ԱՅՑ ՌԱՖԱՅԷԼԻ «ՍԷՆ ՄԻՇԷԼՙ ԶԳԵՏՆԵԼՈՎ ՀՐԷՇԸ» ՆԿԱՐԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ, Փարիզ Սաստիկ ցուրտին հետեւանքով շաբաթ մը անկողին մնալէ ետք, այսօր վերջապէս քաղաք կ՛իջնեմ, Լուվրի անդամատոմսս վերանորոգելու եւ տեսնելու Ռաֆայէլի «Սէն Միշէլՙ զգետնելով հրէշը» («Սուրբ Միքայելը սպանում է հրեշին»- խմբ.) նկարը, որ անցեալ տարի, առաջին անգամ ըլլալով, ցուցադրուեցաւ Լուվրի «Երկար գալըրիին» աջ կողմը: Մեթրոյէն կ՛իջնեմ «Փալէ-ռոայեալ-Միւզէ դյու Լուվր» (Palais Royal-Musee du Louvre) կայարանը ու մտնելով թանգարանի ապակեայ բուրգին տակ, ուղիղ քալելով կը հասնիմ անդամակցութեան բաժինը: Հեռուէն սեւամորթ պաշտօնեան ձեռքով նշան կուտայ որ մօտենամ իրեն: Կը մօտենամ, ձեռնուելէ ետք կ՛ըսեմ, թէ կ՛ուզեմ նորոգել Լուվրի անդամատոմսս: - Խնդիր չկայ,- կը պատասխանէ աւելցնելով,- հաճեցէք ձեր անձնագիրը տալ եւ լեցնել այս երկու էջերը: - Ի՞նչ պէտք է վճարեմ, նոր սակով: - Երեսուն հինգ եւրօ, մէկ տարուան համար: - Հրամմեցէք, պարոն: Ամբողջ գործողութիւնը կը տեւէ տասը վայրկեան: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ու դուրս ելած պահուս դռան վրայ կը տեսնեմ բրոշիւրներ, որոնց վրայ տպուած է Ալպէր Դիւրերի (Albert Durer) դիմանկարը: Բրոշիւրներէն մին առնելով կը դնեմ գրպանս: Ալպէր Դիւրէր երկու ինքնադիմանկար ունի, նոյնանման, մին Լուվրի մէջ, երկար մազերով, ձեռքին բռնած փշածաղիկ մըՙ խորհրդանիշ հաւատարմութեանՙ ամուսնական կեանքի մեջ...: Միւս դիմանկարը տեսած իմ Մադրիդի Փրատօ (Prado) թանգարանին մէջ, նոյն յատկանիշներով, որքան կը յիշեմ: Օրուան երկրորդ ծրագիրս է տեսնել Ռաֆաէլի նկարը, 268 x 160 չափերով: Այս նկարը 1518 թուականին Լէոն 10-րդ պապը պատուիրած է Ռաֆայէլին, Ֆրանսայի թագաւոր Ֆրանսուա Առաջինին նուիրելու համար: Քանի մը ամիս ետք, Պապին զարմիկինՙ Լորենզօ Մեդիչիին կողմէ նկարը կը յանձնուի թագաւորին, դիւանագիտական փոխանակումի շրջանակին մեջ: Նկարի թեմանՙ «Սէն Միշէլՙ զգետնելով հրէշը», հաճոյակատար ձեւ մըն էր Սէն Միշէլի եղբայրակցութեան (օրդեն- խմբ.) նկատմամբ, որուն մեծ վարպետը (Maitre) Ֆրանսուա Առաջինն էր, Ֆրանսայի եւ եկեղեցիին միջեւ գոյութիւն ունեցող դաշնակցութեան որպէս առհաւատչեայ վերանորոգուածՙ այդ թուականին, պայքարելու համար թուրքերուն դէմ: Անցնելով Մոնա-Լիզայի սրահէն, ուր, ինչպէս միշտ, մեծ բազմութիւն մը խռնուած էր Լէոնարդոյի գործին առջեւ, կ՛առնեմ վերելակը իջնելու համար բուրգին (Pyramide) տակը, սակայն, կոճակը սխալ կոխած ըլլալով, վերելակի դուռը կը բացուի իսլամական բաժնի յարկին վրայ, որ բացուած է անցեալ տարի, 18 սեպտեմբեր 2012ին: Առ ի հետաքրքրութիւն աչք մը նետել կ՛ուզեմ: Անցնելէ ետք նեղ միջանցք մըՙ կը գտնուիմ ընդարձակ սրահի մը մէջ: Լուվրի ոչ մէկ բաժին ունի այս ցուցասրահին շքեղութիւնը: Թանգարանին տնօրենութիւնը, նկատելով որ Ֆրանսայի երկրորդ կրօնը իսլամութիւնն է, ուզած է լաւագոյնս ցուցադրել իսլամական արուեստի նմուշները, զորս ամբարած է տարիներէ ի վեր: Երկրորդ, նկատի առած իսլամական նավթն ու շուկան, ճիգ չէ խնայած ամենագեղեցիկ ձեւով ներկայացնելու ցուցադրուած նիւթերը: Հիմնական նիւթերը իսլամական այս բաժնին կը կազմեն պարսկական, օսմանեան եւ արաբական զանազան երկիրներու մշակութային նմուշները: Զրահներ, վահաններ, եաթաղաններ, սուրերՙ կարճ, երկար, ուղիղ, կոր, դաշոյններ, որոնք բազմահազար կեանքեր հնձելէ ետք այս պահուն խելօք կեցած են, իբրեւ վկաներ բարբարոսութեան...: Միւս ծայրայեղութիւնը իսլամական արուեստինՙ ծաղիկներն ու տեքորաթիւ զարդերն են, ցուցադրուած յախճապակեայ սրուակներն ու սպասներն են: Իսկ մնացեալ մոզաիքները, գորգերը եւլն. կը կրեն գրաւուած երկիրներուն արուեստին ազդեցութիւնը: Օրինակՙ այն գորգերը, որ հիւսուած են Կեսարիոյ, Սեբաստիոյ, նոյնիսկ Սպահանի մէջ, հայերու կողմէ, ներկայացուած են իբրեւ իսլամական արուեստի նմուշներ: Ամէնէն ինքնուրոյն ցուցանմուշները անկասկած արաբերէն գեղագիր եւ ոսկեզօծ ձեռագիր գիրքերն են, սկսած 7-րդ դարէն: *** Հայութեան ոխերիմ թշնամի եւ դահիճ Օսմանեան կայսրութիւնը, գրաւելէ ետք Բիւզանդիոնն ու Միջերկրականի եզերքը գտնուող երկիրներն ու Արաբիան, կը ծրագրէր գրաւել, կոտորել ու կողոպտել նաեւ Եւրոպան: Օսմանեան զօրքերը երբ կը հասնին Վիէննայի դռներուն, եւրոպական երկիրներն ու Հռոմի Լէոն 10-րդ պապը միասնական ուժերով կը կազմակերպեն զօրաւոր դիմադրութիւն: Այդ միջոցին է, որ պապը կը պատուիրէ Ռաֆայէլին «Սէն Միշէլՙ զգետնելով հրէշը» նկարը, ուր հրէշի կերպարով Թուրքիան է որ կը ներկայացուի, նուէրՙ ապահովելու համար Ֆրանսուա Առաջինի մասնակցութիւնը սրբազան դիմադրութեան: Թուրքիան այդ ամօթալի պարտութենէն 500 տարի ետք, արիւնոտ ձեռքերը լուացած, եաթաղանը թանգարան ղրկած եւ նոր հագուստներ հագած, պատիւներով կ՛ուզէ մտնել Եւրոպա... Երէկուան հրէշը այսօ՛ր հրեշտակի թեւեր առածՙ կ՛ուզէ Եւրոպական միութեան մաս կազմել... շնորհիւ ժողովրդավա՜ր եւրոպացիներուն... Հ.Գ.- Ֆրանսայի ընկերվարական նախագահՙ Ֆրանսուա Օլանդ, Լուվրի իսլամական արուեստի ցուցասրահի բացման հանդիսութեան համար հրաւիրած էր Ադրբեջանի նախագահ Ալիեւը, չգտնելով որեւէ իսլամ այլ երկրի ղեկավար: Ի՜նչ փոյթ, որ ազերի սպան կացինահարած էր հայ սպայՙ Գուրգէնը, քնացած պահուն: Կարեւորը Ադրբեջանի նավթն էր... Այս պահուն կը յիշիմ ողորմած մօրս երգը. «Ասպետական սեւ սատանան (Ֆրանսան) Կ՛ուզէ առնել մեր Կիլիկիան, Մենք Կիլիկիան զէնքով առինք Ուզեն-չուզեն մեզ պիտի տան:» Չտուին, չառինք... |