ՅԱՐԳԵԼԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, Դոկտ. ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Հայագիտական ուսմանց ծրագիր «Ազգի» 7 մայիսի առցանց թիւին մէջ կարդացի «Միջոցառումների շարք նվիրված Եղեռնի 100-ամեակին» վերտառութեամբ Լոնդոնի մէջ կատարուող ձեռնարկներու մասին ձեր տեղեկատուութիւնը, որոնց կազմակերպիչը ես եմ: Սրտագին շնորհակալութիւններս «Ազգի» խմբագրութեան, որ անդրադարձած է այնչափ կարեւոր այս ձեռնարկներու շարքին: Այսուհանդերձ, դժբախտաբար ձեր տեղեկատուութեան մէջ թոյլ տուած էք սխալ մը, որ թիւրիմացութեան տեղիք կու տայ: Նշեալ ձեռնարկներուն գլխաւոր կազմակերպիչըՙ Լոնդոնի մէջ վերջերս իմ կողմէս հիմնադրուած Հայագիտական ուսմանց ծրագիրն է (Programme of Armenian Studies): Ձեր տեղեկատուութիւնը նախ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէՙ ա. «Դէպի 2015» ձեռնարկներու կազմակերպիչները «Հայաստանի բարեկամները» եւ «Կոմիտաս հիմնարկն» է: «Հայաստանի բարեկամները» համագործակցող կողմ է, բայց ոչ գլխաւոր կազմակերպիչ: Իսկ «Կոմիտաս հիմնարկը» մեր կողքին համակազմակերպիչն է միայն դոկտ. Ուղուր Ունկորի 9 մայիսի դասախօսութեան: բ. Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը «Կոմիտաս հիմնարկի» ենթակառոյցներէն մէկն է, ինչ որ ճիշդ չէ, այլՙ անկախ կազմակերպութիւն մը, որուն գլխաւոր հովանաւորը «Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնն» է: Մենք պատիւը ունինք համագործակցելու տարբեր մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու հետ, ընդ որումՙ «Կոմիտաս հիմնարկին»: Ձեր լրատուութեան միջոցով սփիւռքի տարբեր անկիւնները իրարու զօդող ձեր բարի դիտաւորութիւնը երբեք պիտի չուզէի հարցականի տակ դնել եւ թիւրիմացութեան մեղադրանքը մեր ուսերուն բարդել: Հաւանաբար ծանուցումի ձեւաւորումը եւ անուններու բանաձեւումը թիւրիմացութեան տեղիք տուած են: Շնորհակալ պիտի ըլլայի, եթէ տրուած թիւրիմացութիւնը «Ճշդումով» մը սրբագրէիք: Այս առիթէն օգտուելով պիտի ուզէի հակիրճ կերպով ծանօթացնել Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը, որուն գլխաւոր նպատակն է հայագիտական ուսումնական ծրագիրի մը պատրաստութիւնը, գործադրումը, ինչպէս նաեւ հայագիտութեան տարածումը Լոնդոնի համալսարանի ակադեմիք շրջանակներուն մէջ: Առայժմ արեւմտահայերէնի դասաւանդութեամբ կը զբաղինք: Արդէն ունինք երկու մակարդակներու վրայ դասարաններՙ սկսնակ եւ միջնակարգ: Յաջորդ տարի պիտի բանանք նաեւ արեւմտահայերէնի յառաջացած դասարան: Այսպէս, տարուէ տարի ծրագիրը պիտի ընդարձակուիՙ ընդգրկելով հայ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, մշակոյթ եւ արուեստ: Կանխայայտ շնորհակալութիւններս ձեզի: Յարգանօքՙ |