RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#028, 2017-07-21 > #029, 2017-07-28 > #030, 2017-08-18 > #031, 2017-08-25 > #032, 2017-09-01

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #30, 18-08-2017



100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Տեղադրվել է` 2017-08-18 12:49:42 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 14250, Տպվել է` 1859, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԸ ՊԷՏՔ Է ՆՇՈՒԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ

ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ,Մոնրեալ

Վստահ եմ, թէ այս կոչ-վերնագիրը զարմանք չի պատճառեր եւ անակնկալ մը չէ հայ կեանքի առօրեայ բանավէճերուն հետեւող ընթերցողներուն համար, ըլլան անոնք Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ:

Այս յօդուածը տրամաբանական շարունակութիւնն է «Ազգ»ի Յուլիս 16-ի թիւին մէջ երեւցած յօդուածիս, որ կը կրէր «1918-2018, Հայոց պետականութեան Վերահաստատման Հարիւրամեակը նշենք առանց հատուածականութեան փորձութեան ենթարկուելու» վերնագիրը:

Արդարեւ, այն օրէն ի վեր, երբ Հայաստանի պետական շրջանակները ծանուցեցին, թէ յառաջիկայ տարի, 2018-ին, պիտի նշուի 1918-ի Մայիսեան օրերու հարիւրամեակը, Հայաստանի եւ մանաւանդ Սփիւռքի հայ մամուլին մէջ սկսան երեւիլ շեշտուած հատուածականութիւն արտայայտող յօդուածներ եւ առաջարկներ: Որոշ է թէ անոնք սկսան Հ.Յ.Դ.ի ենթակայ մամուլէն եւ անխուսափելիօրէն, անոնց հակադարձող ելոյթներ երեւցան եւ կը շարունակեն երեւիլ ոչ կուսակցական, ինչպէս նաեւ Ռամկավար մամուլին մէջ:

Մասնաւորապէս, Սփիւռքի դաշնակցական մամուլին մէջ երեւցող իրարայաջորդ յօդուածներէն ակնյայտ է, թէ անոնք շեշտուած կերպով կը միտին վերադառնալ 1918 Մայիս 28-էն ետք, աւելի քան 70 տարիներ շարունակ, իրենց տարած միահեծան դաշնակցականակեդրոն քաղաքականութեան: Արդարեւ, ամբողջ այդ տարիներուն ընթացքին, Հ.Յ.Դ.ն նոյնիսկ անտեսելով իր իսկ աղբիւրներուն մէջ ժամանակին արձանագրուած պատմական տուեալները, բացայայտօրէն այլամերժ գործելակերպ մը որդեգրեց, Առաջին Հանրապետութիւնը ամբողջովին իւրացնելով իբրեւ Հ.Յ.Դ.-ի առանձին իրագործումը: Դժբախտաբար դաշնակցականները նոյնիսկ Ա. Հանրապետութիւնը եւ եռագոյն դրօշակը դարձուցին նշանաբան այն պայքարին, որ անընդհատ կերպով տարին այդ օրերուն, ընդդէմ ամէն անձի, հաստատութեան կամ ձեռնարկի, որ կը կատարուէր յօգուտ Հայաստանի, Ս. Էջմիածնի եւ հայաստանանիստ մշակութային, գրական կամ գիտական որեւէ նախաձեռնութեան:

Այսօր, դժբախտաբար, դաշնակցական մամուլը կը վերադառնայ այդ նոյն ինքնակեդրոն հոգեբանութեան, առանց անդրադառնալու, թէ ներկայ ժամանակներուն այդ կեցուածքը աւելի քան երբեք այլեւս բոլորովին անընդունելի է: Այս գործելակերպին արտայայտութիւններէն մէկն է, այս օրերուն անոնց տարած ջանքը 1918 Մայիսեան օրերու գործիչներէն ոմանց ներկայացնելով որպէս անառարկելի համահայկական հերոսներ, հասնելու համար մինչեւ հոն, ուր շեշտուած մամլարշաւով մը առաջ կը քշեն այն գաղափարը, թէ անոնցմէ մէկուն կամ երկուքին արձանները պէտք է 2018-ին կանգնեցուին Երեւանի գլխաւոր հրապարակներուն վրայ:

2018-ի Մայիսին նշուելիք հարիւրամեակի նախօրէին անհրաժեշտ է որ Հ.Յ.Դ.ն անդրադառնայ, թէ պէտք է հրաժարի անցեալին ազգային մեծ տագնապներու առաջնորդած իր ինքնակեդրոն եւ այլամերժ կեցուածքէն, որպէսզի հարիւրամեակը դառնայ իսկական համահայկական տօնակատարութեան առիթ` նուիրուած վեց դարեր ետք հայոց պետականութեան վերահաստատման եւ որպէս այդ ամբողջ հայութիւնը հպարտացնող իրողութեան:

Անվիճելիօրէն, հարիւր տարիներէ ի վեր շարունակուող մեր պետականութեան մեկնակէտը հանդիսացաւ Սարդարապատի համահայկական մասնակցութեամբ իրագործուած յաղթական հերոսամարտը, որուն յաջորդեցին առանց ընդմիջումի Առաջին, Երկրորդ եւ այսօրուան Երրորդ Հանրապետութիւնները: Այս երեք շրջաններուն ընթացքին կատարուեցան եւ այսօր կը կատարուին յայտնի եւ քոնքրէթ իրագործումներ եւ սակայն նաեւ իւրաքանչիւրին տեւողութեան ընթացքին թոյլ տրուեցան եւ այսօր ալ թոյլ կը տրուին բացասական անհերքելի ազգավնաս բացթողումներ, որոնց նաեւ հաշուետու են օրուան պատասխանատուները:

Անգամ մը եւս, պէտք է տալ զկայսերն կայսեր, եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ:

Միտքերը աւելի եւս բիւրեղացնելու համար վերջին բաժնին մէջ պիտի թուարկեմ շարք մը հանգրուանային հաստատումներ, որոնք հիմնուած են պատմական վաւերական տուեալներու վրայ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ նիւթ դառնալ մանրամասն փաստարկումներով հաստատուած մէկ կամ աւելի յօդուածներու: Այստեղ սակայն անոնց յաջորդական եզրակացութիւնները կարելի չափով ամփոփուած ձեւով կը ներկայացնեմ, որպէսզի անոնք ծառայեն որպէս հիմք այս կենսական հարցին շարունակուող բանավէճին:

Ա.) Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջաւորութեան զուգադիպող, 1918-ի Մայիսեան օրերը եւ յատկապէս Մայիսի վերջին տասը օրերուն իրերայաջորդ ցնցիչ պատահարները Հայաստանի համար բացառաբար խառն շրջան մը եղած են անկասկած: Մէկ օրը միւսէն ետք, նոյնիսկ մէկ ժամը միւսէն ետք զիրար հակասող եւ աննախատեսելի զարգացումներով լեցուն օրեր եղած են անոնք: Այդ օրերուն հայ հաւաքականութեան ղեկավարի դերին մէջ գտնուող ոեւէ անձ կամ կազմակերպութիւն ոչ մէկ կերպ պատրաստ կամ կարող էր իր ազատ կամքով եւ հայոց գերագոյն շահերուն վրայ հիմնուելով միայն շարժելու, մինչ երկիրը շրջապատուած էր թշնամիներով եւ ենթակայ էր անոնց կողմէ պարտադրուող ճնշիչ պայմաններու: Պարզ խօսքով, իրականութիւնը այն է, թէ մինչեւ համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութիւնը, այսինքն 11 նոյեմբեր 1918-ը, նոյնինքն Թուրքիան է որ կը պարտադրէր Անդրկովկասի երեք երկիրներուն եւ յատկապէս Հայաստանին առնելիք քաղաքական որոշումները: Յայտնի է ուրեմն, թէ մասնաւորապէս Մայիս 28-ի օրերուն, Թուրքիան է որ հակակշիռը ունէր քաղաքական կացութեան եւ Թուրքիան է որ Հայաստանին կը պարտադրէր իր պայմանները, որոնց կարգին էր նաեւ անկախութիւն հռչակելու պարտադրանքը:

Բ). - Այս մղձաւանջային կացութեան մէջ, մայիսեան այդ օրերուն, թուրք կանոնաւոր բանակը կը յառաջանար Կովկասի ճակատին վրայ դէպի Երեւանՙ վերջնականօրէն գրաւելու ծրագրով ամբողջ Հայաստանը: Ահա մահու-կենաց ճգնաժամային այդ հանգրուանին է, որ տեղի ունեցաւ համաժողովրդական աննախընթաց եւ անկիւնադարձային հայկական մեծ իրագործում մը: Ամբողջ հայութիւնը անխտիր, գիւղացի, մտաւորական, հոգեւորական, կուսակցական եւ ոչ կուսակցական, պատասխանելով Էջմիածնայ ղօղանջներով արձակուած զօրակոչին, հրաշքի համազօր եւ հերոսական կամքով ոտքի կանգնեցաւ թուրք բանակին դէմ եւ անհաւատալիօրէն պարտութեան մատնեց զայն Սարդարապատի ճակատամարտին: Դէպի անկախութիւն առաջնորդող անկիւնադարձային այս դէպքը ընդունուած է նշել մայիսի 25-ին որպէս Սարդարապատի համահայկական յաղթական հերոսամարտ:

Գ). - Սարդարապատին յաջորդող օրերը տակաւին շատ ծանր եւ մղձաւանջային էին հայութեան համար: Հայաստանի մէկ փոքր բեկորը ժամանակաւոր կերպով փրկուած էր Թուրքիոյ ճիրաններէն, սակայն Հայաստան ոչ բանակ ունէր, ոչ նիւթական միջոց, ոչ պետական կառոյց, մէկ խօսքովՙ ոչ մէկ ազդակ ունէր որպէսզի յաւակնէր թէ կրնար անկախ պետութիւն դառնալ: Այդ պայմաններուն մէջ Հայաստանի ճակատագրին պատասխանատու մնացած բոլոր հոսանքները, անոնք ըլլան Հ.Յ.Դ., Ս.Դ.Հ.Կ. կամ տակաւին Ռ.Ա.Կ.ը չստեղծուած սակայն անոր մաս կազմելիք ժողովրդականներ, ռամկավարներ եւ այլն, բոլորն ալ կ՛ուզէին ամէն գնով ոտքի պահել Անդրկովկասեան Սէյմը, որուն մաս կը կազմէր Հայաստանը, նստատեղ ունենալով Թիֆլիսը: Մերիններէն ոչ մէկը կը ցանկար անկախութիւն հռչակել:

Դ). - Սակայն մայիսի 26-ին վրացիներու միակողմանի որոշումով լուծուեցաւ Սէյմը: Ատրպէյճան յաջորդ օրն իսկ նոյնպէս հռչակեց իր անկախութիւնը: Հայերը մնացած էին առանձին եւ կը գտնուէին թրքական ճնշման տակ: Յաջորդ օրերուն եւ նոյնիսկ ժամերուն, թէեւ այլընտրանք չկար, սակայն հայկական բոլոր հոսանքներուն մէջ, ներառեալ Հ.Յ.Դ.ն, անկախութեան հռչակման համաձայն եւ հակառակողներ կային: Մասնաւորելով Հ.Յ.Դ.ն, օրինակՙ Աւետիս Ահարոնեան դէմ էր, մինչ Սիմոն Վրացեան թեր էր, պարզապէս որովհետեւ այս վերջինը կ՛ըսէր, թէ «այլ ելք չկար Հայաստանի համար»:

Ե). - Ի վերջոյ, 28-29-30 մայիսի վերջին օրերուն երկար տատամսումներէ ետք Հայաստան ստիպողաբար հռչակեց իր անկախութիւնը, ոչ որպէս ցնծութեան եւ տօնակատարութեան արժանի դէպք: բացայայտ են այս մասին նոյն ինքն Սիմոն Վրացեանի արձանագրութիւնները:

Զ). - Այնուամենայնիւ մայիս 28 թուականը որոշուեցաւ նկատել անկախութեան հռչակման օր: Այսպիսով Հայաստան օրինաւորապէս կը դառնար պետութիւն: Հետեւաբար մեր պատմութեան համար նշուելու արժանի օր մըն է անկասկած Մայիս 28-ը: Սակայն միանգամ ընդմիշտ որոշ է, թէ Մայիս 28-ը ոչ մէկ կողմի կամ կուսակցութեան կողմէ վաստակուած թուական մըն է: Սիմոն Վրացեանի կրկնակի խօսքերովՙ անկախութիւնը պարտադրուած էր Թուրքիոյ կողմէ:

Է). - Այդ օրերուն ոչ միայն Հ.Յ.Դ.ն, այլ ամբողջ հայութիւնը, իր ունեցած սահմանափակ եւ խեղճ միջոցներով, զօրավիգ կանգնեցաւ նորանկախ Առաջին Հանրապետութեան: Դժբախտաբար յաջորդող երկու տարիներուն, սակայն, Հ.Յ.Դ.ն հետեւողական կերպով պետական կառոյցները սեփականացնելու գործին լծուեցաւ, տարբեր միջոցներով միւս քաղաքական հոսանքներու ներկայացուցիչները դուրս ձգելով այդ կառոյցներէն: Հակառակ այս այլամերժ գործելակերպին, ամբողջ հայութիւնը իր օգնութեան ձեռքը երկարեց երկրին: Ալեքսանդր Խատիսեան երբ Գահիրէ մեկնեցաւ, իր հանգանակութիւնը կազմակերպուեցաւ ռամկավարներու եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ամբողջական գործակցութեամբ: Նոյնպէս ռամկավարները յաջողեցան յատուկ դրամահաւաքով միջոցներ ստեղծել այդ օրերոն, Հայաստանի դիւրաբեկ հանրապետութեան համար ռազմական օդանաւեր գնելու...:

Ը). - 1918-ին յաջորդող երկու տարիներուն ընթացքին, պարտուած Թուրքիան կրկին ոտքի կանգնեցաւ եւ ձեռնարկեց Հայաստանը ամբողջութեամբ գրաւելու իր անփոփոխելի ծրագրին: Ահա այս միջոցին է, որ հայ համայնավարներու առաջնորդութեամբ եւ կարմիր բանակի սուիններով Հայաստան 1920 նոյեմբերի 29-ին դարձաւ խորհրդային եւ հաստատուեցաւ Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութիւնը:

Թ). - Յաջորդող 70 տարիներու ընթացքին, խորհրդային իրաւակարգի տակ, Հայաստան ապահով սահմաններու վիճակէն օգտուելով ինքզինք արագօրէն կազմակերպեց եւ անվիճելիօրէն, աննախընթաց յառաջդիմութեան եօթը տասնամեակներ բոլորեց պետականութեան վայել բազմաթիւ բնագաւառներուն մէջ: Տնտեսութեան, ճարտարարուեստի, գիտութեան, մշակոյթի, գրականութեան, մէկ խօսքովՙ երկրի մը վայել բոլոր բնագաւառներուն մէջ, Հայաստան ապրեցաւ ստեղծագործման եւ հզօրացման աննախադէպ տարիներ: Սակայն նոյն ժամանակ, եւ անխուսափելիօրէն, ան ենթարկուեցաւ համայնավար կարգերու յատուկ ամէն տեսակի ճնշումներու եւ խժդժութեանց:

Ժ). - Ի վերջոյ 1991-ին, միջազգային աննախատեսելի զարգացումներու հետեւանքով եւ հայ ժողովուրդի ոյժերէն շատ աւելի վեր քաղաքական վերիվայրումներու հետեւանքով, Խորհրդային Միութիւնը փլուզուեցաւ եւ այդպէսով, անգամ մը եւս իրմէ անկախ պարագաներու հետեւանքով, Հայաստան հռչակեց իր նոր անկախութիւնը: Այսպիսով 21 սեպտեմբեր 1991-ին ստեղծուեցաւ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութիւնը:

Վերջին հարիւր տարիներու մեր պատմութեան այս արագ ուրուագիծը ցոյց կու տայ, թէ մինչ 1918 մայիս 25-ին, հայ ժողովուրդը ինք իր միջոցներով եւ միացեալ ոյժերով իրագործեց. անկիւնադարձային եւ յաղթական Սարդարապատի հերոսամարտը, ինչպէս եւ յաջորդական երեք հանգրուանները, Մայիս 28, Նոյեմբեր 29 եւ Սեպտեմբեր 21 ով նշանաբանուած անկախութիւնները եւ համապատասխան հանրապետութիւնները, ի վերջոյ, հայ բանակներու յաղթանակներով ձեռք բերուած իրադարձութիւններ չեն:

Հարիւրամեակը բաւականաչափ երկար շրջան մըն է որպէսզի կարենանք որպէս թանկագին իրականութիւն գնահատել եւ արժեւորել այսօր մեր ունեցած անկախութիւնը: Մաղթենք, որ համահայկական եւ միացեալ ոյժերու մասնակցութեամբ այսօրուան Երրորդ Հանրապետութիւնը ըլլայ յարատեւ:

Եզրակացնելէ առաջ անդրադառնանք նաեւ հարիւրամեակի առիթով Հ.Յ.Դ.ի կողմէ շղթայազերծուած մամլոյ արշաւի արծարծուած միւս նիւթին: Պատմութեան նժարին վրայ, հարիւրամեակի մը կարճ ժամանակամիջոցին վերջաւորութեան, այս կամ այն անձնաւորութիւնը որպէս համահայկական անվիճելի հերոս կը ջանան ներկայացնել անոնք եւ կը ջանան մէկուն կամ միւսին արձանը զետեղել Երեւանի գլխաւոր հրապարակին վրայ:

Այս պայքարը եւս մեր օրերու մթնոլորտը խանգարելու միտող նիւթ մըն է: Եթէ իրենք կ՛առաջարկեն Արամ Մանուկեանը կամ Դրօն, անոնց չափ եւ անոնցմէ աւելի համահայկական յարգանք կը վայելէ եւ հետեւաբար արժանի է այդ պատիւին Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանը: Վստահաբար Դաշնակցութիւնը սաստիկ կերպով պիտի վիճի եւ ընդդիմանայ այս վերջին առաջարկին...:

Եկէք ուրեմն, եթէ անհրաժեշտ է արձան կանգնեցնել, առաջարկենք, որպէս անվիճելի նշանաբան հայ հզօր պետականութեանՙ Մեծն Տիգրանը...

Ուրեմն որպէս եզրակացութիւն կը վերադառնամ փոքր յաւելումով մը` այսօրուան յօդուածիս վերնագրին` «Եկէք համաձայնինք, չսեփականացնելու այս պատմական առիթը, որպէսզի 2018 Մայիսին, Հայոց Պետականութեան Հարիւրամեակը նշուի Համահայկական եւ Համերաշխ Ոգիով»:

Անհրաժեշտ է ամէն կերպով խուսափիլ հատուածականութեան առաջնորդող ամէն նախաձեռնութիւնէ:

Մոնթրէալ

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #30, 18-08-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ