ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԼԵԶՈՒԻ ԿՈՄԻՏԷՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Հայաստանի Լեզուի Կոմիտէն վերջերս սկսած է հրապարակել օտար բառերու հայերէնները, այն բարի ցանկութեամբ, որ մարդիկ սկսին հայերէններով փոխարինել օտարամուտ բառերը, որոնք այնքան բազմացան, յատկապէս գրական-լրատուական ոլորտին մէջ, որ իսկապէս փորձանք դարձան եւ մտահոգիչ կերպով աղաւաղեցին մեր լեզուն: Բարի ցանկութիւնը կը մնայ ցանկութեան սահմաններուն մէջ, եթէ առաջարկը կիրարկելու ճամբաներն ու հնարաւորութիւնները նկատի չեն առնուած: Այնպէս չէ, որ մարդիկ անհամբեր կը սպասէին որ Լեզուի Կոմիտէն հրապարակէր հայերէն տարբերակները, որպէսզի իրենք ալ անմիջապէս որդեգրէին եւ սկսէին մաքրել իրենց լեզուն: Օտար բառեր գործածող գրող-լրագրող-խօսնակները գիտակցաբար կը գործածեն այդ օտարաբանութիւնները, որպէսզի ռուսական մամուլի եւ տեղեկատուական ոլորտի աշխատակիցներէն ետ չմնան: Օտար բառը միջազգային է, մինչ հայերէնըՙ շատ տեղական, նոյնիսկ «գաւառական» բարբառի նման է, որ գնահատող աչքով չի դիտուիր, կրնայ նոյնիսկ քմծիծաղի առարկայ դառնալ, անշուշտ ըստ իրենց: Չեմ գիտեր, արդեօք «ժուռնալիզմ» ուսանողներուն ուսուցիչները երբեւէ կը թելադրե՞ն հայերէն բառապաշարը իւրացնել եւ գործածել իրենց ապագայ աշխատանքային ասպարէզին մէջ. կը կասկածիմ: Հայկական գրաւոր, թէ բանաւոր լրատուամիջոցներուն հետեւողները յստակ կը զգան, որ յատուկ ճիգ կը թափուի օտար բառեր եւ եզրեր օգտագործելու: Ասիկա նոյնպէս օտար դիպուկ բառ մը ունիՙ «սնոպիզմ», ցուցադրասիրութիւն, ուրիշին կապկելու մոլութիւն: Իմ համեստ կարծիքով, Կոմիտէն բառերը հրապարակելով պէտք չէ բաւարարուի, այլՙ այդ բառերուն գործածութիւնը ընդհանրացնելու, նոյնիսկ պարտադրելու միջոցներ գտնէ: Պետական մակարդակով որոշում պէտք է առնուի օտար բառերէն հրաժարելու, ոչ յեղափոխութեան ձեւով, որ կրնայ վատ հակազդեցութեան պատճառ դառնալ, այլՙ ատենը անգամ մը փոխարինելի բառերու փոքր ցանկ մը հրատարակէ եւ պարտադրէ մամուլին, ձայնասփիւռին եւ հեռատեսիլին, որ յետ այդու տուեալ բառերը պէտք է փոխարինուին հետեւեալ բառերով...: (Հայաստանի վերանկախացումէն ետք յաջողեցան որոշ բառեր փոխարինել հայերէնով, ինչպէս պրեզիտենդ-նախագահ, մինիստր- նախարար եւ այլն): Ըսեմ նաեւ, որ Լեզուի Կոմիտէին կողմէ ցարդ հրապարակուած բառերը ընդհանրապէս ճարտարագիտական- մասնագիտական բառեր են, կամ գրական հայերէնին ուղղուած, որոնց կիրառումը եթէ կենսական կարեւորութիւն ունի, - ապա, ըստ իս,- կարեւոր է նաեւ խօսակցական լեզուին մէջ օգտագործուած օտար բառերը հայերէնով փոխարինելը: ժողովուրդը հարկ է կամաց-կամաց մաքրէ իր խօսած լեուն, «շալվար» չըսէ, այլՙ տաբատ, «յուբկա» չըսէ, այլՙ փէշ, «գազար» չըսէ, այլՙ ստեպղին, «փոշմանել» չըսէ, այլՙ զղջալ, «զիպիլ» չըսէ, այլՙ աղբ եւ այլն: Տպագրուած եւ եթերուած հայերէնէն շատ աւելի տարածք կը զբաղեցնէ խօսակցականը մարդոց կեանքին մէջ, եւ այդ ոլորտին մէջ ալ պատանի ու երիտասարդ սերունդի առօրեայ խօսակցական լեզուն լուսարձակի տակ առնուելու է ու լեզուական նշդրակով վիրահատելու է ու հեռացնելու է թրքերէնէ ու արաբերէնէ ներմուծուած բառերը, որոնցմով կը վխտայ շարքային քաղաքացիին լեզուն: Ոչ թէ դժուար է, այլ շա՛տ դժուար գործ է երկար տարիներ նստուածք տուած ու սերունդէ- սերունդ փոխանցուած բառապաշարը փոփոխութեան ենթարկելը, սակայն, ինչպէս չինական առածը կ՛ըսէՙ ամենաերկար ճամբորդութիւնն ալ մէկ քայլով կը սկսի: Ես կը կարծեմ, որ նախանձախնդրութեան պակաս կայ, սեփականը գուրգուրանքով անաղարտ պահելու մասնաւոր մտահոգութիւն չկայ շատերու մօտ, ընդհակառակը, արդիականացման մոլուցքով տարուածները, մեր լեզուն ալ կ՛ուզեն «արդիականացնել», զայն խճողելով երբեմն այնքան դժուարահունչ օտար բառերով, որոնք իւրացնելու եւ վերարտադրելու համար յատուկ ճիգ պէտք է, երբ անոնց հայերէն տարբերակները այնքան պարզ են եւ դիւրահունչ: Մեր լեզուն մեր ինքնութեան գրաւականն է. քանի-քանի օտար լեզուաբաններ ու գրչի մարդիկ հիացումով արտայայտուած են անոր մասին, մնաց որ մե՞նք անլուրջ վարուինք անոր հետ: |