ԵՒՐՈՊԱՆ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ «ԱԶԳ»-ի մէջ, Ռուբէն Հայրապետեանի յօդուածըՙ Եւրոպայի տարածքին հարիւրաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներու փակուելուն մասին, թէ՛ անակնկալ էր, թէ՛ ցնցիչ: Ես կրօնամոլ մէկը չեմ, ոչ ալ անհաւատ, սակայն կը մտահոգուիմ, որ այդ երկիրներուն մէջ գտնուող մեծ թիւով եկեղեցիներու փակումը հաւատքի նահանջի ցուցանիշ է, այս պարագայինՙ քրիստոնէութեա՛ն: Կ՛ենթադրեմ որ քրիստոնէութեան նահանջին հետ, շատ մը այլ արժէքներ ալ պիտի նահանջեն ակամայՙ քաղաքական, հոգեմտաւոր, մշակութային, կենցաղային եւ այլն, քանի որ բնականօրէն նահանջին ձգած պարապը այլ բանով մը պիտի լեցուի եւ այդ բանը, յստակ է, Եւրոպա ներխուժող գաղթականներն են եւ իրենց հետ բերած «արժէքները»... Յօդուածը կը թուէ եւրոպական երկիրներ եւ անոնց եկեղեցիներուն նուազումը յստակ թիւերով, սակայն չ՛ըսուիր թէ ինչո՞ւ. ի՞նչ է պատճառը, որ Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Շուէտի, Նորվեկիայի մէջ եկեղեցիներ կը փակուին եւ դեռ պիտի շարունակեն փակուիլ. արդեօք միմիայն ծախսերը խնայելու համա՞ր, թէ՞ այլ պատճառներ ալ կան: Յստակ է որ փակուող եկեղեցիները բանուկ աղօթավայրեր չեն, կամ ալ շատ քիչ յաճախող ունին, ապա ուրեմն անոնց գոյատեւումը անիմաստ է: Սակայն, ինչո՞ւ բանուկ չեն, ինչո՞ւ քիչ յաճախող ունին. պատճառը, կամ պատճառները չեն յիշուած: Արդեօք գիւղական մատուռնե՞ր են, հինցած եւ աննորոգելի եկեղեցինե՞ր, բայց ո՛չ, յօդուածին ուղեկցող նկարները ցոյց կու տան, որ փակուած եկեղեցիները գոթական ճարտարապետութեամբ, վիթրաժ ապակիներով, պատմական, փարթամ կառոյցներ են, որոնք արդէն դադրած են որպէս եկեղեցի գործելէ ու վաճառուելով վերածուած են հանրախանութի, ճաշարանի, խաղավայրի, մարզասրահի, գրավաճառատան եւ նոյնիսկ մզկիթի ... Ուրե՞մն... ուրեմն, պարզ է, հաւատքը նահանջի մէջ է, ժողովուրդը կռնակ դարձուցած է եկեղեցիին: Ու դարձեալ միեւնոյն հարցումըՙ բայց ինչո՞ւ: Պատճառը գիտութեան սրընթաց նուաճումնե՞րն են, թէ՞ հաւատացեալներու հիասթափութիւնն է իրենց կրօնապետերէն, անոնց մեղաւոր արարքներուն ի լուր: Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ միասեռականներու ամուսնութի՞ւնն է, որ անընդունելի է ժողովուրդի մեծ հատուածին կողմէ: Այո՛, քրիստոնէական եկեղեցին Եւրոպայի մէջ նախկինը չէ, եկեղեցականներն ալ նախկին սուրբերը չեն, ժողովուրդն ալ նախկին հնազանդ ոչխարներու հօտը չէ: Երբ եկեղեցիները կը պակսին ու մզկիթները կը բազմապատկուին, կրօնապետերը, պետութիւններն ու ժողովուրդը չե՞ն անդրադառնար, թէ ի՛նչ կը կատարուի, մտահոգ չե՞ն, թէ՞ հոգերնին չէ: Անշուշտ ոչ մէկ միտում ունիմ կրօն մը գովաբանելու, կամ այլ կրօնի մը ընդդիմանալու, սակայն այս տարօրինակ պատկերին խորքը կրօնականէն անդինՙ քաղաքական վտանգաւոր ծրագիր մը կը տեսնեմ, որուն ընթացք տուողներն ու նոյնիսկ մեղսակիցները գիտութեամբ, թէ անգիտութեամբ, կը կարծեմ, նոյնինքն եւրոպացիներն են: Եւրոպային սպառնացող այսպիսի պարագայի մը ահազանգ պէտք չէ՞ հնչեցնեն պետութիւնները, իսկ Կաթոլիկ եկեղեցին, կամ Լուտերականը ի՞նչ անդրադարձ ունեցած են, կամ կ՛ունենան, ինծի յայտնի չէ: Ու ակամայ կը մտածեսՙ Եւրոպան դէպի ո՞ւր: |