ԴԷՊԻ ԱՊԱՀՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԳԼԽԱՎՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՌԱԿ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ, Լիոն Սփյուռքում գործող Ռամկավար Ազատական կուսակցության տարբեր կառույցները տարբեր երկրներում այս օրերին զորակցության ու համերաշխության միջոցառումներ են կազմակերպումՙ ի նպաստ ՀՀ գործող նախագահ, նախագահության թեկնածու Սերժ Սարգսյանի: Այդ միջոցառումներից առաջինը տեղի ունեցավ փետրվարի 8-ին, Ֆրանսիայի Լիոն քաղաքում: Նույն օրը նմանօրինակ ձեռնարկ կազմակերպվեց Լիբանանի մայրաքաղաք Բեյրութում, իսկ երկու օր հետո, փետրվարի 11-ին, Նյու Յորք-Նյու Ջերսիի շրջանում: Այսօր հերթը Լոս Անջելեսինն է, որտեղ ՌԱԿ-ի անդամները, համակիրներն ու այլ կազմակերպությունների ներկայացուցիչները իրենց զորակցությունը կհայտնեն Ս. Սարգսյանին: Ստորեւՙ Լիոնից ստացված հաղորդագրության Ֆրանսիայի ՌԱԿ շրջանային վարչության կազմակերպած ձեռնարկի մասին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն 22-տարի է որ ազատ եւ անկախ է, հայ Ժողովուրդը, հակառակ դժուարին մարտահրաւէրներուն, իր նորագոյն պատմութեան լուսաւոր շրջանը կ՛ապրի, եւ, այսուամենայնիւ, անկախ Հայաստանը ամրապնդելու համար լուրջ պահանջներու առջեւ կը գտնուի: Իսկ Արցախը, իր ազատութիւնը տեւականացնելու ու տնտեսական վիճակը բարելաւելու համարՙ մեր բոլորին անմիջական օգնութեան կը կարօտի: Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի հայ գաղութներուն, անոնք իրենց գոյատեւման հրամայականները պէտք է պատշաճեցնեն արդի իրականութեան պահանջներուն համապատասխանՙ հայակերտում եւ հայրենակերտում, այլ խօսքովՙ պէտք է բարեկարգել, վերանորոգել ու զօրացնել հայկական գաղութները ի շահ Հայաստանի, անոր պետականութեան: Արդ, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Ֆրանսայի շրջանակը ՀՀ նախագահական առաջիկայ ընտրութիւններու առթիւ զօրավիք կը կանգնի գործող նախագահինՙ յանձին Սերժ Սարգսեանի, զայն նկատելով յարմարագոյն թեկնածուն, անոր վերընտրուելու յոյսով: Արդարեւ, Ս. Սարգսեան 5 տարի առաջ երկրին կառավարումը ստանձնեց քաղաքական ու տնտեսական դժուարին ժամանակաշրջանին եւ յաղթահարելով բազում դժուարութիւններՙ այսօր բոլոր միւս թեկնածուներէն աւելի պատրաստ է նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: ՌԱԿ-ը վստահ է, որ Հայաստանի յետագայ զարգացման ու հզօրացման համար շատ կարեւոր է քաղաքական ներկայ ուղիին շարունակութիւնըՙ էական որոշ շտկումներով հանդերձ, նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման հրամայականը: Արցախեան հարցով նախագահ Սերժ Սարգսեանի ջանքերը, վճռական ու խելամիտ դիրքորոշումը կարեւոր երաշխիքն է հայկական մեր երկու պետութիւններու անվտանգութեան եւ զարգացման համար: Ս. Սարգսեանի նախագահութեան այս 5 տարիներուն նոր կամեցողութիւն ու որակ դրսեւորեցին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններըՙ նոր վստահութիւն ներշնչելով սփիւռքահայութեան, նոր հնարաւորութիւն տալով սփիւռքահայութեանՙ գործնական ներդրում ունենալու Մայր հայրենիքի կայունացման գործընթացին մէջ, շնորհիւ անոր հետեւողական քաղաքականութեան: Հայ դատի պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ ընդլայնուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանաչցող երկիրներու աշխարհագրութիւնը եւ նպաստեց այդ հարցով սփիւռքահայ գաղութներու նպատակասլաց գործունէութեան: Եւ ինչպէս Հայաստանի մէջ ՌԱԿ-ը, այնպէս ալ Սփիւռքի տարածքին գործող ՌԱԿ-ը 2013թ. նախագահական ընտրութիւններուն կը պաշտպանէ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը եւ կարելի բոլոր միջոցներով կը սատարէ անոր յաղթանակին, թէեւ հասկնալի կերպով, սփիւռքահայերս քուէարկու ձայն չունինք, սակայն մեր ազգային քաղաքականութեան թելադրանքով թիկունք կը կանգնինք անոր վերընտրութեան, մերը դարձնելով անոր նախընտրական կարգախոսները- «Ապահով Հայաստան, որուն գրաւականն է Հայոց բանակը, արտաքին յստակ քաղաքականութիւն, ԼՂՀ ճակատագրի որոշողը միայն Արցախի Ժողովուրդն է, միշտ Սփիւռքի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ, արդար եւ ազատ Հայաստանն է ապահով Հայաստանը` ապահովուած ընտանիք, աշխատանք եւ արժանապատիւ վաստակ, ապահովուած գիւղ, արդիւնաւէտ գիւղատնտեսութիւն, համաչափ զարգացում երկրի ամբողջ տարածքին, ընկերային պաշտպանուած ընտանիքներ, առողջ ընտանիքներ, մշակոյթ, կրթութիւն եւ գիտութիւն, երիտասարդութիւն եւ սպորտ»: ՌԱԿ-ը վստահ է նաեւ, որ Սերժ Սարգսեանը պիտի շարունակէ ներքին մթնոլորտի մեղմացման իր քաղաքականութիւնը, պիտի ապահովէ տնտեսութեան իրական բարելաւումը եւ մրցակցութիւնըՙ բարենպաստ պայմաններով: ՌԱԿ-ը վստահ է նաեւ, որ յառաջիկայ 5 տարիներուն Սերժ Սարգսեան նոր բարեփոխումներ պիտի իրականացնէ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, հաւասարութեան, խօսքի ազատութեան, քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ու զարգացման մարզերուն մէջ: Միաժամանակ, մեր թեկնածուի ուշադրութեան կը յանձնենք գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, ազգային ներուժի արտացոլցման խնդիրներըՙ Հայաստանի հզօրացման համար... Այս առթիւ, ուրբաթ 8 փետրուար 2013 թ. Լիոնի lecoeron շքեղ ճաշարանին մէջ ճաշկերոյթ-բանախօսութիւն տեղի ունեցաւ, կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Ֆրանսայի շրջանային վարչութեան, ներկայութեամբ Ռոն-Ալփեան շրջանի հոգեւոր տեսուչ Տ. Դաւիթ արք. Սահակեանի, ինչպէս նաեւ գաղութիս բազմաթիւ ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, համակիրներու, բարեկամներու, կուսակցութեանս անդամներու, ՌԱԿ ակումբներու ատենապետներուն, ինչպէսՙ Լիոնէն Կարապետ Փալթօպետրոսեան, Արման Շերէֆ, Վալանսէն Պետիկ Օհանեան, Մարսէյլէն Տիրան Կարապետեան, Շրջանային վարչութեանս անդամներ Ժագ Էքմեքճեան, Մատլէն Երէմեան, որոնք իրենց զօրակցութիւնն ու խանդավառութիւնը յատնեցին Սերժ Սարգսեանի թեկնածութեան նկատմամբ: Մեծ համոզումով բանախօսեց ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վազգէն Էսկիճեան: Ներկայ մասնակիցներու իսկ վկայութեամբ մեծ յաջողութեամբ աւարտեցաւ հանդիպումը, մանաւանդ որ կը մասնակցէին երիտասարդ սերունդի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ ալ, որոնք տոգորուած են Հայ դատի հետապնդման, աւելի հզօր Հայաստանի մը ստեղծման գործին իրենց մասնակցութիւնը բերելու, ամէն գինով Հայաստանի ժողովրդավարացումին իրենց նպաստը բերելու տեսլականով: |