ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ «ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ» Բ. ՀԱՏՈՐԻՆ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ, Լոս Անջելես Գրասէր ընտրանի մը ժամադրուած էր Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ռեմոն եւ Անի Գույումճեան սրահը, ներկայ գտնուելու Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած Մարզպետ Մարկոսեանիՙ նիւեորքցիներու կեանքին առնչուող «Քաղաքներու կախարդանքը» Բ. հատորի գինեձօնին: Օրուան յայտագիրին ընթացք տուաւ գաղութէս ներս երկարամեայ հասարակական գործիչ եւ մասնաճիւղի փոխատենապետ ընկեր Բարսեղ Գարթալեան, որ հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք օրուան յայտագիրին նպատակն ու բնոյթը, պատշաճ կերպով ողջունեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Անտոն Նորատունկեանի ներկայութիւնը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, վաստակաւոր կրթական մշակ եւ օրուան մեծարեալին երբեմնի պաշտօնակից Կարօ Պետրոսեանը: Կարօ Պետրոսեան անդրադարձաւ հեղինակին հետ ունեցած իր սրտակցութեան, դրուատեց Մարկոսեանի կատարած աշխատասիրութիւնըՙ եռամաս դիտարկումներով տեղ գտած երկրորդ հատորին մէջ, որուն կիզակէտը Նիւ Եորքի հայ համայնքին բազմաբնոյթ հարցերն են: Դասախօսը շեշտեց Նիւ Եորքի բնակիչներուն կենցաղային դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ մահացած հայ գրողներէն մնացած յուշերը եւ անվերադարձ մեկնած ընկերներուն ուղղուած յաճախ չարտասանուած խօսքերը: Գեղարուեստական յայտագիրով` մենակատար երգիչ Մայքըլ Արապեան, ընկերակից ունենալով դաշնակահար Մարօ Գայայեանը, գեղեցիկ ելոյթ մը ունեցաւ: Ապաՙ վարչական անդամ Լիլիթ Քեհէեան հաղորդական ոճով ընթերցում մը կատարեց ներկայացուող գիրքէն: Յայտագիրին երկրորդ խօսք առնողն էր գրական մեկնաբան, «Ասպարէզ» օրաթերթի վաստակաւոր աշխատակից եւ Ազգային առաջնորդանի վարիչ տնօրէն Սարգիս Մահսերեճեանը: Ան բծախնդրօրէն ներկայացուց հատորին բերած կարեւոր ներդրումը Նիւ Եորքի գաղութի հասարակական կեանքին վերլուծման գործին մէջ: Դասախօսը ընդհանրապէս արժեւորեց Մարկոսեան հրապարակագիրն ու անոր գիտական մօտեցումը մեր կեանքի պարզաբանումին մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ հեղինակին յաջորդ հատորի բնոյթինՙ լոսանճելըսահայութեան կեանքին առնչուող: Շնորհակալութեան ազնիւ եւ անկեղծ խօսքերով հանդէս եկաւ հեղինակըՙ Մարզպետ Մարկոսեան, որուն խօսքերը ուղղուած էին թէ՛ խօսք առնողներուն եւ թէ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն: Վարչութեան ատենապետ ընկեր Վաչէ Սեմերճեան գինեձօնի աւանդական բացատրութենէն ետք հրաւիրեց յայտագիրին մասնակիցներըՙ գինիով օծելու Մարկոսեանի գիրքէն օրինակ մը: Մարզպետ Մարկոսեանի վերջին գիրքին այս ներկայացումը անգամ մը եւս հարստացուց համայնքային մշակութային գործունէութիւնը, մանաւանդ Թէքէեան մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ: |