ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ, ՍՈՒՐԻԱ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ռուսիոյ Մեծն Պետրոս ցարի երազանքը «Միջերկրականի տաք ջուրերուն» հասնելու, իրականութիւն դարձաւ, երբ, վերջերս, Սուրիոյ հետ կնքուած համաձայնութեամբՙ Թարթուսի նաւահանգիստը 49 տարի վարձու առնելով, թէեւ շատ առաջ ռուսերը առած էին ծովուն հոտը, երբ Եգիպտոս եւ Սուրիա նախընտրեցին սովետներու կողմը թեքուիլ, քանի որ Ամերիկան արաբներու թշնամիՙ Իսրայէլի հովանաւորն էր, իսկ վերջինս անընդհատ պատերազմի մէջ էր արաբներուն հետ, մասնաւորաբար 1956-ի Սուէզի ջրանցքին վրայ Անգլիա-Ֆրանսա- Իսրայէլ եռակողմ յարձակումին հետեւանքով: Թէեւ ոչ Ամերիկային համար, ոչ ալ Իսրայէլի համար հաճելի է ռուսական մնայուն ներկայութիւնը իրենց քիթին տակ, սակայն ակամայ պիտի համակերպին, այնքան ատեն որ Իսրայէլի սահմանակից երկիրները ստիպուած են հանդուրժել Իսրայէլի անտանելի ներկայութիւնը: Հիմա Սուրիոյ քարտէսը գունաւոր կարկտաններով շինուած մեծմայրիկներու ծածկոցներուն կը նմանի: Հարաւ-արեւմտեան կողմի Գոլանի բարձունքները յիսուն տարիէ ի վեր գրաւուած կը մնան Իսրայէլի կողմէ: Հիւսիս-արեւմտեան կողմըՙ Ալեքսանտրէթի մարզը, 80 տարիէ ի վեր գրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, իսկ հիմա Իտլիպ եւ Աֆրին ներխուժած Թուրքիան Սուրիայէն ելլելու միտք չունի կարծես, քանի որ արդէն այդ շրջաններուն մէջ թրքացումի լուրջ աշխատանքներ կը տարուին: Հիւսիս-արեւելեան կողմը քիւրտերը բռնած են, որոնց կացութիւնը յստակ չէ, որովհետեւ ատենը անգամ մը փոփոխութեան կ՛ենթարկուին անոնց բարեկամներն ու թշնամիները: Արեւելեան կողմը տակաւին ԻՊ-ի ահաբեկչական օջախներ կան: Արեւմտեան կողմը, Թարթուսի շրջանը, ինչպէս վերը յիշեցի, Ռուսիան նստած է: Եւ ըսել, որ Սուրիոյ ութնամեայ պատերազմը աւարտին հասնելու վրայ է, պարզապէս ցանկատեսութիւն է: Սուրիան վիրաւոր ըլլալով հանդերձ, հեռու ըլլալով խաղաղութենէ, տակաւին հեռու է նաեւ փլուզումէ, բայց այլեւս նախկին Սուրիան վերստին կեանքի կոչելը քիչ մը տարակուսելի է: Ինչ-ինչ դրդապատճառներու գլխուն Իսրայէլի ապահովութեան գերխնդիրն էր հիմնականը, որուն համար գրեթէ ամբողջ աշխարհը յարձակում գործեց Սուրիոյ վրայ, բայց նախատեսուած քանի մը ամիսէն անոր հաշիւը փակելն ալ մնաց անկատար: Դիմատետրի (Ֆէյսպուք) մէջ Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ռոլան Տիւմա յայտարարութիւն մը տարածած է, ուր ինք անձնապէս խօսելով կ՛ըսէ, թէ իր շրջանին պաշտօնական այցելութեամբ երբ Անգլիա գտնուած է, այնտեղ իմացեր է որ Անգլիան կը պատրաստուի ներխուժել Սուրիա, որովհետեւ Իսրայէլի ապահովութեան սպառնացող որեւիցէ պետութիւն պէտք է քանդուի: Այսպիսի յայտարարութիւն մը պետական այրի մը կողմէՙ մարդու մարմինը փշաքաղել կու տայ, երբ իրազեկ կը դառնայ, որ աշխարհի «խամաճիկներուն» թելերը փաստօրէն Իսրայէլի ձեռքն են: Վերադառնանք Թարթուսին, որ Լաթաքիայէն ետք Սուրիոյ ամենակարեւոր նաւահանգիստն է. որ մօտ է Լիբանանի սահմանին, հեռու չէ նաեւ Իսրայէլի սահմանէն, այնպէս որ բաւական լուրջ դիրք մը զբաղեցուցած կ՛ըլլայ, երբ իր տեսադաշտին մէջ կ՛ընդգրկէ ամբողջ Միջերկրականը: Ասոր փոխարէն Ռուսիա ի՞նչ զիջումներ կատարած է յաչս Իսրայէլին, Արեւմուտքին եւ Թուրքիոյ. թէեւ տեսանելի բաներ կան, սակայն թաքնուածը ծանօթ չէ: Երկիրներ յաճախ ուրիշ երկիրներէ հողատարածքներ վարձած են ժամանակաւոր պայմանագրով եւ նիւթաքաղաքական ու տնտեսական տարբեր համաձայնութիւններով: Օրինակՙ Անգլիան 99 տարիով վարձած էր Հոնկ Քոնկը Չինաստանէն (թէեւ անգլիական գաղութ էր ան ամբողջ 156 տարի) եւ ,- ըստ համաձայնութեան,- պայմանագրի աւարտինՙ 1997-ին դուրս եկաւ եւ զայն յանձնեց իր տիրոջ. Նայինք, 49 տարի ետք Ռուսիան դուրս պիտի գա՞յ Սուրիայէն, թէ՞ պայմանագիրը երկարաձգելի է: Այս համաձայնութեամբ ի՞նչ կը շահի Ռուսիան եւ ի՞նչ կը շահի Սուրիան, այդ արդէն մասնագէտներու գործն է, սակայն այս ութամեայ պատերազմին պատճառով տառապակոծ Սուրիան կրնայ ապահով զգալ իր հողերուն վրայ Ռուսիոյ նման գերպետութեան մը ներկայութեամբ: Այստեղ մէջս ակամայ հարց կը ծագի. արդեօք Հայաստանն ալ միեւնոյն զգացումը ունի՞, իր հողին վրայ ռուսական ռազմական «բազա»ի ներկայութեամբ: |