RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#024, 2015-06-26 > #025, 2015-07-03 > #026, 2015-07-10 > #027, 2015-07-17 > #028, 2015-07-24

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #26, 10-07-2015



ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Տեղադրվել է` 2015-07-10 10:08:33 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1329, Տպվել է` 19, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 11

21-ՐԴ ԴԱՐՆ ՈՒ ՄԱՐԴԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Ի՞նչ կը կատարուի աշխարհի մէջ. նոր դարաշրջանը իր գիտական արագընթաց նուաճումներուն կողքին նաեւ խաղաղութեան դարասկիզբ պէտք է ըլլար, քանի որ անցեալ դարու ընթացքին համայն մարդկութեան ապրած արհաւիրքը համաշխարհային պատերազմներէն, անոր աւերներէն ու աւելի քան յիսուն միլիոն զոհերէն ետք, կամ տարատեսակ հիւանդութիւններու եւ նորայայտ ախտերու հազարաւոր կեանքեր խլելէն ետք, կամ բնութեան գործած աղէտներէն, երկրաշարժերէն, ցունամիներէն, ջրհեղեղներէն, փոթորիկներէն ու հրդեհներէն ետք, մարդիկ աւելի խելացիօրէն վարուելով, կ՛ակնկալուէր որ ձեռք-ձեռքի տուած մէկ ու միայնակ նպատակի համար գործէինՙ մարդկային կեանքի ապահովութեան համար: Վերջապէս աշխարհի, ինչու չէ նաեւ տիեզերքի կեդրոնը մարդն է ու անոր սահմանուած տարիները ըլլալու են առողջութեան, խաղաղութեան ու բարօրութեան տարիներ. եւ ասիկա յաջողցնելու համար թափուելու էր ամէն ճիգ ու ջանք:

Իսկ ի՞նչ կը կատարուի այսօր: Նոր սեւ ոյժ մը մէջտեղ եկաւ, որ իր մէջ խտացուց վերեւը յիշուած անցեալ դարու բոլոր չարիքները: Մի հարցնէք «Ինչո՞ւ», պատասխան չէք ստանար: Գլխիվայր շրջեցաւ ամէն ինչ, մարդկային բոլոր առաքինութիւնները լուսանցքուեցան, չըսելու համար յեղաշրջուեցան:

Ահա՛ ձեզի համայն աշխարհի գուրգուրանքի առարկայ պատմական սքանչելի Փալմիրը, որուն ամփիթատրոնի բեմահարթակին վրայ ի՜նչ համաշխարհային արուեստի խումբեր տողանցած են, իսկ այսօր նոյն այդ բեմահարթակը դարձուցած են սպանդանոց...

Ով դարք, ով բարք...

Գիտական, գեղարուեստական, գրական նուաճումներն ու բարոյական արժէքները երեւի ապրեցան իրենց ոսկեդարը ու հիմա ակամայ տեղ պիտի տան արժեզրկումներու կազմակերպուած քաղաքականութեան: Միջին Արեւելքը դրեր են հրաբուխին բերանը, իսկ իրենք արեւմուտքի մէջ աւելի կենսական հարցով զբաղած են, «Միասեռականներու ամուսնութիւնը»... Արագ արագ, իրար ետեւէ, Եւրոպայէն ետք, անմիջապէս ԱՄՆ-ն ալ հաստատեց, յուրախութիւն ծիածանականներուն...

Մարդկային արժէքները անդունդի շուրթին են. Այս «կազմակերպուած» արժեզրկումը բարոյականութեանՙ մէկ նպատակ ունի,- տկարացնել մարդկային դիմադրողականութիւնը: Ապաբարոյականացած ժողովուրդի մը վրայ իշխելը շատ աւելի դիւրին է, քան բարոյականով զինուած ժողովուրդի մը:

Մետիանՙ լրատուամիջոցները, հեռատեսիլը, սինեման, մամուլը, համացանցը... բոլորն ալ վարակուած են դիտումնաւոր կերպով. վարակուած ու վարակակիր, իրենց կարգին վարակելու համար մարդկային հաւաքականութիւններ, մասնաւորաբար տկար հաւաքականութիւններ, պառակտուած, օտարամոլ, դրամատենչ, իշխանատենչ, փտածութեան բոյն դարձած...

Քսանմէկերորդ դարը մարդկութեան մայրամուտի դարը պիտի ըլլայ, եթէ կասեցնող չըլլայ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #26, 10-07-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ