ՆԻՒԵՐՔԱՀԱՅՈՒԹՅՈՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՒԱՔՈՒԵՑԱՒ «ԹԱՅՄԶ» ՀՐԱՊԱՐԱԿԸ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք Հայկական ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցը, այս տարի եւս համայն նիւեորքահայութեան կողմէ նշուեցաւ քաղաքին սիրտը հանդիսացող «Թայմզ» հարապարակին վրայ, ապրիլ 21ին, կէսօրէ ետք ժամը 2-4: Ապահովութեան խիստ միջոցներ ձեռք առնուած էին ոչ միայն Նիւ Եորք քաղաքի ոստիկանութեան, այլեւ` հայ երիտասարդութեան կողմէ, մա՛նաւանդ որ շաբաթ մը առաջ Բոստոնի դէպքին տխուր փորձառութիւնը կը պարատաւորեցնէր զգօն պահել մեզ: Նախաձեռնութիւնը այս հրապարակային նշումին մօտ քառորդ դարէ ի վեր կը կատարուի Վարդանանց ասպետներու եղբայրակցութեան կողմէ, որուն աւելի ուշ եկան միանալ Ամերիկայի Հայկական համագումարը (Արմինիըն Էսեմբլի), ՀԲԸՄիութիւնը, եւ մեր զոյգ կուսակցութիւնները` ՌԱԿ-ն ու ՀՅԴ-ը: Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի օրհներգերու ունկնդրութենէն ետք, մէկ վայրկեան լռութեամբ յիշատակուեցան մէկ ու կէս միլիոն նահատակ հայերու եւ Բոստոնի մէջ վերջերս զոհ գացած քաղաքացիներու յիշատակը, որմէ ետք բացման աղօթքը կատարեց Օշական արք. Չօլոյեան: Յանուն Վարդանանց ասպետներու խօսք առաւ նախկին աւագ սպարապետ դոկտ. Տենիս Փափազեան, որ հրաւէր ուղղեց հայութեան պատրաստուելու Մեծ եղեռնի դարադարձին, ազգովին պահանջելու մեր իրաւունքները թրքական կառավարութենէն եւ Հայկական ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչումը ընդունիլ տալու պետութիւններէն եւ ի մասնաւորի Միացեալ Նահանգներէն: Օրուան հանդիսավարներ էին Հարաւային Քընեքթիքըթ նահանգային համալսարանի նախագահ դոկտ. Մէյրի Փափազեանը եւ փաստաբան Արմէն ՄգՕմբըր, որոնք բարձրագոյն մակարդակի վրայ վարեցին հանդիսութիւնը: Նշենք որ, անցեալ տարիներու նման յիշելով նահատակ հայերը, յիշած կ՛ըլլանք նաեւ` ասորի եւ յոյն մեր եղբայրները, որոնք եւս անմասն չմնացին օսմանեան-թրքական ցեղասպանութենէն: Մեծ եղեռնէն վերապրող երեք հայուհիներ հրաւիրուած էին Նիւ Եորքի հայկական ծերանոցէն. 100, 102 եւ 104 տարեկան այդ մայրիկները խոստացան ապրիլ մինչեւ հարիւրամեայ տարելից, երկու տարի եւս, որպէս ողջ վկաները հայկական արհաւիրքին: Առաջին խօսք առնողը եղաւ Նիւ Եորք նահանգէն ծերակուտական Չաք Շումըր, որ հաւատարիմ իր սկզբունքներունՙ ամէն տարի կու գայ եւ խօսք կ՛առնէ այս ազգային հաւաքին: Ան նախ ողջունեց վերապրողները եւ անգամ մը եւս յայտարարեց, որ հայութիւնը ամուր մնալու է իր պահանջատիրութեան մէջ, ի վերջոյ արդարութիւնն է որ պիտի յաղթանակէ եւ Ամերիկայի Կոնգրէսը պիտի ճանչնայ Հայկական ցեղասպանութիւնը: Պարոն ծերակուտականը խոստացաւ շարունակել իր ամուր կապը պահել հայութեան հետ եւ տանիլ աշխատանք այդ ճանաչման գործընթացին յաջողութեան համար: Պետական քաղաքական անձնաւորութիւններէն երկրորդ խօսք առնողը եղաւ Նիւ Եորք քաղաքի comtroller Ջոն Լիու, ջերմ բարեկամը նիւեորքահայութեան, որ թեկնածու է Նիւ Եորք քաղաքի քաղաքապետի պաշտօնին: Ան ունի ամէն հաւանականութիւն շուտով փոխարինելու այժմու քաղաքապետ Բլումբըրգը: Լիու իր ջերմ զգացումները յայտնեց հայութեան արդար իրաւունքներու հետ կապուած մէկ դարու վրայ երկարող անարդարութիւնը վերականգնելու համար եւ խոստացաւ շարունակել Ամերիկայի մէջ ստեղծելու հանրային կարծիք ի նպաստ հայութեան արդար իրաւունքներուն: Հրաւիրուեցաւ Փիթըր Քութուճեան, Բոստոնէն, տալու իր խօսքը: Ան Մեսեչուսէց նահանգի Միդըլսեքս շրջանի շերիֆ է եւ ազդեցիկ քաղաքական դէմք մը, որուն քաղաքական հեռանկարները իր նահանգէն ներս բաւականին լուրջ են: Անշուշտ ան անդրադարձաւ Բոստոնի եղելութեան եւ զայն ջանաց կապել Հայկական ցեղասպանութեան հետ: Պատկերաւոր ներկայացուց իր ընտանեկան կեանքը, մեծ հայրն ու մայրը Երկրէն եկած ու ապաստան գտած Բոստոնի շրջանին մէջ: Անոնց կեանքի երթը որքան ալ ապրուած ըլլար Ամերիկայի մէջ, սակայն անտարակուսելիօրէն կապուած կը մնար հայրենի հողին: Նշեց նաեւ Բոստոնի մէջ Heritage Park-ի յուշահամալիրը, որուն բացումը կատարուեցաւ անցեալ տարի: Խօսք առին կազմակերպիչ միութիւններու ներկայացուցիչները: Առաջին խօսք առնողը եղաւ Նաթալի Կապրիէլեանը, որ տնօրէնն է ՀԲԸՄ-ի բարձրագոյն կրթական ծրագիրներու: Ան վեր հանեց քաղաքական երեսը ազգային մեր պահանջատիրութեան: Ալեքս Կարապետեան յանուն Հայկական համագումարին խօսք առաւ: Պէտք ենք նշել, որ Հայակական համագումարը եղաւ առաջինը վերջին քառասուն տարիներուն, որ մայրաքաղաք Ուաշինգթընէն ներս տարաւ լուրը լոբիինգի աշխատանք: Եթէ այսօր ամերիկեան քաղաքական շրջանակները մասամբ իրենց ուշադրութիւնը դարձուցած են դէպի Հայկական հարց, ապա այդ աշխատանքին մէջ առիւծի բաժինը անկասկած կ՛երթայ Հայկական համագոումարի կեդրոնական գրասենեակի ջանքերուն: Կերի Սինանեան յատկապէս եկաւ Լոս Անճելըսէն ներկայացնելու Ամերիկայի հայկական խորհուրդը, զոր կը հովանաւորէ ՍԴՀԿ: Դժբախտաբար, Նիւ Եորքի մէջ չկայ կազմակերպուած Հնչակեան կուսակցութիւն, սակայն յարգելով անոր անցեալի դերը եւ նաեւ` անոր տեղը Քալիֆորնիոյ մէջ, յարմար նկատուեցաւ ձայն տալ նաեւ այդ կազմակերպութեան ներկայացուցիչին: Յանուն Ռամկավար ազատական կուսակցութեան խօսք առաւ ՌԱԿ Միացեալ Նահանգներու եւ Կանատայի շրջանային վարչութեան անդամ բժ. Վաղինակ Դարբինեան: Ան ներկայացուց երեք կարեւոր առաջադրանքներ մինչեւ հարիւրամեակ իրագործելի: Առաջին. Հայաստանեայց եկեղեցին սրբացնելու է մեր նահատակները: Երկրորդ. ստեղծել առանձին նախարարութիւն Հայկական ցեղասպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մշակումի մէջ ընդգրկել մնայուն կերպով հայկական իրաւունքներու հարցը: Երրորդ. հրաւիրել աւանդական մեր երեք կուսակցութիւնները, մնայուն եւ միացեալ ծրագիր մշակելու Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Ան եզրափակեց ըսելով. «ՌԱԿ-ը կը մնայ հաւատարիմ իր ուխտին, արթուն պահելու նոր սերունդին մօտ պահանջատիրութեան գիտակցութիւնը եւ շարունակելու մեր Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորներու ժառանգութիւնը»: Հուսկ, Վազգէն ծ. վրդ. Գարայեանի փակման աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը, որմէ ետք Անճա Աւշարեան եւ Նայիրի Գաբրիէլեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Վաղարշակ Օհանեանի, երգեցին God Bless America-ն: Երկու ժամ տեւողութեամբ յայտագրին հետեւեցան նաեւ «Թայմզ» հրապարակի վրայ եղող հազարաւոր զբօսաշրջիկներ եւ անցորդներ: Վերջապէս, երկու հազար հայորդիներ, այդ օր, անգամ մը եւս բարձրաղաղակ հնչեցուցին պահանջատիրական իրենց խօսքերը: Ինքնավստահ դէ՛պի հարիւրամեայ տարելից: |