RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#012, 2016-04-01 > #013, 2016-04-08 > #014, 2016-04-15 > #015, 2016-04-22 > #016, 2016-04-29

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #14, 15-04-2016



ՕՐԱԿԱՐԳ

Տեղադրվել է` 2016-04-22 00:02:43 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 3911, Տպվել է` 32, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 20

ԶԷՆՔԻ ՉԱՓ ԿԱՐԵՎՈՐ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Երբ որեւէ պատերազմ վերջանայ, կակնկալուի, որ յաղթող կողմը ուրախանայ եւ յաղթանակի տօնակատարութիւններ սարքէ, մինչ պարտուած կողմըՙ տխրի ու իր պարտութիւնը ողբայ:

Եթէ պատահի, որ կռուող երկու կողմերն ալ հաւասար դուրս գան, ֆութպոլի կոլերու հաւասարութեան պարագային նման, ոչ կը տխրին, ոչ ալ կուրախանան. որոշ գոհունակութեամբ մը կը մտածեն յաջորդ բախումին մասին:

Սակայն, անցնող օրերուն, Ղարաբաղի պատերազմին, երբ թշնամին մեզմէ տասնապատիկ աւելի մարդկային եւ զինական վնասներ ունեցաւ, Պաքուի փողոցները յաղթական ցոյցերով ու ցուցարարներով յորդեցան, կարծես մեծ յաղթանակ մը տարած էին, երբ իրենց ծրագրած ու երազած Ղարաբաղեան հողէն թիզ մը իսկ չէին գրաւած, իսկ այն մի քանի վայրերէն.- ուր մտած էին ու խաղաղ բնակիչներ խողխողած,- անմիջապէս դուրս շպրտուած էին:

Ո՞ր յաղթանակին համար կ՛ուրախանային, 9 տարեկան դպրոցական երախայ մը սպաննած ըլլալնուն համա՞ր, թալիշցի ամոլին գնդակահարման ու անոնց ականջները կտրելնո՞ւն համար, թէ՞ Ղարաբաղը պաշտպանող բանակի երիտասարդ յիսնեակ մը զինուորներու նահատակութեան համար, որոնք իրենց արեան գնով, իրենց հայրենիքը, իրենց պապենական հողը պաշտպանած էին:

Անշուշտ Ատրպէյճանի ղեկավարները ժողովուրդին դիմաց իրենց վնասները կոծկելու համար կեղծ յաղթանակի շեփորներ հնչեցնելու ստիպուած էին:

Գալով մեր կողմին, անջատ այն աննախընթաց երեւոյթէն, ուր թշնամիին դէմ դնելու պատրաստ, համընդհանուր կամաւորական հեղեղանման հոսքեր եղան, անջատ այս հոյասքանչ երեւոյթէն, մեր պաշտօնական եւ անպաշտօն լրատուամիջոցներն ու անկախ քաղաքացիներու կարծիքները բաւական հակասական էին, թէեւ պաշտօնականը, ինչպէս միշտ, մեծապէս դրական էր: Ըսողներ եղան, որ երկու օրերու ընթացքին այսքան զոհուած, այնքան անհետ կորած ու այսքան վիրաւոր, շատ չէ՞ր: Մենք որ կը հպարտանանք մեր բանակի մարտունակութեամբ, ինչո՞ւ այսքան զոհեր պիտի տայինք: Երկիրը պաշտպանելու ճամբուն վրայ նահատակուիլը հասկնալի է, սակայն աւելի քան 30 տարուան հնութիւն ունեցող զէնքերով թշնամիին ամէնաարդիական զինական ուժին դէմ դնելը այսքան մեծաթիւ զոհ արժեց, մինչդեռ եթէ բանակին տրամադրելի հսկայ գումարները որոշ պատասխանատուներու գրպանները չմտնէին, մեր զոհերը շատ աւելի նուազ կ՛ըլլային:

Ահա՛ այսպիսի գրառումներ կը ցաւցնեն մեր սիրտերը, ուր մնացՙ կռուող ու զոհուող տղոց սիրտերը; Դեռ այս չէ բոլորը, ըսողներ կան, որ դաւաճանութիւններ եւ մատնութիւններ եղած են ափ մը տոլարներու դիմաց, որուն հետեւանքով վայր մը ռմբակոծուած է, ուր տեղակայուած զինուորական ուժ մը զոհեր տուած է:

Երբ երկիրը պատերազմի մէջ է, քաղաքացիին ամենաէական պարտաւորութիւնը զգաստ, զուսպ եւ զգօն ըլլալն է: Թշնամին շատ դիւրութեամբ կրնայ հետեւիլ մեր ելոյթներուն եւ գրառումներուն, ուշադիր ըլլալու ենք, թշնամիին ջաղացքին ջուր լեցնելու չենք, մեր տկար կողմերը ցոյց տալու չենք, մեր թերութիւնները, մեր տարակարծութիւնները հրապարակելու չենք, մէկ խօսքովՙ մեր աղտոտ լաթերը անոնց դիմաց փռելու չենք: Պէտք է մէկ կողմ դնենք այդ բոլորը, որպէսզի թշնամին տեսնէ մեր մեր ներքին ճակատին ամրութիւնը:

Պատերազմը փորձաքար է, մեր իմաստութեան չափանիշը որոշող:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #14, 15-04-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ