ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԵՎ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ինչպէ՞ս շնորհաւորեմ Գետնանցումին մէջ ութսունի մօտ պառաւ կին մը գիւղի իր տնամերձ պարտէզէն քաղածները դիմացը դրած, անոր վաճառքէն եկած շահով կ՛ապրի երեւի: Ամառ-ձմեռ հոն է. երբեմն ինծի ոչ շատ անհրաժեշտ, բայց զինք ուրախացնելու համար, բաներ մը կը գնեմ իրմէ ու երկու խօսք ալ կը փոխանակենք: Ինծի համար ամենատարօրինակը իր այս տարիքին աշխատելու ստիպուած ըլլալն է. զարմացած, քիչ մըն ալ դառնացած, հարցուցած եմ, ըսած էՙ ինչ ընեմ, պիտի աշխատիմ, որ ապրիմ: Ապրիլ 7-ին, ուզեցի մօտէն անցած ատենս զինք ուրախացնելու համար ըսեմ. «Շնորհաւոր մայրութեան ու գեղեցկութեան ձեր տօնը», սակայն վայրկեանապէս զսպեցի փափաք. ինչպէ՞ս շնորհաւորէի զինք, երբ ոչ մայր եղած է, ոչ ալ գեղեցիկ է. ամուսնացած չէ, իսկ դէմքը ամբողջ խորշոմներով ծածկուածՙ անջրդի ճաքճքած հողի կը նմանի: Ու կը մտածեմ, այս տօնը ստեղծողները, նկատի չե՞ն առած, որ կան նաեւ տգեղ կանայք, ինչպէս կան մայր չդարձած կանայք. անոնք իրաւունք չունի՞ն տօն ունենալու: Ինչու՞ այս խտրութիւնը: Անցեալները, Մարտի 8-ի կանանց միջազգային տօնին առթիւ, նմանօրինակ մտահոգութիւն մը յայտնած էր իմ հալէպահայ գրչընկերս, եւ ամուսնացած կիներու կողքին շնորհաւորած էր նաեւ ամուսնանալու բախտ չունեցած օրիորդները, որոնցմէ շատեր շատ լաւ կիներ ու մայրեր կրնային դառնալ, եթէ ճակատագիրը բարի ըլլար իրենց հանդէպ ալ: Տղամարդոց սէրն ու յարգանքը իրենց կանանց հանդէպ յաճախ շատ ձեւական է ու սնամէջ: Կիները այդ գիտեն, սակայն լռելեայն կը դիմաւորեն կեղծիքը ու քաղաքավարութեամբ կ՛ընդունին ծաղկեփունջն ու նուէրը, երբ ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց անսակարկ նուիրումին դիմաց քաղցր խօսք մը լսած չեն ըլլար, պաղ վերաբերմունքի, անտեսութեան եւ յաճախ ալ վիրաւորանքի կարժանանան: Այս մտածումներս վայրկեանապէս շոգիացան, երբ սկսայ հետեւիլ Ղարաբաղի պատերազմի լուրերուն եւ տեսայ հայրենիքի պաշտպանութեան մասնակցելու զինուորագրուած կանայք եւ աղջիկներ, մեր հերոս բանակի, հերոս տղոց կողքին: Երբ տեսայ, թէ ինչպէս հայր մայրը իր զինուոր տղուն ճակատը համբուրելով, իր օրհնութիւնը կու տայ, որ տղան երթայ հայրենի հողը պաշտպանելու եւ ողջ-առողջ վերադառնայ տուն, երբ տեսայ ինչպէս հայ մամիկ մը ճակատ մեկնող զինուորներուն ետեւէն դոյլը ձեռքին, ջուր կը սրսկէ, որպէսզի անոնց ճանապարհը բարի ըլլայ... Այս Ապրիլի 7-ին մեր բոլորին շնորհաւորանքները եւ ծաղիկները այդ հայ մայրերուն իրաւունքն են: Իսկական հայ մայրերուն, որոնք հայրենիքի պաշտպան հերոս տղոց ծնունդ տուած են: |