ՕՐԷՆՔՆ ՈՒ ՕՐԻՆԱԶԱՆՑՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Բաղրամեան փողոցէն փոխադրակառքով (աւտոպուսով) կ՛իջնեմ դէպի Մաշտոց պողոտայ: Ոտքի մնացած եմ, հակառակ որ յաճախ անպայման մէկը իր տեղը կը զիջի ինծի, որուն համար միշտ ուրախ զգացած եմ, որ երիտասարդ-երիտասարդուհիները մեծերը յարգել գիտեն, սակայն այս պահուս այնքան խճողուած է, որ անհնար է տեղափոխուիլ: Կառչած մնացած եմ խողովակաձեւ յենակէն: Ամեն կանգառի իջնողներ կան, սակայն խճողումը չի նօսրանար, քանի որ նոր բարձրացողներ ալ կան: Նոր աւտոպուսերէն է, շատ գեղեցիկ եւ կատարեալ, սակայն որոշ ժամերու անհնար է սահման դնել ուղեւորներու քանակին: Յանկարծ վարորդին ձայնը լսուեցաւՙ «Յաջորդ կանգառում քննիչներ կան, դիմակները դրէք»: Քանի մը անդիմակ տղամարդ ու կին իրենց գրպաններէն հանեցին դիմակները եւ անցուցին դէմքերնուն: Ուրեմն, վարորդը անդիմակ բարձրացողներուն որեւէ նկատողութիւն չէ ըրած, որ այդ մարդիկը դիմակները չեն անցուցած իրենց քիթին ու բերնին: Վարորդը որո՞ւն խօսք պիտի հասկցնէ, բարձրացողներուն դէմքերո՞ւն նայի, գանձանակի՞ն ուշադրութիւն ընէ, որ դրամ չդնող չըլլայ, թէ՞ ճամբուն նայի, որպէսզի խցանումի մէջ չմնայ եւ ժամանակին հասնի վերջին կանգառ, ուր տասը րոպէ հանգստանալու իրաւունք ունի: Իսկ այդ մարդիկը ինչո՞ւ դիմակ չեն դրած: Իսկ ինչո՞ւ տակաւին կան շատեր, որոնք կա՛մ դէմ են դիմակին, կա՛մ ալ կը պահեն զայն ի պահանջեալ հարկին գործածելու համար, ան ալ ոչ ինքնակամ, պարտադրանքի՛ վրայ: Որքան ուզեն հեռատեսիլէն յորդորներ կարդան, որ դիմակ գործածեն, ձեռքերը միշտ լուան ու ախտահանեն եւ «սոցեալական հեռաւորութիւնը պահպանեն...», իմաստ չունի, աշխատանքային վազվռտուքի ժամերուն այդպիսի օրէնքները պարզապէս ոչ թէ անհեթեթ կ՛ըլլան, այլ ծիծաղելի: «Մարշուտնի»ները, որոնք դեռ գործի վրայ են, սարտինի տուփերու կը նմանին, ներսը այնպէս մը իրար գրկած են ուղեւորները, որ քորոնան չէ, աշխարհի ամենամեծ պատուհասն իսկ խօսք չի կրնար հասկցնել: Շատ լաւ է օրէնք մշակելը, օրէնքներ հրապարակելը, թելադրութիւններ ընելը, սակայն ի՞նչ օգուտ, կարեւորըՙ համընդհանուր ենթարկուող քաղաքացիներ ըլլալու են, որՙ չեն: Ճիշդ է, որ օրէնքները կը դրուին յօգուտ քաղաքացիին եւ անշուշտ նաեւ երկրի՛ն, սակայն օրէնքէ խոյս տալն ալ չի դադրիր: Կարծես ծանր բեռ մըն է օրէնք-կանոն ըսուածը, որ մարդիկ անկէ խոյս տալու հազար հնարք կը գործածեն:Անցեալ օր իրար կողքի շարուած 4 հատ նորագոյն կապոյտ աւտոպուսերէն տեսայ ՀԱԹ-ի վերջին կանգառին: Զարմացայ, գիտեմ որ, ըստ դրուած կանոնի, վերջին կանգառին 10 րոպէ հանգստանալու իրաւունք ունի վարորդը, սակայն ինչպէս պատահեր է, որ չորսը մէկ տեղ հասեր են ու հիմա չորս վարորդներն ալ ծխախոտով ու սուրճով մայթին վրայ կանգնածՙ կը խօսակցին ու կը կատակեն, երբ (Ֆանարճեանէն-ՀԱԹՙ Բաբաջանեան, եւ հակառակ) ամբողջ ճամբու երկայնքին ահագին ուղեւորներ կը սպասեն ու կը սպասեն... Դիտեցէք մայթերուն վրայ կարմիր լոյսի ազդանշանին կանգնողները, որոնք կանաչ լոյսը կը սպասեն, որ միւս կողմ անցնին, շատեր իսկապէս կը սպասեն, նոյնիսկ երբ անցնող մեքենաներ չկան, իսկ որոշ մարդիկ, չեն սպասեր ու կ՛անցնին: Ըստ իրենց, ինչո՞ւ սպասել, երբ ճամբան հատող մեքենաներ չկան: Այնպէս կ՛երեւի, որ մենք շատ ալ օրինապահ չենք, չենք սիրեր օրէնքի կաշկանդումները, եւ անկէ խոյս տալը քաջագործութիւն կը համարենք: Դեռ երթեւեկութեան օրէնքները ոչինչ, այնպիսի օրինազանցումներ կ՛ընեն մարդիկ, որ կը վնասեն երկրի ընդհանուր կարգապահութեան: Խոստովանինք, որ վերջին այս երկու-երեք տարիներուն բաւական պակսած են օրինախախտումները, սակայն որոշ մարդոց մօտ երկար տարիներ բոյն դրած ապօրինութիւնները կը շարունակուին, քանի որ յաճախ կը լսենք կաշառակերութեանց ու դրամաշորթութեանց հետեւանքով ձերբակալութիւններու մասին, կամ ապօրինի շինութեանց նկատմամբ պատժամիջոցներու մասին: Օրէնքները կը մշակուին եւ բաւական լրջութեամբ ուսումնասիրուելէ ետք կը հրապարակուին, սակայն անոնց ազդեցութիւնը քանի մը ամիս կը տեւէ միայն, ու կը զգաս, որ երթալով կը թուլնան եւ օր մըն ալ մոռացութեան կը տրուին: Ահա՛ մայթեզրերը դարձեալ գրաւած են անհատներ եւ իրենք կ՛որոշեն կանգնելու իրաւունք ունեցողները, անշուշտ փոխան գումարի: Օրէնքներուն կիրառումը բարձր գիտակցութիւն կ՛եթադրէ քաղաքացիին կողմէ, ան ոչ թէ վախով պիտի ենթարկուի, այլ համոզումով եւ պատրաստակամութեամբ: |