RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#018, 2017-05-12 > #019, 2017-05-19 > #020, 2017-05-26 > #021, 2017-06-02 > #022, 2017-06-09

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #20, 26-05-2017



«ՊԱՅՔԱՐ»

Տեղադրվել է` 2017-05-25 23:02:00 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 8625, Տպվել է` 485, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՇԻՌԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՎԵԼՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ե. Ա.

Վերջերս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ոչ մէկ խնդիր կրնայ լուծուիլ առանց Թուրքիոյ միջամտութեան կամ հաւանութեան: Այդ հաստատումը որքան որ ալ կը զայրացնէ եւ կ՛անհանգստացնէ հայերսՙ դժբախտաբար իրականութիւն մըն է, նախ անոր համար, որ այդ խնդիրները գլխաւոր յարուցողներէն մէկը Թուրքիան է, իսկ երկրորդՙ երկար տարիներ, մանաւանդ ցուրտ պատերազմի շրջանին, մեծ պետութիւնները Թուրքիան օգտագործած են Միջին Արեւելքի շատ մը հարցերուն մէջ խնդիրներ լուծելու եւ խնդիրներ ստեղծելու համար: Եւ թուրք ղեկավարները, ըլլալով հանդերձ կախուածութեան վիճակին մէջ, գիտցած են ռազմականօրէն հզօրացնելու երկիրըՙ օր մը ինքնուրոյն գործելու հեռանկարով: Եւ կարծեք թէ ինքնուրոյն գործելու ժամանակը հասունցած է Էրտողանի օրով:

Թուրքիոյ ապահոված քաղաքական կշիռը Միջին Արեւելքի համայնապատկերին մէջ յենարան դարձած է Անքարայի յաւակնութիւնները ընդարձակելու միջազգային աւելի տարածուն չափերով:

Նաեւ իրականութիւն է, որ Պալքաններու մէջ եւս հարցերը չեն լուծուիր առանց Թուրքիոյ մասնակցութեան: Չորս հարիւր տարուան օսմանեան տիրապետութիւնը այդ աշխարհամասին մէջ հինգերորդ զօրասիւններ թողուցած է ի հաշիւ Թուրքիոյ: Եւրոպայի սրտին վրայ իսլամ Քոսովոն Արեւմուտքի պարգեւն է Թուրքիոյ այս աշխարհամասին մէջ, մնալով հանդերձ սլաւ Սերպիոյ ռուսամէտ ցանկութիւնները սահմանափակող ազդակ մը:

Մինչեւ անգամ հզօր Չինաստանի հետ հաշիւներ կարգադրելու խաղաքարտեր ունի Անքարան իր ձեռքին: Տակաւին վերջերս տնտեսական համաձայնութիւններու գծով Էրտողանը այցելեց Չինաստան. այս վերջին երկրի փոքրամասնական հրատապ հարցերէն մէկն ալ իսլամ ույկուրներու ըմբոստութիւնն է. Թուրքիան այդ ըմբոստութիւնը հրահրող եւ ահաբեկիչները զինող եւ զանոնք քաղաքականապէս պաշտպանող երկիրներէն մէկն է, ինչպէս ըրած էր Սուրիոյ մէջՙ զինելով եւ գոյութեան կոչելով «Իսլամական պետութիւնը»:

Այսօր մեծ պետութեանց բանակցութիւններուն եւ սակարկութիւններուն մէջ ամօթ եւ բարոյականութիւն ըսուած հասկացողութիւնները գոյութիւն չունին: Պետութիւններ կը բանակցին փոխշահաւէտ տնտեսական յարաբերութեանց շուրջ, կը բանակցին նաեւՙ վարձատրութիւններ ձեռք ձգելու խափանարարութիւններէ եւ ըմբոստական արարքներէ հրաժարելու հաշւոյն. եւ Թուրքիան լաւ գիտէ չարագործութիւններէ հրաժարելու հաշւոյն քաղաքական վարձատրութիւններ ձեռք ձգելու ձեւերը: Օրինակ, երբ եւրոպացիք- մասնաւորաբար Շուէտ, Հոլանտա եւ Գերմանիա- արգելք հանդիսացան Էրտողանի նախարարներուն քարոզչութիւն ընելու Թուրքիոյ հանրաքուէին շուրջ համապատասխան երկիրներու մէջ, Էրտողան բացայայտօրէն սպառնաց, որ եւրոպական երկիրներու մէջ քաղաքացիները այլեւս ապահով կերպով պիտի չկրնան քալել փողոցներէն: Ասիկա պետական ահաբեկչութեան օրինակ-սպառնալիք մըն էր, որ զայրացուց եւրոպացիները, համապատասխան հակադարձութեան սպառնալիքներու մղեց զանոնք, սակայն երբ անոնք կը հանդիպին թուրք դիւանագէտներուն, քաղաքական մութ սենեակներու մէջ, իբրեւ լուրջ ազդակ մը կը բանակցին Էրտողանի այդ ազդարարութեան շուրջ: Էրտողան նոյնպէս պահանջեց Եվրոպայի իսլամներէն առնուազն հինգ զաւակ բերել ընտանիք գլուխ, որովհետեւ, ըսաւ ան, այդ զաւակներն են որ պիտի որոշեն Եւրոպայի ապագան: Տարբեր սպառնալիք մըն էր Եւրոպան ողողել սուրիացի գաղթականներովՙ եթէ եվրոպացիք չվարձատրեն Թուրքիան:

Այս բոլորը շանթաժ ներ ըլլալով հանդերձ արդի քաղաքական կեանքի մէջ կշիռ ունեցող տուեալներ են, զորս լուրջի կ՛առնեն դիւանագէտները:

Էրտողան վերջերս այցելեց Ուաշինկթընՙ յստակ տուեալներ ունենալով իր օրակարգին վրայ- Ֆեթուլլա Կիւլէնի ճակատագիրը, Սուրիոյ քիրտերուն տրուած ամերիկեան զէնքի խնդիրը եւ ռազմամթերքի առեւտուրը: Սակայն, նախքան այդ ճամբորդութեան ձեռնարկելը ապահովեց դիւանագիտական կարեւոր խաղաքարտ մըՙ բանակցութիւններ վարելով Ռուսիոյ հետ պաշտպանողական հրթիռներու համակարգ մը գնելու Մոսկուայէն:

Հայոց եւ Հայաստանի պարագային Թուրքիոյ քաղաքական այս ծանր կշիռը կը հակադրուի մեր կենսական շահերուն: Թուրքիան ոչ միայն շրջափակման օղակին տակ առած է Հայաստանը, այլեւ գործնապէս կը զինէ եւ քաղաքականօրէն կը պաշտպանէ Ատրպէյճանըՙ թիկունք կանգնելով անոր ռազմատենչ ու անզիջող դիրքերուն:

Ռուս-թրքական վերջին մերձեցումը, յատկապէս Սուրիոյ տուեալներով, իր լուրջ անդրադարձը կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ: Ռուսերը մատի ծայրով բռնած են Հայաստանի ապահովութեան խնդիրը եւ թրքական որեւէ զիջումի դիմաց կրնան տեղի տալ շուտով: Յիշենք Լենին-Աթաթիւրք ժամանակաւոր սիրաբանութիւնը, որմէ ծնաւ Կարսի կաշկանդիչ պայմանագիրը: Նոյնպէս 1960-ական թուականներուն, Անքարան սիրաշահելու նպատակովՙ Նիքիթա Խրուշչեւ յայտարարեց, թէ Սովետական Միութիւնը հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն, ամբողջովին անտեսելով հայոց պատմական իրաւունքները:

Թուրքերը չեն մոռցած այս պարագաները եւ գիտեն ատենին օգտագործել միեւնոյն տուեալները, երբ կը հանդիպին ռուս դիւանագէտներուն:

Հայաստան բազմաթիւ փորձեր կատարեց բարելաւելու համար յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ- փրոթոքոլներու ստորագրութիւնը, ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը, TARC-ի բանակցութիւնները, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան ծիրին մէջ գործադրուող ճիգերը, եւ այլն, սակայն առանց արդիւնքի:

Վերջերս Հայաստան այցելող թրքական պատուիրակութեան մը պետըՙ Մուսթաֆա Այտընը, որ նախագահն է Քատի Հաս համալսարանին, յայտարարած է. «Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները մահացած են, բայց չեն թաղուած». ճիշտ բնորոշում մը, որ սակայն լաւատեսութիւն չի ներշնչեր. դժուար է գուշակել, թէ երբ կրնան թաղուիլ անոնք կամ երբ կրնան յարութիւն առնել:

Թուրքիան չափազանց յամառ է իր պնդումներուն մէջ. օրինակ 1974-էն ի վեր ան գրաւած է Կիպրոսի Հիւսիսային մասը- կիպրացի յոյներ ու թուրքեր գրեթէ հասած են համաձայնութեան եզրին, սակայն Թուրքիա կը մերժէ իր ուժերը հեռացնել կիպրական հողամասէն. աւելինՙ Էրտողան կը յայտարարէ, թէ թուրքական բանակը յաւիտենականօրէն պիտի մնայ Կիպրոսի մէջ:

Ներկայիս երբ բանակցութիւններ կ՛ընթանան Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ, կը պարզուի, որ Թուրքիան նպատակ չունի իր ուժերը հեռացնելու Սուրիոյ հողամասէն, մանաւանդ եթէ քիւրտերուն հողային զիջումներ կամ ինքնավարութեան խոստումներ տրուին: Նոյնն է պարագան Իրաքի, ուր Թուրքիան ներխուժած է հակառակ կեդրոնական կառավարութեան բողոքներուն, սակայն Անքարան կը մնայ անդրդուելիՙ թիւրքմէն փոքրամասնութիւնը պաշտպանելու պատրուակին ներքեւ, սակայն իրականին մէջՙ Ինքնավար Քիւրտիստանն ու PKK-ի գործունէութիւնը հակակշռելու Սինճարի մէջ: Ոչ մէկ պետութիւն ի վիճակի է տարհամոզելու Անքարան իր այս որոշումներուն մէջ:

Երբ այս է իրականութիւնըՙ մենք չենք կրնար լաւատեսութիւն սնուցանել հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ յառաջխաղացք մը արձանագրելու:

Միակ ուղին մատնացոյց ընողը հանդիսացաւ տեսանող Հրանդ Տինքը: Անոր տեսութիւնը այն էր, որ Թուրքիա պիտի կրնայ առերեսուիլ իր տխուր պատմութեան հետ միայն քաղաքակրթուելով, ընդգրկելով եւ կիրարկելով ժողովրդավարական սկզբունքները:

Պէտք է ընդունիլ, որ Էրտողանի իշխանութեան սկիզբը որոշ թոյլտուութիւններ ընծայուեցան- պատմաբաններ, մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ սկսան բարձրաձայնել ճշմարտութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Կայացան ցոյցեր, գիտաժողովներ եւ հրապարակումներ: Հակառակ որ այսօր բռնատիրութիւնը վերահաստատուած է Թուրքիոյ մէջՙ իրագործուածը կը մնայ: Հետեւաբար ժողովուրդէ-ժողովուրդ հանդիպումները կրնան աւելի իրապաշտական արդիւնքի առաջնորդել այդ յարաբերութիւնները:

Վերջերս «Թրքական քաղաքական համաձայնութեան հասարակական կազմակերպութեան» նախաձեռնութեամբ եւ Անգլիոյ դեսպանատան հովանաւորութեամբ կայացան երիտասարդական սեմինարներ Ծաղկաձորի մէջ, նիւթ ունենալովՙ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարեւորումը, մարտահրաւէրներն ու հեռանկարները»: Իսկ մայիսի սկիզբը 18 հոգինոց խումբ մը գնաց Պոլիսՙ նման սեմինարները շարունակելու: Քատիր Հաս համալսարանի նախագահ Մուսթաֆա Այտընի գլխաւորութեամբ ուրիշ երիտասարդական խումբ մը կը հասնի Հայաստան:

Կը պարզուի նաեւ, որ Պուրսայէն թրքական թատերախումբ մը կը գտնուի Երեւանՙ թուրքերէն լեզուով բեմադրելու համար Յակոբ Պարոնեանի «Ատամնաբոյժն Արեւելեան» թատերախաղը: (Այս մասին կարդալՙ էջ Գ):

Այս բոլորը փոքր քայլեր ենՙ մեծ նպատակի մը ուղղութեամբ:

Մեր պահանջատիրական սկզբունքներէն չշեղելով հանդերձՙ Հրանդ Տինքի քաղաքականութեան կիրարկումը կրնայ առաջնորդել իրական եւ տիրական յաջողութեանց:

Միայն ժողովրդականացուած եւ քաղաքակիրթ Թուրքիա մը կրնայ համարձակօրէն դիմակայել իր տխուր պատմութիւնը եւ առնել համապատասխան քայլերը:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #20, 26-05-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ