RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#045, 2021-12-03 > #046, 2021-12-10 > #047, 2021-12-17 > #048, 2021-12-24

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #47, 17-12-2021



Տեղադրվել է` 2021-12-16 23:08:18 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2847, Տպվել է` 5, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

ՍԵՎԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ, Լիբանանի «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Պէյրութ-Երեւան, 14 դեկտեմբեր 2021

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարՙ Արարատ Միրզոյեանին

ՀՀ Արդարադատութեան նախարարՙ Կարէն Անդրէասեանին

ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի նախարարՙ Վահրամ Տումանեանին

ՀՀ Բարձր տեխնոլոգիական, Արդիւնաբերութեան նախարարՙ Վահագն Խաչատուրեանին

Յարգելի Տեարք,

Առ ի գիտութիւն ձեզի, վերջերս Ֆէյսպուքի տնօրէնութիւնը ահաբեկիչ կը համարէ ՀՀ Ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանը եւ առ այդ կ՛արգելափակէ Մոնթէի մասին գրառումներ կամ հերոսին նկարը հրապարակող Ֆէյսպուքի օգտատէրերուն էջերը եւ կամ առնուազնՙ տուեալ նիւթը: Նոյնը կը պատահի այն բոլոր գրառումներու պարագային, որոնք կը վերաբերին հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի զանազան հանգրուաններուն կարեւոր դեր ստանցնած ազատամարտիկներուն կամ անոնց պատկանած կազմակերպութիւններու անուններու նշումի պարագային:

Մեր կարծիքով, այս տնօրինումը առնուազն անյարգալից վերաբերմունք է Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, որուն կառավարութեան անդամներն էք դուք: Ահաբեկիչ նկատուող Մոնթէ Մելքոնեանը ՀՀ Ազգային Հերոս է ու պետական մակարդակով մեծ պարգեւներու արժանացած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ: Այլ խօսքովՙ եթէ Մոնթէ Մելքոնեանը ահաբեկիչ է, ապա զինք պարգեւատրած հանրապետութիւնը ահաբեկչական պետութիւն պէտք է համարել ըստ Ֆէյսպուքի տրամաբանութեան...: Նոյնը կը վերաբերի առնչակից կազմակերպութիւններուն կամ ազատամարտիկներուն, որոնց հանդէպ պետական թէ ժողովրդային մակարդակով մեծ յարգանք կայ Հայաստանի մէջ:

Պարզ է, որ այս արշաւի ետին կան թշնամի Ազրպէյճանն ու Թուրքիան եւ ըստ ոմանցՙ հայանուն դաւաճաններ:

Հիմնուելով, վերոյիշեալին վրայ, «Զարթօնք»ի խմբագրութեան եւ աշխարհասփիւռ ընթերցողներուն ու բարեկամներուն անունով կը դիմեմ ձեզիՙ իբրեւ նման հարց մը հետապնդելու գործելադաշտ եւ իրաւասութիւն ունեցող պետական գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, որպէսզի ձեր անմիջական հակադարձութիւնը ընէքՙ համապատասխան քայլեր առնելով Ֆէյսպուքի տնօրէնութեան մօտ սոյն անարդարութեան եւ կեղծիքին դէմ պայքարելու համար:

Մենք, վստահ ենք, որ ՀՀ կառավարութեանՙ պետական մակարդակով Ֆէյսպուքի տնօրէնութեան յղուած ընդամէնը մէկ նամակ այս հարցը միանգամընդմիշտ կը լուծէ:

Հետեւաբար մեր ակնկալութիւնն է, որ դուք ի պաշտօնէ պիտի չզլանաք ազգային եւ բարոյական սոյն պարտականութեան մէջՙ փորձելով ամէն բան ընել ազգային մեր արժէքներուն վրայ դրուած պիտակաւորումը վերացնելու համար:

Յարգելի նախարարներ,

Նշուած հարցով ձեր գործնական միջամտութիւնը կենսական է: Սոյն հարցով ձեզմէ ակնկալուած քայլըՙ վստահ եղէք, որ անպայմանօրէն յօգուտ մեր պետութեան եւ ազգային արժանապատուութեան պիտի ըլլայ:

Յարգանքներովՙ

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #47, 17-12-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ