ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ «ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ»ԻՆ ՄԷՋ Խմբագրական «Պայքար» շաբաթաթերթի, 18.08.2019 Բացի քաղաքական աշխատանքային այցերէն` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ամէն մէկ հանդիպումը հայ զանգուածներուն հետ ունի պատմական տարողութիւն ու նպատակ: Ու քանի իր հեղինակութիւնը դեռ բարձր կը սաւառնի ժողովրդավարութեան թեւերուն վրայ` կ՛արժէ որ ան ստեղծէ համակամութիւն հայութեան զանգուածներուն մօտ եւ հաստատէ նշաձողեր ծրագիրներու իրականացման: Այդ իմաստով չափազանց նշանակալից էր վարչապետին վերջին այցելութիւնը Արցախ, ուր ոչ միայն վերականգնեց Հայաստան-Արցախ միասնականութեան սկզբունքն ու գործնական հիմքերը, այլեւ համազգային տարողութեամբ մարտահրաւէրներ պարզեց համայն հայութեան դիմաց: «Արցախը Հայաստան է. վերջ» կարգախօսէն ետք ան հորիզոնը լայն բացաւ Հայաստանի բնակչութիւնը հասցնելու հինգ միլիոնի, որ իր հերթին կ՛ակնկալէ տնտեսական ենթակառոյցներու հզօրացումը եւ Հայաստանը գրաւիչ դարձնելու կայուն տուեալներ: Հիմա այցելութեան հերթը հասած է Լոս Անճելըսին, Երեւանէն Ստեփանակերտէն վերջ` եռապետութիւնը ամբողջացնելու հեռանկարով: Արդարեւ, վարչապետ Փաշինեան ծրագրած է Սեպտեմբեր 22ին (այսինքն Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին յաջորդ օրը) Լոս Անճելըսի «Կրանտ Փարք»ին մէջ ունենալ համաժողովրդային ելոյթ մը: Կ՛ըսէ վարչապետը. «Յոյս ունեմ որ մենք կը քննարկենք այն օրակարգը, որի մասին խօսել ենք նաեւ վերջին անգամ Ստեփանակերտում տեղի ունեցած հաւաքում, եւ յոյս ունեմ այդ օրը մի լաւ ջերմ, հայկական հաւաք կազմակերպել Լոս Անճելըսում, որը ոմանք արդարացիօրէն համարում են սփիւռքի մայրաքաղաք»: Լիբանանահայերը կը կարծէին, թէ Պէյրութն էր որ կը մնար իբրեւ սփիւռքի մայրաքաղաք, իսկ Ռուսաստանի հայերու համոզումով (որոնց թիւը աւելի է քան Հայաստանի բնակչութիւնը)ՙ Մոսկուա՛ն պէտք էր նկատուեր սփիւռքի մայրաքաղաք: Ի դէպ, Լոս Անճելըսի հայութիւնը ամէնէն ջերմ արտայայտութիւններով դիմաւորեց Փաշինեանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը: Մինչեւ անգամ շատեր ճղակոտոր կ՛ըլլային որ զանգուածաբար պիտի փոխադրուին Երեւան` այն օրը որ «Սերժիկը հրաժարի իշխանութենէն»: Բայց քանի լեռը չգնաց մարգարէին` հիմա մարգարէ՛ն է որ կ՛երթայ լերան մօտ: Վստահ ենք որ վարչապետը պիտի ընդունուի արժանապատիւ կերպով, տրամադրութիւններն ու խանդավառութիւնը պիտի ըլլան աւելի քան ջերմ: Վարչապետը իր հերթին կը խոստանայ իր հրապարակային ելոյթին մէջ քննարկել համազգային նպատակներ ու ծրագիրներ, հետեւաբար անոր ձայնը պէտք է տարածուի Լոս Անճելըսէն դուրս, համայն հայութեան մօտ: Վարչապետին կոչը եւ հրապարակած ծրագիրները պէտք է զօրաշարժի ենթարկեն եւ համազգային ու լարուած ոյժով առաջադրեն դէպի հայրենակերտում: Սակայն, այսօր հայաստանեան մամուլին մէջ ուրիշ եղանակներ կը լսուին եւ մինչեւ անգամ վարչապետին ելոյթը կանխելով զինք ուղղորդել յաւակնող ձայներ կ՚արձակուին: Այսինքն, գործի վրայ են «կրանտակերներ»ը, Հայաստանի մէջ ընդհանրացած բառակերտումներէն մէկը, որ հարազատօրէն կը բնորոշէ օտար սպասարկութիւններէ նպաստ ստացող անհատներ ու կազմակերպութիւններ, որոնք հարկադրանքին տակ են փոխ-հատուցումներ ընելու իրենց պատուիրատուներուն, պատառ-պատառ ու շերտ առ շերտ Հայաստանը վաճառելով կամ անոր արժէքները ապականելով: Շատ մեծ է թիւը «կրանտակեր»ներուն, Հայաստանի մէջ, ոմանք երեւելի, ուրիշներ` աներեւոյթ: Վարչապետին այցելութեան կապակցութեամբ ալ այդ մանրավաճառները իջած են հրապարակ, նոյնիսկ օրակարգ թելադրելով անոր: Այդ մանրավաճառներէն մէկը կը թուի ըլլալ Սարգիս Արծրունիի դիմակին տակ գործող գրիչ մը եւ հեռու չէ որ այդ դիմակին տակ գործող անձը նաեւ ունենայ ուրիշ դիմակ մըՙ Արամ Ամատունի (*): Եթէ նոյն անձը չէ զոյգ դիմակներուն տակ ծուարող գրիչը, ապա երկրորդը պէտք է ըլլայ անոր երկուորեակ զոյգը: Ի՞նչ բանը իրար կը կապէ այս երկուորեակները - իրենց գրութեանց մէջ տիրապետող հասարակաց առաքելութիւնը: Որովհետեւ, «կրանտակեր»ներուն պատուիրատուները ոչ միայն կը պարտադրեն քաղաքական սադրանք, այլ մանաւանդ` մեր մայրենի լեզուն բզկտելու պարտականութիւնը: Յիշեալ պիտակներու տակ հրատարակուած գրութիւնները ծրագրուած կերպով կ՛աղաւաղեն մեր մայրենին: 23 Օգոստոսին համացանցի մէջ երեւցող Արծրունիի յօդուածը, որ կը կրէ հետեւեալ վերնագիրըՙ «Նիկոլ Փաշինեանի կարեւոր յայտարարութիւնը. Յեղափոխութիւն սփիւռքում», վիրաւոր է հետեւեալ օտարաբանութիւններով - պլանաւորում, ռեստարտ, ֆետիշացում, դրանսֆորմացիա, ինստիտուցիոնալ, շանս, ինդեգրվել, գլոպալ: Եթէ ողջ ըլլար Ռաֆայէլ Իշխանեան` վստահաբար ցմահ բանտարկութեան կը դատապարտէր անձ մը, որ այսքան անարգանք ունի հայ լեզուին նկատմամբ: Վստահաբար պիտի խուսափէինք այս անուններու գործունէութեան անդրադառնալէ, եթէ եզակի երեւոյթ մը ըլլար անոնց առաքելութիւնը: Սակայն, այսպիսիներու գործունէութիւնը արտայայտութիւնն է բարացուցական ընդհանուր երեւոյթի մը: Հսկայ բանակ մը կը գործէ դիմակներու ետին ու դիմակներէ դուրս` ներսէն կրծելու համար մեր հայրենիքը եւ մինչեւ անգամ թրքական օրակարգ մը թելադրելով մեր ժողովուրդին ու պետութեան, ինչպէս պիտի նշենք աւելի ներքեւ: Վերոյիշեալ յօդուածին մէջ առաջադրուած են երեք գլխաւոր գաղափար -ծրագիրներ, որոնց երեքն ալ ներհակ են մեր ժողովուրդի շահերուն. Ա. Թրքական օրակարգ - Նախ սկսինք առաջարկուած թրքական օրակարգէն, որովհետեւ հայու արիւն ունեցող մը չի կրնար նման ծրագիրներ յղանալ, առաւել եւս` առաջարկել վարչապետին. այսպէս, կը գրէ Արծրունի- թրքատիպ առաջադրութիւնը. «Սփիւռքում յեղափոխութիւնը անհրաժեշտութիւն է, պէտք է մերժուեն հին համակարգերը, կարծրատիպերը: Եթէ ուզում ենք արդիւնաւէտ սփիւռք ունենալ, ապա պէտք է հրաժարուել պատմական արդարութեան վերականգման համար կռիւ տալուց, միայն Ցեղասպանութեան կամ պահանջատիրութեան հարցը օրակարգում պահելուց: Դրանք այլեւս կորցրել են իրենց արդիականութիւնը, կոնսոլիտացնող նշանակութիւնը եւ յանգեցրել են ինստիտուցիոնալ ճգնաժամի ոչ միայն համահայկական կառոյցներում, այլ նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններում»: Եթէ վերծանենք այստեղ այլասերած հայերէն լեզուն, պիտի գտնանք թրքատիպ հայ մը կամ հայատիպ թուրք մը: Մենք կը կարծէինք որ ցեղասպանութեան հետապնդումէն եւ պահանջատիրութենէ հրաժարելու կոչը կու գար միայն Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանէն, սակայն կը տեսնենք որ Հայաստանի արիւնոտ հողին վրայ քալող մարդիկ կան, որոնք իբրեւ համազգային ծրագիր կ՛առաջարկեն հրաժարիլ հայութեան էութեան հետ առնչուող սրբազան նպատակներէն եւ առաքելութենէն: Բ. Արհամարհանք սփիւռքի կառոյցներուն նկատմամբ . Սփիւռքի պատմութեան եւ իրավիճակին անտեղեակ այս «վերլուծաբանը» հետեւեալ բնորոշումը կու տայ սփիւռքի կազմակերպութեանց վերաբերմամբ, ինչպէս նաեւ ցարդ անոնց իրագործած առաքելութեան մասին, գրելով. «Պէտք չէ միամիտ լինել ու կարծել թէ սփիւռքի արմատական բարեփոխումը ծափահարութիւններով է ընդունուելու աւանդական կառոյցների կողմից, որոնք յաճախ խաղարկել են գաղթօճախների խնդիրը որպէս դիվիտենտ իրենց ազդեցութեան ցուցիչ»: Վիրաւորական ակնարկութիւնը, անշուշտ, ուղղուած է սփիւռքի կուսակցութիւններուն, որոնք գլխաւորած են պահանջատիրութեան պայքարը աւելի քան մէկ դար: Այսպիսի մարդոց մտածելակերպին տրամաբանական զարգացումն է ըսել, որ քանի պէտք է հրաժարինք պահանջատիրութենէն եւ ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարէն, հետեւաբար աւելորդ կը դառնան այդ պայքարը տանող կազմակերպութիւնները: Քանի երկրագունդին վրայ տակաւին գոյութիւն ունին այսպիսի տիպարներ` երբեք չի մահանար Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ն: Այսպիսի թերխաշ փիլիսոփաներ եթէ իրենց ակնարկը ուղղեն դէպի Եւրոպա, պիտի տեսնեն թէ այդ երկիրներու ժողովրդավար պետութիւնները հիմնուած են քաղաքական կուսակցութիւններու կառոյցին վրայ: Հայաստան երեք տասնամեակէ ի վեր չյաջողեցաւ գոյութեան կոչել կուսակցութիւն մը կամ կուսակցութիւններ, որոնք խարսխուած ըլլային քաղաքական հիմքի վրայ: Բոլոր կուսակցութիւններն ալ ծնան ու փլան խաղաքարտերու նման, որովհետեւ համախմբուած էին անհատի մը գրպանին կամ համբաւին շուրջ: Քանի ձգտում կայ Հայաստանի մէջ Եւրոպան կապկելու (այո, կապկելու եւ ո՛չ սորվելու), տակաւին երկար ատեն ժողովրդավարութիւն (democracy) կոչուած դրութիւնը անհասանելի պիտի մնայ: Եւ այս` կ՛ըսուի ոչ թէ պաշտպանելու սփիւռքի կուսակցութիւնները, այլ միայն պաշտպանելու Հայաստանը, ուր դեռ տիրապետող կը մնայ անհասկացողութիւնը կուսակցական քաղաքական կառոյցներուն մասին: Գ. Հակառուսական օրակարգ . «Կրանտակեր»ներու յանձնառութեանց եւ օրակարգին մաս կը կազմէ հակառուսական պայքարը: Գաղտնիք մը չէ, որ Եւրոպա եւ Ամերիկա կը ձգտին Ռուսաստանը հեռացնել Կովկասէն: Մասամբ յաջողեցան Վրաստանի պարագային` ի գին վերջնոյն անդամահատման: Միւս կողմէ, Արեւմուտքը իր ցանցին մէջ կը պահէ Ատրպէյճանը Իսրայէլի միջոցաւ: Հայաստանի քաղաքական թեքումը ապահովելու համար, ի միջի այլոց, ապաւինած են «կրանտակեր»ներուն, որոնց հրատարակութեանց իւրաքանչիւր տողին տակ - ու նաեւ` վրայ - հակառուսական արշաւն է թաքնուած: Բնականաբար հայ-ռուսական յարաբերութիւնները իտէալական վիճակի մէջ չեն, հետեւաբար, այս օտար գործակալներուն կը մնայ այդ յարաբերութեանց վրայ գտնուող իւրաքանչիւր անհարթութիւն խոշորացոյցով դիտել եւ բարձրաձայն թմբկահարել: Նոյնիսկ «քաղաքական վերլուծաբան»ի քղամիտը հագուած սնամիտներ, օր ցերեկով կը գրեն, որ ռուս ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Նավալնի իր ներշնչումը կը ստանայ Նիկոլ Փաշինեանէն եւ վաղը պիտի տապալէ նախագահ Փութինը: Հայաստան ռազմականօրէն կախուած է Ռուսաստանէն, ինչպէս նաեւ տնտեսապէս: Կան նաեւ գրողներ - ի միջի այլոց` Յակոբ Բադալեան - որոնք կը ցանկան Հայաստանը տեսնել ՆԱԹՕ-ի կազմին մէջ, առանց նկատի ունենալու, որ այս պարագային Ամերիկա ունի իր քաղաքական օրակարգերն ու նախընտրութիւններըՙ Թուրքիա, Իսրայէլ եւ քարիւղ: Յունաստան, որ շատ աւելի հզօր երկիր մըն է քան Հայաստանը` աղքատ ազգականի կարգավիճակ ունի ՆԱԹՕ-ի կազմէն ներս, Թուրքիոյ դիմաց: Թուրքիան յօշոտեց յոյներու Կիպրոս կղզին Ամերիկայի աչքերուն առջեւ, քիչ մըն ալ ամերիկեան քաջալերանքով: Հետեւաբար, ի՞նչ երաշխիք կրնայ ունենալ Հայաստանը որ կրնայ աւելի բարձր եւ ապահով կարգավիճակ մը վայելել ՆԱԹՕ-ի կազմէն ներս: Իր հակառուսական թոյնը սրսկելու համար Պր. Սարգիս կը գրէ. «Փաշինեանի նախաձեռնած համազգային երկխօսութեան առաջին կանգառը Լոս Անճելըսն է. նա նաեւ այն անուանեց «սփիւռքի մայրաքաղաք»` ինչ որ իմաստով հակակշիռ ստեղծելով ռուսահայ համայնքի համար, որի վերնախաւը շատ դէպքում դառնում է Հայաստանում ռուսական ազդեցութեան գործիք»: Քաղաքական տհասութիւն պիտի ըլլար Ռուսաստանի հայ համայնքը անտեսելը: Լոս Անճելըսը եւ արեւմտահայութիւնը ունին իրենց կառոյցները ազգային ու համազգային նպատակներ եւ ծրագիրներ հետապնդելու: Ռուսաստանի հայութեան մօտ կը պակսի քաղաքական նպատակասլացութիւնը եւ այդ պատճառաւ ալ ընդհանրապէս վերածուած է անդիմագիծ զանգուածի մը: Այդ իրավիճակին արմատը կու գայ անկէ, որ սովետը քաղաքականօրէն որձատած է հայութեան այդ հատուածը: Այդ պատճառաւ չէ՞ որ Լոս Անճելըսի հայաստանցի հայութիւնն ալ հեռու մնացած է գոյութիւն ունեցող քաղաքական կուսակցութիւններէն, ոչ ալ փորձած է ստեղծել իր քաղաքական կուսակցութիւնները: Ի դէպ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կարիքը չունի լսելու այսպիսի փանջունիական քաղաքական առաջադրանքները: Փաստօրէն այստեղ կը դրսեւորուի Հայաստանի քաղաքական հրապարակին վրայ տիրապետող կարճատեսութիւնը եւ Սփիւռք-Հայաստան իրար հակադրելու շարունակուող հիւանդագին մեծամտութիւնը: Լոս Անճելըսի հայութիւնը վստահօրէն վարչապետին պիտի ընծայէ ամէնէն խանդավառ ընդունելութիւն: Իսկ այդ քաղաքէն դուրս բովանդակ հայութիւնը պիտի ընդգրկէ վարչապետին առաջադրանքները: Միայն կը մնայ որ վարչապետ Փաշինեան ճամբայ չելած դէպի Լոս Անճելըս ցոյց տայ բանգէտներուն իրենց արժանի տեղը` առնէտներու թաքստոցին մէջ: *) Դրանք տարբեր անձինք են: |