RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#021, 2013-02-19 > #022, 2013-02-20 > #023, 2013-02-21 > #024, 2013-02-22 > #025, 2013-02-23

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #23, 21-02-2013



ԽԱՌՆԱԿ ՕՐԵՐ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Տեղադրվել է` 2013-02-20 23:56:18 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1414, Տպվել է` 89, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 66

ԴՈՒՔ ՄԱՆՈՒԿ ԵՂԱԾ ՉԷ՞Ք

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ, Հալէպ

Շանթ Պողիկեանը չորս տարեկան է: Այս տարի կոկոն դասարան պիտի ըլլար: Ինչ լաւ պիտի ըլլար, զբօսանքին իր ընկերներուն հետ պիտի խաղար, դպրոցի բակին մէջ պիտի վազվզէր, գնդակ պիտի խաղար: Իսկ դասարանին մէջ ի՜նչ խաղալիքներ կայինՙ ձի, թռչուն, սահնակ, ինչե՜ր, ինչե՜ր: Ուսուցչուհին զինք պիտի սիրէր, շաքար պիտի տար:

Բայց այս տարի ինքն ալ չհասկցաւ թէ ինչո՞ւ այս բոլորը չեղան, ինչո՞ւ իր դպրոց-մանկապարտէզը ըսին թէ արգիլեալ շրջան է, վտանգաւոր շրջան է եւ ինք զրկուած է դպրոցի բարիքներէն:

Այս լսածներուն մէջ իրեն անծանօթ շատ բառեր կային:

Ահա՛ իրենց ընտանիքը բոլորուած հեռատեսիլի շուրջ: Մեծերըՙ մեծ հայրիկը, հայրիկը, մայրիկը կը դիտեն հեռատեսիլի նկարները ու մտիկ կ՛ընեն անկէ բարձրացած խօսքերը: Այդ բոլորը զինք չեն հետաքրքրեր: Ինչ լաւ է որ Շանթ եղբայր մը ունիՙ Արամը, ան իրմէ մեծ է, միշտ կ՛օգնէ իրեն, պատմութիւններ կը պատմէ: Լաւ կ՛ըլլար որ քոյրիկ մըն ալ ունենար, որպէսզի քիչ մըն ալ քոյրիկին հետ խաղար: Ինք արդէն օր մը մօրմէն քոյրիկ մը ուզեց, բայց քոյրիկը չկար ու չկար:

Դպրոցը աւելի լաւ էր, իրենց մանկապարտէզը: Հոն երգել կար, խաղալ կար, իրարու ետեւէ վազել կար: Ինչո՞ւ հիմա այդ բոլորը չկային: Չորս տարեկան երախան ի՛նչ հասկնար:

Ահա պապան եւ մաման հեռատեսիլին առջեւ են: Հոն է նաեւ եղբայրը: Թաց աչքերով նկարներ կը դիտեն: Այո՛, այ՛ո, թաց աչքերով այդ նկարին մէջ մարդ մը վիրաւոր երախայ մը շալկած արագ-արագ կը քալէ: Ահա մայրիկին ու հայրիկին աչքերը թրջուեցան, ըսին պատերազմ է, հայր մը իր վիրաւորուած երախան կը տանի հիւանդանոց: Շանթ եղածէն բան մը չհասկցաւ, բայց երբ արցունք տեսաւ մեծ հայրիկին ալ աչքերուն մէջ, անսովոր լաց մը բարձրացաւ իրմէ: Շանթ կու լար: Հասկցած էր պատերազմ բառին իմաստը ու միջոց մը լալէ ետք սրբեց իր աչքերուն արցունքները եւ թուղթէ զէնքի մը պատրաստութեան անցաւ:

- Ի՛նչ պիտի ընես այդ զէնքը,-հարցուց հայրիկը:

- Պզտիկը վիրաւորողին պիտի զարնեմ,- պատասխանեց Շանթ:

Իսկ Արամը անդիէն նետուելով գոչեց.- Եղբայր, քու զէնքդ թուղթէ է, ես երկաթէ զէնք ունիմ, եկուր միասին զարնենք այդ մարդը, այդ փիս մարդը...

Պատերազմը ինչեր կը սորվեցնէ երախաներուն, ինչե՜ր...

Պատերազմը ինչերէ՜ կը զրկէ երախաները... ո՞ւր է անոնց աշխուժութիւնը, անոնց երգելն ու պարելը...

Զբօսանքի պահուն մանկապարտէզի երախաներուն աղմուկ-աղաղակը, պոռչտուքներն ու վազվզուքները արդեօք համանուագ մը չե՞ն մեզի համար: Աննման համանուագ մը, որ նորագոյն սերունդին յատուկ է:

Դիպուկահարներ, ռմբաձիգներ, պատերազմ հրահրողներ, դուք ի՛նչ իրաւունք ունիք փոքրիկներուն խաղերը արգիլելու, անոնց պատերազմ սորվեցնելու ի՞նչ իրաւունք ունիք:

Անոնք ո՛ր ազգին ալ պատկանին, մեր վաղն են, մեր ապագան, ինչո՞ւ անոնց խաղաղ աճը կը փճացնէք, ինչո՞ւ:

Չէ՞ որ անոնք վաղը սերմնացաններ պիտի ըլլան, միտքի սերմնացաններ, եղբայրութեան սերմնացաններ:

Դուք մանուկ եղած չէ՞ք: Մէկը խանգարա՞ծ է ձեր մանկութիւնը: Հապա դուք ինչո՞ւ կը խանգարէք մեր մանուկներուն մանկութիւնը, ու թոյլ կու տաք, որ Շանթը իր աղիողորմ լացը բարձրացնէ ձեր խուլի ականջներուն դէմ:

Վաղը, ոչ հեռու օր մը, բոլոր շանթերը, դուք եթէ շանթարգել ալ ունենաք, անիծելով պիտի շանթահարեն ձեզ, ձեզմէ հաշիւ պիտի պահանջեն, եթէ շուտով անցեալ չդառնաք:

Վախցէ՛ք մեր մանուկներուն վաղուան անէծքէն, որ կրնայ շանթահարել ձեզ:

Շանթ եւ այսօրուան բոլոր շանթերը վաղը պիտի չներեն ձեզի, ձեզի, իրենց մանկութիւնը բզկտողներուդ...

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #23, 21-02-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ