RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#040, 2013-03-19 > #041, 2013-03-20 > #042, 2013-03-21 > #043, 2013-03-22 > #044, 2013-03-23

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #42, 21-03-2013



ՍՐՏԻ ԽՈՍՔ

Տեղադրվել է` 2013-03-21 00:20:21 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2691, Տպվել է` 109, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 102

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ԳԵՎՈՐԳ ՊԵՏԻԿՅԱՆ, Լոս Անջելես, Կալիֆոռնիա

Օրեր առաջ, հայ մամուլը գուժեց մահը հայրենի երգիծաբան, բանաստեղծ, բազմաթիւ հատորներու հեղինակ, «Խորենացի» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններու ասպետ, ՀՀ Խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր եւ տասնամեակներու վրայ երկարող «Ոզնի» երգիծաթերթի խմբագիրՙ Արամայիս Սահակեանի վաղաժամ մահը:

Անձնապէս բախտը չեմ ունեցած զինք մօտէն ճանչնալու: Միայն, շատ պղտոր կը յիշեմ տասնամեակներ առաջ, Լոս Անճելըս իր այցելութեան ընթացքին, հրապարակային ձեռնարկի մը ընթացքին, բարեկամ մը, մեզ իրար եւ արագ ծանօթացուց: Այսչափ:

Իսկապէս վաղահաս մեկնում եւ նոյնքան ալ անժամանակ:

Բայց, այս բոլորին կողքին, կրնամ խոստովանիլ, թէ տարիներէ ի վեր բաւական շատ մօտէն ծանօթացած եմ իր հիւմուրոտ գրչին, բանաստեղծական տողերուն, սրամիտ խօսքերուն, երգի բառերուն, մէկ խօսքովՙ իր ստեղծագործական աշխատանքներուն եւ տաղանդին:

Անոր համար կրնամ շեշտել, թէ իր օրով «Ոզնին» դարձաւ իսկապէս եւ լիարժէք ոզնի մը:

Ինք իր մտային կարողութեամբ եւ գրիչի հմտութեամբ, իր ասպարէզի շրջագիծը ընելով հայ գիրն ու գրականութիւնը, տարբեր չէր կրնար ըլլալ միւս տաղանդաւորներէն:

Այսպէս, իր կեանքի կշռոյթով եւ ամբողջ տեւողութեամբ ան գործեց յանուն հայ գիրին, հոգի դրաւ իր տողերուն, իր լեզուով, իր յատուկ ծիծաղով եւ ինքնածին հիւմուրով:

Միշտ եւ ամէն առիթներով գնահատեց ճիշդն ու ճշմարիտը, վատն ու սխալը: Ուրախացաւ հայրենիքին արձանագրած նուաճումներով ու նաեւ տագնապեցաւ անոր ձախորդութիւններով, առանց սակայն մոռնալու մեր գրականութեան տափաստանը:

Նաեւ իւրաքանչիւր հանդիպողի յոյսի իր մաղթանքներուն ան խառնեց իր ժպիտըՙ ու այդ բոլորը ճերմակի վրայ սեւով թուղթին յանձնեց:

Անոնք, որոնք ապրեցան իր մտերմութիւնը եւ հետեւեցան Սահակեանի կեանքի հանգ-րուաններուն, անպայման ինծի հետ պիտի հաստատեն, թէ ինք եզակի անձնաւորութիւն մըն էր, իր գրիչով եւ գրականութեան նուիրումով:

Անոր համար սիրած էի զինք, յարգելով իր անձն ու գործերը, իր տաղանդն ու ստեղծագործութիւնները:

Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, թէ ժամանակի թաւալումով շատ բան կը փոխուի մեր կեանքին մէջ: Այսպէս, մեզմէ անկախ, մեր շուրջէն առ յաւէտ կը բացակային այնպիսի դէմքեր ու կերպարներ, որոնք տիպար ու օրինակ ըլլալու կոչուած էին իրենց գոյութեան ողջ ընթացքին:

Երբեմն անոնց բացակայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, ոչինչ ու ոչ ոք կրնայ լեցնել ու փոխարինել, որովհետեւ անոնք կը պատկանէին սերունդի մը, որ իսկապէս անփոխարինելի եղած էր:

Ու Արամաիս Սահակեանը այդ սերուդին պատկանող հաւատքով, նուիրումով ու սիրով զսպանակուած անձերէն մէկն էր, իր նուիրեալ ծառայութեամբ, որ իր դիմաց լայնօրէն բացաւ յաւերժութեան ճամբան:

Իրողութիւն է, թէ ժպիտը մարդուն կեանքի ամէնօրեայ ալիքներուն մէջ, անոր փրկարար օղակներէն մէկը հանդիսացած է: Այսպէս, անելի մատնուած վիճակներ, հարցեր կը թեթեւնան, նոյնիսկ կ՛անյատանան, երբ ծիծաղով մօտենանք կամ նոյնիսկ երբ ծիծաղիլ փորձենք անոնց վրայ:

Սահակեանի տողերուն մէջ նոյն այս հիւմուրին ներկայութիւնը միշտ եղած է ցանկալի, որովհետեւ լսողն ու կարդացողը անպայմանօրէն կը կարծէր, թէ այդ ծիծաղելի խօսքերը իրեն չէին վերագրուած:

Աւելինՙ իր ստեղծագործութիւններէն դատելով կրնանք հետեւցնել նաեւ, թէ ինք կը հաւատար, թէ ժպիտը կամ աւելի ճիշդՙ հիւմուրը, մարդուս հետ ծնած կÿըլլայ: Իսկ մարդը այդ հիւմուր ըսուածը ընդուներ կամ ոչ, իր իւրաքանչիւր քայլափոխին իրեն պիտի հետեւի:

Իրեն համար աշխարհը զաւեշտ մըն էր, անհեթեթ բաներով լեցուն: Իր գրչին դիմաց անհնար էր փակել երգիծանքի ճամբան, որովհետեւ միակ ուղին էր, որ մարդս դէպի ինքնաճանաչում կ՛առաջնորդէր:

Այս մէկուն ջատագովներէն մէկն էր Սահակեան եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր մահը:

Հասկցողին համար իր երգիծանքը լաւ աղբիւր էր ծիծաղի եւ գիտակցութեան, որովհետեւ Սահակեանի հիւմուրը կը նպաստէր նաեւ մարդակերտումի:

Անոր համար իր կորուստը մեծ է ու ցաւալի:

Իր յիշատակին նուիրուած այս տողերը թող իմ կողմէս ըլլան նաեւ երախտագիտութեան ակամայ ուշացած տուրք մը:

Յարգանք իր յիշատակին:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #42, 21-03-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ