ՍՊԱՌՆԱԼԻՑ ԼՈԶՈՒՆԳԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ «Հող յանձնողին հողի՛ն կը յանձնենք» լոզունգի վերածուած սպառնալիքը, զգացական պոռթկում ըլլալէ աւելի, լուրջ մտահոգութեան թիրախ կը դառնայ, եթէ լաւ ճանչնանք Ղարաբաղի ժողովուրդը: 25 տարի առաջ նոր Սարդարապատի մը հանգոյն մղուած պատերազմը եւ հոյլ մը նահատակներու արիւնով ազատագրուած այդ պապենական սուրբ հողաշերտը արծաթեայ ափսէի վրայ թշնամիին յանձնելու մասին մտածողները դաւաճաններ են իրենց համար, հոգ չէ թէ քաղաքագէտներն ու մեր իշխանաւորները այլ կերպ մտածեն: Ըստ քաղաքագէտներուն, Արցախեան պատերազմին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջի գրաւուած տարածքները ոչ միայն ապահովական գօտի մը ունենալու ի խնդիր էին, այլՙ ապագայի սակարկութեանց ընթացքին օգտագործուելիք խաղաքարտեր, երբ Ատրպէյճանը պատրաստ ըլլար պաշտօնապէս ճանչնալու ԼՂՀ-ի անկախութիւնը: Սակայն Ղարաբաղի ժողովուրդին համար, Եռաբլուրի Ստեփանակերտի պանթէոններուն մէջ թաղուած ազատամարտիկներուն թափած արիւնով ազատագրուած Ղարաբաղը սակարկութեան առարկայ չի կրնար ըլլալ, եւ անոնք պատրաստ են «Հող յանձնողին հողի՛ն յանձնել»... Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, լեռնցի ժողովուրդը, Զէյթունէն մինչեւ Սասուն եւ Ղարաբաղ, իր հայրենի հողին սպառնացող վտանգի պարագային, երբեք չէ երկմտած, որոշած է կռուիլ ու ի պահանջեալ հարկին մեռնիլ ի պաշտպանութիւն իր հողին: Այս չի նշանակեր, որ դաշտայինները չեն կռուած, վկայ Վանի հերոսամարդը, սակայն լեռնցիներուն կարծրութիւնն ու յամառութիւնը տարբեր եղած է. ու ահա Ղարաբաղը, մեր նորօրեայ Զէյթունն ու Սասունը, որ սակարկութիւն չի ճանչնար, նոյնիսկ եթէ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ատրպէյճանը համաձայնութիւններու հասնին, որոշ տարածքներ զիջելու: Հայ ժողովուրդը իր երեքհազարամեայ պատմութեան ընթացքին ունեցած է շարք մը նշանակալից յաղթանակներ, որոնցմէ մէկն ալ Ղարաբաղի անկախութեան ի խնդիր մղուած պատերազմն էրՙ հայութեան նորագոյն պատմութեան հպարտառիթ յաղթանակը, զոր պահել ու ամրացնել պէտք է, ոչ թէ երկպառակութեան առարկայ դարձնել: Տակաւին թարմ է մտքերու մէջ եւ կոտտացող ցաւ է, երբ ժողովուրդը, կորսնցուցած ըլլալով վստահութիւնը իր ղեկավարութեան հանդէպ, կը հաւատայ, որ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մեր տուած զոհերն ու կորսնցուցած տարածքը դաւադրութեան արդիւնք էր բանակի ղեկավարութեան եւ երկրի իշխանութեան կողմէ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առթիւ պետականութիւն եւ ժողովուրդ մթագնիլ սկսած վստահութիւնը պէտք չէ աւելի մթագնել, հարկ է իրարհասկացողութեան գալով, ձեռք-ձեռքի տուած ամրացնել ու կայունացնել արիւնով շահուածը, թէ չէ այս յաղթանակին տարեդարձը կրնայ զսպուած ուրախութեամբ դիմաւորուիլ: Ժողովուրդին կեցուածքը եթէ զգացական է, իսկ պետութեանը տրամաբանական, անհրաժեշտ է տրամաբանութիւն եւ զգացում հաշտեցնել իրար եւ ուս-ուսի յառաջանալ դէպի նոր յոբելեաններ: Հայրենիքի սիրոյն իրար «հողին չյանձնենք». այդ մէկը վերապահենք միայն թշնամիին: |