RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#006, 2018-02-16 > #007, 2018-02-23 > #008, 2018-03-02 > #009, 2018-03-09 > #010, 2018-03-16

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #8, 02-03-2018



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2018-03-01 23:20:59 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 4571, Տպվել է` 464, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՏՕՆ ԵՒ ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐԱԹՈՆ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Քանի որ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ մարտ ամսուան ընթացքին կը նշուի Ուսուցչաց տօնը, յարմար տեսայ այս առթիւ երկու խօսք արձանագրել, ինչ որ կրնայ օգտակար դառնալ նաեւ Հայաստանի պարագային:

Մեր բոլոր կրօնական եւ ազգային տօներուն կողքին, մեծ կարեւորութեամբ կը նշուին մայրերու եւ ուսուցիչներու տօները, որպէս համահաւասար տօներ ազգայինին եւ կրօնականին: Մարդ չի կրնար ժխտել այս երկու անձնաւորութիւններուն դերերը ապագայի մարդը մէջտեղ բերելու, կերտելու, ձեւաւորելու եւ գիտութեամբ զինելու գծով: Մին միւսին առաքելութեան լրացուցիչն է, եւ որքան նուիրումով կը կատարուի այդ առաքելութիւնը, այնքան որակաւոր կ՛ըլլայ արդիւնքը:

Մայրերու տօնը սահմանում չունի, իւրաքանչիւր անհատ ինք կ՛որոշէ իր սիրոյ, երախտագիտութեան եւ յարգանքի մատուցման ձեւը, սակայն ուսուցիչներու տօնի պարագային կարելի է որոշ սահմանումներ կատարել:

Սովորութիւն դարձած է, որ Ուսուցչաց տօնին առթիւ աշակերտներ նուէրներով շնորհաւորեն իրենց դաստիարակները: Ահա՛ այստեղ է որ որոշ հարցեր նկատի առնուելու են: Մայրեր, տօնէն շաբաթ մը առաջ կը սկսին փնտռտուքի, իրենց զաւկին ուսուցչուհիին, կամ ուսուցչուհիներուն (նուէրները ընդհանրապէս կ՛ըլլան կանանց) յարմար նուէրներ որոնել: Երբեմն մայրեր իրարմէ կը հետաքրքրուին, թէ միւսը ի՞նչ նուէր պիտի յանձնէ, որ ինք ալ նոյնը չկրկնէ, կամ ալ իրը միւսէն պակաս չըլլայ... Եւ կը սկսի մրցակցութիւն մը:

Կարողութիւն ունեցողներու պարագային նուէրի ընտրութիւնը հաճոյքի եւ քիչ մըն ալ ինքնասիրութեան առիթ է, իսկ չունեւորներու պարագայինՙ տառապանքի առիթ: Կարողութիւն չունեցողը չի կրնար անմասն մնալ ու ինքզինք նեղը դնելու գնով բաներ մը կը գնէ, սակայն...

Ահա՛ այստեղ է որ թաքնուած կ՛ըլլայ «աղէտը»... Պարզ է, որ սուղնոց նուէր բերող աշակերտին տարբեր աչքով պիտի նայի ուսուցչուհին, ինչ որ պիտի ազդէ գնահատականին ու նիշերուն վրայ. կարելի՞ է ոսկեղէն նուէր բերող աշակերտին ցած նիշ տայ ուսուցչուհին, նոյնիսկ եթէ խնդրոյ առարկան բութին մէկն է: Իսկ հակառակըՙ համեստ նուէր բերող աշակերտն ալ կրնայ անտարբեր վերաբերմունքի արժանանալ, նոյնիսկ եթէ փայլուն աշակերտ է:

Այս խտրականութիւնը, որքան որ «արդարացուցիչ» պատճառներ ունի, նոյնքան ալ անմարդկային արարք է: Անշուշտ խօսքս բացառիկ անաչառ- արդարներուն մասին չէ:

Այս կացութիւնը նկատի առնելով, Հալէպի կարգ մը վարժարաններ արգիլած էին նուէրները, ի վրդովումն ուսուցչուհիներուն, որոնք ձեւը գտած էին «տակից» նուէրներ ստանալու...

Լիբանանի մէջ բաւական մտահոգիչ է այս պարագան, ուր սովորութիւն դարձած է իրենց զաւկին բոլոր դասատուներուն նուէրներ յանձնել, նոյնիսկ եթէ անոնց թիւը տասէն աւելի ըլլայ: Դաստիարակ ուսուցչուհին հասկցանք, մէկ նուէրով կը լուծուի հարցը, սակայն տասէն աւելի նուէրներ... հապա՞ կարողութիւն չունեցողները ի՞նչ թող ընեն:

Աշակերտին գնահատականն ու նիշերը երբեք առեւտուրի նիւթ պէտք չէ դառնան, նոյնիսկՙ սակարկութեան... մեծ նուէր բերիրՙ մեծ նիշ, պզտիկ նուէրՙ պզտիկ նիշ:

Նուէրը կաշառքի պէտք չէ վերածուի: Անարդարօրէն արժանաւորին պզտիկ նիշ տալով, ուսուցչուհին ինք կը պզտիկնայ, ատիկա լաւ իմանալու են: Իսկ դպրոցի տնօրէնութեան դերը ի՞նչ է այստեղ:

Լուրջ հարց է եւ անտարբերութեան պէտք չէ մատնուի: Ո՞վ չի գիտեր, որ զանազան առիթներով շնորհաւորանք ու նուէր ստանալը հաճոյք է, սակայն կարեւոր է նկատի առնել դիմացի անձին պարագաներն ալ: Օտարներու մօտ, որեւէ առիթով յանձնուած նուէրը ընդհանրապէս խորհրդանշական կ՛ըլլայ, ոչ թէ մրցակցութիւն դիմացինը զարմացնելու, սիրոյ ու յարգանքի չափը նուէրին չափով որոշելու :

Քիչ մը զգաստ ըլլանք եւ փորձենք դիմացինը նեղ կացութեան չմատնել, որովհետեւ, երբ հաւուն կը ստիպես որ ջայլամի հաւկիթ ածէ, կրնաս պատկերացնել, թէ ինչ տեղի կրնայ ունենալ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #8, 02-03-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ