RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#018, 2017-05-12 > #019, 2017-05-19 > #020, 2017-05-26 > #021, 2017-06-02 > #022, 2017-06-09

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #20, 26-05-2017



Տեղադրվել է` 2017-05-25 23:02:00 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 7656, Տպվել է` 460, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԱԹԷՇԵԱՆԷՆ ԵՏՔ ՋՐՀԵՂԵՂ ... ՉԵՂԱՒ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երբ անցեալ փետրուարին Պոլսոյ միաբանութեան պատկառելի անդամներէն մէկըՙ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեանը իր հրաժարականը կը դնէր Հայոց պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի սեղանին, յստակ կը դառնար, որ Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութեան հարցը մտած է նոր հուն:

Ու այդ հրաժարականէն երեք ու կէս ամիս անց բաւական բարդ վիճակի մը մէջ յայտնուած եւ ըստ եկեղեցական կանոնադրութեան արդէն նախկին համարուած ընդհանուր փոխանորդՙ Արամ Աթեշեանը, նոյնպէս կը յանգէր հայութեան ջախջախիչ տոկոսին համար այդքան սպասուած որոշումին ՙ հրաժարական տալու որոշումին: Եւ վերջապէս անիկա տուաւ այդ հրաժարականը:

Երկու հրաժարական եւ նոր իրավիճակ:

Մինչեւ այդ փուլը Աթեշեանին ամէն կերպ զօրակցութիւն ցոյց տուած Մաշալեան սրբազանի քայլը կը բանար նոր ճանապարհ, որուն աւարտին կարելի պիտի ըլլար ընտրել նոր պատրիարք, որ պիտի ըլլար 85-րդը 500 տարուան փառահեղ անցեալ ունեցող պատրիարքութեան պատմութեան մէջ:

9 տարի բաւական աղօտ, անյստակ եւ անորոշ իրավիճակէ մը ետք, յառաջիկայ ամիսները կարեւոր պիտի ըլլան, որպէսզի իր եկեղեցին պաշտող պոլսահայութիւնը վերագտնէ ինքզինք ու նոր թափ առնելով շարունակէ իր բնականոն կեանքը:

Դարերու պատմութիւն ունեցող Պոլսոյ աթոռին համար նման տագնապները նորութիւն չեն: Նորութիւն չեն պայքարները, խլրտումները, հոգելքումները եւ դաւերը:

Կարեւորն այն է, որ ընտրութեան հարցը իր բնականոն ընթացքն առնէ ու անկէ ետք հեշտ պիտի ըլլայ որոմը ցորենէն զատել ու Գում-Գաբուի մեծ մատեանին մէջ արձանագրել, թէ ո՞վՙ ի՞նչ կատարեց յանուն այդ աթոռին եւ ո՞վՙ ի՞նչ դաւ նիւթեց սասանելու համար այդ աթոռին հիմերը:

Դատը եւ դատաստանը յետոյ է, իսկ այսօր կարեւորը արժան եւ իրաւ եկեղեցականի մը այդ աթոռին նստիլն է:

Առանց երկարելու պէտք է յատկապէս շեշտել- Արամ Աթեշեանի «ինձմէ ետք ջրհեղեղ պիտի ըլլայ» մօտեցումը ի չիք է:

Այսօր նոր վիճակ է, ուր գետնի վրայ ամէնէն կարեւոր խօսքը կը պատկանի պոլսահայութեան, որ անհամբեր կը սպասէ իր նոր հոգեւոր տիրոջ ընտրութեան:

Անքարա, Երեւան, Մայր աթոռ եւ Սփիւռք բոլորն ալ ըսելիք կրնան ունենալ, բայց վերջին խօսքը պիտի պատկանի քուէարկելու իրաւունք ունեցող պոլսահայուն:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #20, 26-05-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ