RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#001, 2016-01-15 > #002, 2016-01-22 > #003, 2016-01-29 > #004, 2016-02-05

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #2, 22-01-2016



Տեղադրվել է` 2016-01-21 23:38:02 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1798, Տպվել է` 14, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 5

ԵՐԹՈՒՂԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱ՞ՌՔ, ԹԷ՞...

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Այնքան մեծ փափաք ունիմ մեր պետական մարդոց, գոնէ մէկ անգամուան համար, տեսնել երթուղային կանգառներէն «մարշուտնիի», կամ «ավտոպուսի» մէջ խցկուիլը: Միայն մէկ անգամ. տեսնեմ զիրենք ինչպէ՞ս կը թխմուին այդ սարտինի տուփերուն մէջ. նայիմ ինչպէ՞ս ոտք դնելու տեղ կը գտնեն, ինչպէ՞ս կորաքամակ կը մնան մինչեւ տեղ հասնին, ինչպէ՞ս իրար վրայ կը փլին ամէն անգամ, որ վարորդը,- մէկ ձեռքին սիկառէթը, միւս ձեռքին բջջայինը,- արգելակէ մեքենան. ջղային, գործէն զզուած, թթուած դէմքով վարորդը: Եւ թող ճամբորդներէն մէկն ու մէկը համարձակի դիտողութիւն ընել: Դիտողութիւ՞ն. դէ փորձեցէք եւ տեսէք, թէ «ինչ օրի կը գցի» ձեզ:

Տեսնեմ ու սիրտս զովանայ, թէ ինջպէ՞ս իր նման ոտքի կանգնողներուն, աւելի ճիշդՙ առաստաղէն կախուածներուն, իր վիզին, կամ քիթին ու բերնին արտաշնչած գունաւոր հոտերուն կը դիմանայ: Ինչպէս կը հանդուրժէ կանանց ուսերէն կախուած հսկայածաւալ պայուսակներու հարուածներուն, ամէն անգամ որ անոնք պարային շարժումներ ընեն մեքենային տատանումներուն հետ կշռոյթ պահելով:

Այսպէս կոչուած Տրանսպորտի նախարարութիւն ունինք, չէ՞, այդ նախարարը օր մը փորձա՞ծ է հանրային փոխադրակառք նստիլ. չեմ կարծեր. հապա՞ ժողովուրդը... Տղամարդիկը մէկ կողմ, մեղք չե՞ն այդ գեղեցիկ, վայելուչ, կաշիէ կամ մուշտակէ վերարկուներով կիները, որոնք առանց բողոքելու կամ դէմք ծռելու, հլու- հնազանդ կը բարձրանան այդ մեքենաները, պարզապէս քանի ուրիշ հնար չունին. աշխատանքի պիտի հասնին, ընտանիք պիտի պահեն:

Ասոր լուծումը մեզի համար դժուար չէ գտնել. կը շատցնես մեքենաներուն քանակը ու կարգիլես հանրակառքերուն եւ փոխադրակառքերուն մէջ ոտքի կանգնիլը եւ վերջ: Եւ վե՞րջ: Ի՜նչ միամիտ էք. այդքան ալ դիւրին բան չկարծէք: Մեզի համար դիւրին կը թուի, սակայն դուն իրենց հարցուր. մարդիկը դրամ պիտի աշխատին, որքան շատ մարդ լեցուի մեքենային մէջ, այդքան եկամուտ կըլլայ... Հասկցա՞ք. փոխադրամիջոցները պետական չեն, սեփական են... իսկ պիզնեսի համար այս փոխադրակառքերն ու երթուղայինները աշխատցնողներուն հո՞գն է, թէ մարդիկ ոչխար, կամ սարտին ձուկ դարձեր են, կոխկռտուեր են, կամ ճզմուեր են:

Հապա՞ նախարարութեան գործը ի՞նչ է. գործը՞, պարզ է, հարկ գանձել, շահաբաժին ունենալ:

Եկէք, Նոյի օրերէն մնացած սա հանրակառքերուն ալ աչք մը նետենք, որպէսզի տրանսպորդի մասին խօսածներս ամբողջանան: Այս հնադարեան փոխադրամիջոցներուն վարձակալները, իրենց սեփական տուները զարդարելու նման, իրենց յանձնուած հանրակառքերն ալ կը զարդարեն, իւրաքանչիւրը իր ճաշակով: Մէկը նորահարսի ննջասենեակ յիշեցնող տանթելներով զարդարած է պատուհանները, միւսը կանաչ պաստառներով պատած է ապակիները եւ նկարներ փակցուցած ներքին պատերուն վրայ. երրորդը, հաւանաբար կառքին հնաոճութիւնը չաղաւաղելու համար, եղածին պէս ձգած է ամէն ինչ, թէ՛ կեղտոտ նստարանները, թէ՛ պատ ու ապակի եւ յատկապէս իր խցիկը, որ մեքենավարի խցիկ ըլլալէն աւելի ինքնաշարժ նորոգողի արհեստանոցի կը նմանի, հոս հոն նետուած մեքենայի կտորներով, գործիքներով ու մատ մը հաստութեան իւղոտ փոշիով:

Եւ ըսել, որ քաղաքին մէջ խոզակռիփ կայ,.. եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը միջոցներ ձեռք կառնէ կանխարգիլելու համար վարակը:

Կառաջարկեմ, որ Տրանսպորտի եւ առողջապահութեան նախարարները, առաւելՙ քաղաքապետը, օր մը առ ի հետաքրքրութիւն բարձրանան այս փոխադրամիջոցները եւ վայելեն...

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #2, 22-01-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ