ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԽՕՍՔԵՐ ԱԼԻՍԻԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ, Լոս Անջելես Ապրիլ 11-էն ի վեր բան մը պակաս է աշխարհի բազկերակէն, յատկապէսՙ հայ ժողովուրդի սրտէն. ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՄԻՐԶԱԽԱՆՅԱՆ Այս կորուստը մեր շօշափելի աշխարհէնՙ պարապութեան անկիւն մը կը ստեղծէ բոլոր անոնց համար, որոնք իսկապէս կը ճանչնային զինք: Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս գտնել նորէն այսպիսի իդիալիստ մը, այսպիսի խղճամիտ մտածող մը, այսպիսի մտաւորական մըՙ ապականած դարու մը մէջ, ուր կը կառավարէ անտարբերութիւնը դէպի հոգեկան արժէքները, էգոիզմը, անխղճամտութիւնը եւ աղաւաղումը: Իրմէ առաջՙ ան մտահոգ էր իր ժողովուրդի համար. իր սիրտը կը տրոփէր այդ ժողովուրդի համար եւ իր ամենախորունկ կսկիծն էր անոր տառապանքը: Սիրելի Արամայիս, գանձատուփիս մէջ պահելու եմ մեր երկար զրոյցները, լի մտահոգութեամբ մարդկութեան համար, լի իմաստով ու խորութեամբ: Եւ քանի որ չեմ հաւատար մահուան, մանաւանդ անոնց համար, որոնք իրենց արահետները դրոշմած են հողագունդի վրայ, կը զգամ, որ գիտակից ես բոլորիս արցունքներունՙ քու բացակայութեանդ համար: Անոնք ոչ միայն կը թափուին մեր աչքերէն, այլ նաեւ մեր սրտերէն ու հոգիներէն: Ցաւակցութիւններս աննման կեանքի ընկերոջդՙ Ջոգոնտային ու քաղցր աղջկանդՙ Մանուշին: Քեզՙ ցտեսութիւն, սիրելիս, մինչեւ այն ժամանակ, երբ նորէն հանդիպինք, ուրիշ ժամանակի, ուրիշ տարածութեան մէջ: Առայժմՙ ստացի՛ր աշխարհի բոլոր ծաղիկները իբրեւ յիշատակիդ դափնեպսակ: Սէր, ընդմիշտ... |