RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#060, 2013-04-16 > #061, 2013-04-17 > #062, 2013-04-18 > #063, 2013-04-19 > #064, 2013-04-20

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #62, 18-04-2013



Մշակույթ

Տեղադրվել է` 2013-04-17 23:43:55 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2027, Տպվել է` 127, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 83

ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ ԿԸ ՄԵԾԱՐՈՒԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԵՋ

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Լոս Անջելըս

Արժանի եւ նաեւ ուշացած մեծարանք մը խմբագիր, կրթական մշակ, գրականագէտ եւ հասարակական գործիչ Վաչէ Սեմերճեանին, որ աւելի քան կէս դար անաղմուկ ծառայեց իր գաղափարական դպրոցի մամուլին, վարժարանին եւ կազմակերպութեան:

Անոր աշխատանքի դաշտը սկսաւ ծննդավայր Պէյրութէն («Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրական կազմի անդամ), ապա շարունակուեցաւ Նիկոսիա («Մելգոնեան կրթական հաստատութեան» դաստիարակ), Ադիս Աբեբա (ազգային վարժարանի ուսուցիչ), Քապուլ (աշխատակից մեր մամուլին քաղաքական տեսութիւններով) ու դեռ Լոնդոն եւ վերջապէս Լոս Անջելըս` որպէս երկարամեայ խմբագիրը «Նոր Օր» պաշտօնաթերթին, աւելի քան քսան տարիներու ատենապետը ԹՄՄ Լոս Անջելըսի մասնաճիւղին, ուսուցիչը ԹՄՄ «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանին: Ան նաեւ եղաւ պատասխանատու պաշտօններու վրայ ՌԱԿ Շրջանային Թէքէեան մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութիւններէն ներս: Ահա՛ այս վաստակաւոր մեր ընկերոջ ծննդեան 75ամեակն է որ նշեց Լոս Անջելըսի ԹՄՄ-ը:

Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Վաչէին եկած էին պատուելու շրջանի հայ մտաւորականութիւնն ու գրողները: Պատկառելի անուններ գրական մեր կեանքէն ներս:

Ապրիլ 7, կիրակի օրը, Բըրբենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջորդանիստ մայր տաճարին մէջ, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան յոբելեարին լամբակը զարդարեց Ամենայն հայոց հայրապետին` Գարեգին Բ.-ի կողմէ շնորհուած Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշանով, ուր ընթերցուեցաւ Վեհափառին` ընդհանրական մեր հայրապետին սրբատառ կոնդակը: Առաջնորդը արդարօրէն դրուատեց Վաչէին ունեցած վաստակը հայ գաղութներէն ու ազգային կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ` անոր գրական ու խմբագրական վաստակը:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հրաւիրեալները հաւաքուեցան Գլենդէյլի յայտնի «Փիւնիկ» հայկական ճաշարանը, ուր պաշտօնապէս նշուեցաւ անոր յոբելեանը: Օրուան հանդիսավարը, դարձեալ վաստակաւոր յայտնի գործիչ մը ազգային կեանքէն ներս եւ անդամը ԹՄՄ Լոս Անջելըսի մասնաճիւղինՙ Բարսեղ Գարթալեան, հրաւիրեց մտաւորական մեր եկեղեցականը` Դոկտ. Զաւէն աւագ քահ. Արզումանեանը աղօթքով բացումը կատարելու հանդիսութեան: Այս առթիւ, յատկապէս հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ` Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան եւ Միութեան կեդրոնական գրասենեակի վարիչ Պայծիկ Գալայճեան:

Հանդիսավարը կարդաց, այս առթիւ, հասած նամակներէն եւ հեռագիրներէն մաս մը:

Բաւականին ճոխ յայտագիր մը գործադրուեցաւ:

Անձամբ ներկայ էր Գլենդէյլի (որուն երկարամեայ բնակիչն է յոբելեարը) քաղաքապետըՙ Ֆրենք Քինթերօն, որ այս բարեպատեհ առիթով անձամբ յանձնեց քաղաքապետարանի գնահատական գիրը Վաչէին: Արա Ահարոնեանի միջոցով ստացուած էին այլ նմանօրինակ գնահատագիրներ Մայք Անթոնովիչէն (Լոս Անջելըսի գաւառէն) եւ կոնգրեսական Ադրին Նազարեանէն (Քալիֆորնիոյ նահանգէն):

Գլխաւոր խօսքը տրուած էր յոբելեարին երկարամեայ բարեկամին ու գործընկերոջըՙ Դիթրոյթէն Երուանդ Ազատեանին, որու գործակցութիւնը Վաչէին հետ կը սկսէր յիսունական թուականներու սկիզբին, երբ անոնք միասին կը խմբագրէին Պէյրութի «Զարթօնք-Սփոր»ը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Վաչէ Սեմերճեան իր վերլուծող նկարագրով եւ մտածողութեամբ կը գտնուի ճիշդ հակոտնեայ դիրքի վրայ: Վկայ` բազմանիւթ իր յօդուածները, պատկառելի հատորները, բովանդակալից դասախօսութիւնները: Արուեստագէտ պիտի ծնէր ան, սակայն ծնած է արուեստասէր` նկարչութեան եւ երաժշտութեան նկատմամբ իր խորունկ զգայարանքներով: Խմբագիր պիտի ծնէր ան, սակայն խմբագիրի իր արի եւ առոյգ գրիչին միացուցած է գրագէտի անվրիպելի շնորհը` մամուլի մեր հին վարպետներուն` Արփիարանի, Բիւզանդ Քէչեանի եւ Թէքէեանի նման»:

Ան եզրափակեց իր խօսքը գնահատելով Վաչէի կնոջ` Սօսիի մասնակցութիւնը միութենական կեանքէն ներս եւ աւարտեց ըսելով. «Որքան այդ շքանշանը կ՛արժեւորէ մեր յոբելարը` նոյնքանով ալ կ՛արժեւորուի նոյնինքն այդ շքանշանը»:

Թէքէեան մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնական գնահատագիրը եւ շնորհաւորագիրը կարդաց Պայծիկ Գալայճեան:

Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Արա Ահարոնեան եւ Մինաս Գոճայեան:

ԹՄՄ Տիգրանեան վարժարանի պաշտօնակից Լորա Գույումճեան տուաւ յուշագրական աղուոր պատկերներ Սեմերճեանի կրթական-դաստիարակչական կեանքէն, երբ ան հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ էր վարժարանէն ներս: Խօսք առաւ նաեւ վարժարանի հոգաբարձութեան երկարամեայ ատենապետը Ճորճ Մանտոսեան, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սեմերճեանի նուիրական աշխատանքին մասին, որպէս կրթական յանձնախումբի անդամ ու ապա` որպէս կրթական մշակ: Սեմերճեանի երկու շրջանաւարտ աշակերտներ գեղեցկօրէն վեր առին իրենց երբեմնի ուսուցիչին հոգածութիւնը:

Ռամկավար Ազատական մամուլին անունով Յակոբ Վարդիվառեան շնորհաւորեց մեծարեալը եւ դրուատեց անոր տարիներու անխոնջ վաստակը մեր մամուլի ծառայութեան մէջ, մա՛նաւանդ «Նոր Օր»ի խմբագրութեան օրերուն, երբ թերթը դարձած էր փնտռուած եւ կարդացուած հրատարակութիւն մը, իր էջերը լայն բանալով ազատ մտածողութեան տէր մեր աշխատակիցներուն եւ ընկերներուն առջեւ:

Խօսք առին նաեւ «Նոր Օր»ի այժմու խմբագիրը Յակոբ Մարտիրոսեան եւ գիրքերու հեղինակ եւ գրականագէտ ու գրաքննադատ Սարգիս Վահագնը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ «Երկնային համերգ» խումբը Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեաններու կատարողութեամբ, ինչպէս նաեւ` երգով` թենոր Արտաշէս Հայրեանը:

Հուսկ խօսք առաւ թեմակալ նախկին առաջնորդը Վաչէ արք. Յովսէփեան, որուն ծանօթ են յոբելեարին լայնածաւալ մշակութային թէ քաղաքական աշխատանքները գաղութէն ներս:

Սիրելի Վաչէ, կեանքդ` հարուստ, վաստակդ` բարի եւ ապագադ` ըլլայ դարձեալ բովանդակալից:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #62, 18-04-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ