «Ալ Ախպար» օրաթերթին) կը յուշէ մէկ բան. այն կը խօսի սիւննի ներքին «տան» մէջ գոյութիւն ունեցող մեծ պայքարին մասին, որուն հիմքով Ապտըլ Ազիզ իշխող ընտանիքը կ՛ուզէ ամէն գնով դառնալ սիւննիներու իրական տէրն ու տիրականը: Հասկնալի է, որ այս բոլորին առընթեր կան տնտեսական (նաւթային) , ռազմական (ամերիկեան խարիսխներ,եւն.) եւ դաւանական տարբեր խնդիրներ, ուր յստակօրէն կ՛ուրուագծուի Իրանի նկատմամբ Քաթարի վերջին մէկ տարուան ընթացքին երեւելի դարձած բարեացակամ վերաբերմունքը, որ նաեւ հիմք կը ծառայէ, որպէսզի սէուտցիք ամէն գնով «վեթօ» դնեն Տոհայի դէմ ու զայն համարեն սիւննի աշխարհի «անառակ որդի»ն: Արաբական ծոցի երկիրներուն համար կարեւոր ժամանակներ են: Խօսքը կը վերաբերի վերջերս Ուաշինկթըն գտնուող Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ ԱԳ նախարարներու շփումներուն: Քաթարեան տագնապի շղթայազերծումէն երկու շաբաթ անց Սէուտական Արաբիան «յատուկ ցուցակ» մը կը հրապարակէր 13 կէտերէ բաղկացած: «Պահանջներու այդ ցուցակ»ին մէջ կան կէտեր, որոնց ամէնէն աչքառուն Իրանի հետ կապերու խզման պարտաւորութիւնն էր: Ակներեւ է նաեւ, որ յատկապէս Քուէյթի Պըն Սուպահ իշխանին յանձն առած հաշտութեան նախաձեռնութիւնէն ետք յստակ սկսաւ դառնալ, որ սէուտցիք չեն պատրաստուիր իրենց օգտագործած «լեզուն» փոխել կամ ընդհանուր ետդարձ մը կատարել: Այս մօտեցման մեծագոյն ցուցանիշը Սէուտական Արաբիոյ ԱԳ նախարար Ատէլ Ժուպէյրի յայտարարութիւնն է, ուր ան կը բացայայտէր, թէ իրենք չեն պատրաստուիր վերատեսութեան ենթարկել Քաթարին ներկայացուած 13 պայմանները: Տոհայի դէմ սահմանուած «ամպարկօ»էն անմիջապէս ետք սկիզբ կ՛առնէր շրջանային նոր համակարգ մը, որուն մասնակիցները կը յայտնէին իրենց նեցուկը Քաթարին: Այստեղ պէտք չէ անտեսել Քաթարի Թամիմ իշխանի յայտարարութիւնը, ուր իշխանը կ՛ըսէր, թէ իրենց համար այս տագնապին դէմ դնելու երկու հիմնական յենարաններն ենՙ Թեհրանն ու Անգարան: Իր ձեւաչափով բաւական զարմանալի թուացող այս նոր դաշինքը (նկատի առնելով, որ Թեհրանն ու Անգարան բաւական մեծ տարակարծութիւններ ունին յատկապէս Սուրիոյ մէջ) իր օրհնութիւնը կը ստանար Մոսկուայէն: Այս ֆոնին վրայ Հայաստանի իշխանութիւններուն դէպի Քաթար կատարած քայլերն ալ կարելի է համարել տրամաբանական շարունակութիւնը նորածիլ այդ դաշինքին: ՀՀ ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալբանդեանի դէպի Տոհա տուած բաւական արագ այցելութիւնները նոյնպէս պէտք է համարել նոր ցուցանիշ մըՙ Քաթարի հետ Հայաստանի նոր բովանադակութեամբ յարաբերութեան վերաբերեալ: Այլապէս, ինչպէս բացատարել Հայաստանի ցոյց տուած այս մերձեցումը այդ երկրին, այն ալ հանգրուանի մը, երբ նոյնիսկ եւրոպական ազդեցիկ երկիրներ կը զգուշանան ներ-սիւննիական այս տագնապին մասին յստակ կարծիք արտայայտելէ: Եթէ յարաբերութիւններուն առընթեր մշակուած ձեւաչափեր կան, ապա անոնց հիմքը պէտք է ըլլայ պետական մակարդակի շահերու պաշտպանութիւնը, որուն ընդհանուր առանցքին մէջ է նաեւ արաբական աշխարհի մէջ եղող հայկական սփիւռքի անվտանգութեան եւ կայունութեան հիմնահարցը: Ճիշդ է, որ տակաւին վաղ է Տոհայի հետ Հայաստանի յարաբերութեանց ընդհանուր եզրագիծը տեսնելու, սակայն յստակ է, որ այս մերձեցումը ունի որոշ հեռանկարներ, որոնք ամէն պարագայի պէտք է կատարուին բաւական զգոյշ քայլերով: Ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանը ցայսօր ալ Սէուատական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի, եւ այս խճճուած ու բաւական լուրջ հետեւանքներ խոստացող իրավիճակին մէջ մեր կողմէ դիւանագիտական որեւէ բացթողում կրնայ լուրջ վնաս հասցնել Քուէյթ, ԱՄԷ, Պահրէյն ու յատկապէս Սէուտական Արաբիա հաստատուած հայորդիներուն եւ մեր համայնքներուն: |