RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#004, 2016-02-05 > #005, 2016-02-12 > #006, 2016-02-19 > #007, 2016-02-26 > #008, 2016-03-04

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #6, 19-02-2016



ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ

Տեղադրվել է` 2016-02-20 15:21:05 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1524, Տպվել է` 12, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 5

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ «ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ»

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Պատերազմները իրենց չար կողմին զուգահեռ, ունին նաեւ իրենց օգուտները: Երկու համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին գիւտեր կատարուեցան եւ գիտութիւնը ոստում կատարեց, քանի որ,- ինչպէս կ՛ըսեն,- «Կարիքը մայրն է ստեղծագործութեան»:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ պատերազմները օգտակար են մարդոց հարստութիւն դիզելու համար: Համատարած չքաւորութեան կողքին ի՜նչ հարուստներ մէջտեղ կու գան պատերազմի օրերուն, որոնց յատուկ որակում մը կը տրուիՙ «Պատերազմի հարուստներ»:

Պատուհասներու, դժբախտութիւններու ընթացքին է, որ երեւան կու գայ մարդու իսկական նկարագիրը. մարդ կայ, որ անմիջապէս կը փութայ բարիք ընել, օգնել դժբախտութեան մէջ ինկողին, մարդ ալ կայ, որ առիթը կ՛օգտագործէ չարաշահութիւն ընելու: Պատահած է, որ երկրաշարժի ընթացքին, փլատակներուն տակէն մարդիկ փրկելու փութացած են, մինչ ուրիշներ դիակները կողոպտելով զբաղած են:

Այսպէս ալ կը պատահի այսօր, երբ հազարաւոր փախստականներ Թուրքիայէն Եւրոպական ցամաք կը փորձեն հասնիլ լաստանաւերով: Հարիւրաւորներ խեղդամահ եղան Միջերկրականի ջուրերուն մէջ, սակայն գաղթականներուն հոսքը չդադրեցաւ, քանի որ պատերազմը դեռ կը շարունակուի;

Նոր եւ շահաւէտ գործարք մըն է գաղթականներ տեղափոխելը: Լաստանաւը կը բեռցնեն անոր տարողութենէն շատ աւելի մարդոցմով, որոնց, փրկարար բաճկոններ կը հագցնեն ու ահագին գումար կը գանձեն: Քանի-քանի լաստանաւեր շրջուեցան ու քանիներ ջրամոյն եղան. փաստուեցաւ, որ այդ թրքական փրկարար կոչուած բաճկոնները, կեղծ են եւ երբեք չեն համապատասխաներ օրինաւոր փրկարար ժաքէթներուն, սակայն որո՞ւ հոգը, ոչ այդ բաճկոնները պատրաստողները, ոչ ալ լաստանաւեր բանեցնողները հետաքրքրուած են մահացողներով: Իսկ ամենազարմանալինՙ թրքական կառավարութիւնն ալ տեղեակ ըլլալով այս խայտառակ չարաշահումներէն, ձայն չի հաներ ու առաջքը չառներ:

Ինչո՞ւ առաջքը պիտի առնէ. ուրիշին ողբերգութիւնը իրեն շահու առատահոս աղբիւր է: Անմարդկային պայմաններու մէջ վրաններու տակ ցուրտէն սառող սուրիացի փախստականները եւ իր մօտէն հեռացող, կամ հեռացուող գաղթականներուն հաշւոյն, տակաւին վերջերս երեք միլիառ տոլար ստացաւ... Անկելա Մերքէլը Գերմանիոյ պատմական բարեկամ եւ զինակից ու մեղսակից Թուրքիոյ «զոհողութիւնները» գնահատել գիտէ:

Հիմա Սուրիոյ հիւսիսէն վար իջնենք դէպի հարաւՙ Յորդանան: Այստեղ ալ պատկերը նոյնն է. այստեղ ալ կան սուրիացի փախատականներ ու անոնց պատճառով նաեւ շահեր...

Դիմատետրին մէջ մէկը կը պատմէ, թէ Սթամպուլէն իր բնակավայր-աշխատավայր Քուէյթ վերադարձին, քանի մը ժամ Ամմանի օդակայանի թրանզիթի բաժինը մնալու ստիպուած եղած է, իրեն մօտեցած են ոստիկաններ եւ պահանջած, որ իր մատնադրոշմը դնէ դիմումնագրի մը վրայ որպէս սուրիացի ապաստանեալ. մարդը ընդդիմացած է եւ բացատրած իր տարանցիկ ըլլալը: Չեն ընդունած եւ սպառնացած են... Ստիպուած կնքած է: Երբ մէկուն հարցուցած է այս արարքին պատճառը, մարդը ըսած է, որ իւրաքանչիւր կնիքի համար 3000 տոլար կը ստանայ յորդանանեան պետութիւնը, որպէս օժանդակութիւն գաղթականներու հաշւոյն: Առիթը փախցնել կըլլա՞յ:

Ահաւասիկ ձեզի օրինակներ պատերազմը շահու աղբիւր դարձնողներու: Թէեւ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք պիտի ըսեն, թէ ասոնք մանրուքներ են, բաղդատած պատերազմի ընթացքին զինամթերքի, վառելանիւթի, թմրանիւթերու եւ այլ գործարքներէ եկած շահերուն:

Պատերազմ... Աշխարհի ամենահասութաբեր պիզնեսը: Ուրեմն, ինչո՞ւ դադրեցնել պատերազմը, մանաւանդ երբ անոր բանալին այդ հարստացողներուն ձեռքն է:

Պատերազմները համայն մարդկութեան համար չարիք են, մինչդեռ ոմանց համարՙ բարիք:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #6, 19-02-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ