RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#002, 2015-01-23 > #003, 2015-01-30 > #004, 2015-02-06 > #005, 2015-02-13 > #006, 2015-02-20

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #4, 06-02-2015



100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ - ԲԵՅՐՈՒԹ

Տեղադրվել է` 2015-02-06 01:06:57 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1380, Տպվել է` 12, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 6

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Թղթակից

«Հարիւրամեակ Հայոց ցեղասպանութեան. Հետեւանքներ եւ առաջադրանքներ»

Պաշտօնական բացում

Հայկազեան hամալսարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի , «Հարիւրամեակ Հայոց ցեղասպանութեան. հետեւանքներ եւ առաջադրանքներ» նիւթով գիտաժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 31 յունուար 2015-ին, Հայկազեան համալսարանի մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան : Ան նկատել տուաւ, որ «այսօրուան մեր ներկայութիւնը այս իւրայատուկ վայրին մէջ հետեւանք է մեր նախահայրերու անցած ուղիին: Հայկազեան համալսարանը Հայոց ցեղասպանութեան վկան է եւ կենդանի օրինակը, որովհետեւ հիմնուած է Եղեռնի նահատակ Արմենակ Հայկազեանի յիշատակին»:

Վեր. Հայտոսթեան նաեւ շեշտեց, որ «պէտք է մեր կրած արդարութեան խոր հասկացողութիւնը օժտենք նաեւ քննական մտածողութեամբ: Մենք մեր դատին ժառանգորդներն ենք եւ բանական տէրերը»:

Ապա խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամ, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան : Ան ըսաւ, թէ պատահական չէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքին առաջինը տեղի կ"ունենայ Հայկազեան համալսարանի ակադեմական միջավայրին մէջ, ինչ որ կը պայմանաւորուի նշեալ վայրին համասփիւռքեան մակարդակի վրայ ակադեմական իւրյատուկ միջաջավայրի հանգամանքով: Գանտահարեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան նոր հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը իր առանցքային կէտերով պիտի հունաւորէ Հայ դատի հետագայ ընթացքը իրաւաքաղաքական եւ բարոյագաղափարական առումներով: Ան նկատել տուաւ, թէ գիտաժողովով բացումը կատարելը Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն կարեւոր երեւոյթ է, քանզի այն ռումով որ կը նախանշէ այն հիմնական շեշտադրումներն ու առանցքները, որոնք պիտի յատկանշեն հետագայ աշխատանքները:

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեան ներկայացուց գիտաժողովի բացման նիստին հիւր բանախօսըՙ Լիբանանեան համալսարանի գրականութեան եւ մարդասիրական գիտութիւնններու դոկտորական բաժինի դասախօս, պրոֆ. Մասուտ Տահերը , որուն նիւթն էր «Հայկական հարցը համաշխարհայնացումի դարաշրջանին. ներկան եւ հեռանկարները»:

Պրոֆ. Մասուտ Տահեր նկատել տուաւ, որ նախորդ հարիւր տարիներուն Հայկական հարցը կենդանի մնացած է շնորհիւ մշակութային, ընկերային եւ գեղարուեստական այլազան ձեռնարկներու, որոնք կազմակերպուած են հայ ժողովուրդի զգօն հատուածներուն կողմէ: Խորհրդային Միութեան փլուզումով, ըսաւ ան, Հայաստանին առիթ տրուեցաւ հռչակելու իր անկախութիւնը: Սակայն կան տարածքներ, որոնք կը մնան Վրաստանի իշխանութեան տակ, իսկ անդինՙ Լեռնային Ղարաբաղը ռազմական տագնապի նիւթ է Ազրպէյճանի հետ, մինչ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, որ կ"ընդգրկէ հայութեան խորհրդանիշները, մանաւանդՙ Արարատ լեռը, կը գտնուի թրքական իշխանութեան տակ:

Պրոֆ. Տահեր հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք հայ ժողովուրդը աճող կշռոյթով կը շարունակէ իր պայքարը, հակառակ անոր որ մեծ պետութիւններուն կեցուածքները ազդու չեն եղած, իսկ միջազգային ընտանիքի գործելաձեւը կ"արտացոլացնէ կրաւորականութիւնըՙ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման մէջ:

Ան յայտնեց, թէ խոստմնալից հեռանկարներ կան Հայկական հարցի խաղաղ լուծման համար: «Հայ ժողովուրդը ռազմական պայքար չի՛ մղեր թուրք պետութեան դէմ, այլ խաղաղ լուծում կը փնտռէ իր արդար դատին եւ կ"ուզէ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, մինչ Թուրքիոյ կառավարութեան կեցուածքը կը միտի պարտադրել de facto գոյութիւն ունեցող պայմաններու բնականոնացումը», ըսաւ ան եւ շարունակեց, որ պայքարի հայ յառաջամարտիկները վաղուց գիտակցած են, թէ մեծ պետութիւններուն վստահիլը պարզ խաբկանք է, որովհետեւ այդ պետութիւնները միայն իրենց շահերը կը հետապնդեն:

Պրոֆ. Մասուտ Տահեր եզրափակեց իր խօսքը հարց տալով. «Կ"ուզենք վերահաստատել, որ ապագան միշտ կը պատկանի այն ժողովուրդներուն, որոնք կը տենչան ու կառչած կը մնան իրենց ճակատագիրի տնօրինման արդար իրաւունքին, որքան ալ երկարի ժամանակը: Արդեօք Հայկական հարցը իր արդար եւ մնայուն լուծումը կը գտնէ՞, եթէ աշխարհը յաջողի պահպանել այսօրուան նահանջ ապրող ժողովրդավարութիւնը եւ աւելի մարդկայնական համաշխարհայնացում հռչակէ»:

Եզրափակելով նիստը, վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան յայտնեց, որ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսի զաւակներՙ ցեղասպանութեան փաստեր հաւաքելով չէ որ պիտի զբաղինք, այլ մեր գիտական աշխատանքը պէտք է ծանրանայ հատուցման եւ արդար իրաւունքի պահանջքին վրայ:

Իրերայաջորդ նիստեր

Առաջին նիստին ընդհանուր խորագիրն էր «Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ անոնց վերացման միջազգային օրէնքի ուղին»: Ներկայացուեցան երկու զեկուցումներ. առաջինը ներկայացուց հայրենի ուսումնասիրող դոկտ. Սուրէն Մանուկեան ՙ նիւթ ունենալով «Հայոց ցեղասպանութեան ժողովրդագրական, մշակութային, աշխարհագրական, տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքները», իսկ երկրորդըՙ դոկտ. Վլադիմիր Վարդանեան ՙ «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացումը միջազգային իրաւունքի միջոցներով» նիւթով:

Գիտաժողովին երկրորդ նիստին ընդհանուր խորագիրն էր «Միջազգային համայնքին հակազդեցութիւնըՙ ցեղասպանութեան եւ անոր շահագործումըՙ պետութիւններուն կողմէ»: Նիստին երկու զեկուցումներուն նիւթերն էինՙ «Միջազգային համայնքին հակազդեցութիւնըՙ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք» (զեկուցաբերՙ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, անգլերէնով) եւ «Հայոց ցեղասպանութեան չարաշահումըՙ պետութիւններու կողմէՙ Թուրքիոյ դէմ» (զեկուցաբերՙ դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին , արաբերէնով):

Երրորդ նիստը ամբողջութեամբ նուիրուած էր «Հայ-թրքական յարաբերութիւններ»-ուն: Այս ծիրին մէջ զեկուցումներ ներկայացուցին դոկտ. Արսէն Աւագեան ՙ նիւթ ունենալով «Թուրքիա-Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները 1991-2014» եւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանՙ նիւթ ունենալով «Հայ-թուրք ոչ պետական յարաբերութիւնները»:

Գիտաժողովի չորրորդ եւ վերջին նիստին ընդհանուր խորագիրն էր «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն ու թուրքըՙ յաչս երկրին փոքրամասնութիւններուն»: Զեկուցումներ ներկայացուցին Պոլիսէն դոկտ. Բիւլենթ Բիլմեզ ՙ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան կեցուածքըՙ իր փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ (1923-2014)» նիւթով եւ ազգագրագէտ դոկտ. Հրանուշ Խառատեանՙ «Հայերուն կարգավիճակը ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ. իսլամաց(ու)ած հայերը» նիւթով:

Իւրաքանչիւր նիստէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում:

Շնորհահանդէս Դոկտ. Նորա Արիսեանի եւ Լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի գիրքերուն

Հայոց ցեղասպանութեան Լիբանանի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին եւ Հայկազեան համալսարանին կազմակերպած գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Ֆատի Ասրաուի , որ արաբերէնով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Հաւաքուած ենք հոս ներկայացնելու դոկտ. Նորա Արիսեանի եւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի գիրքերը»: Ան կենսագրական հակիրճ ակնարկներով ներկայացուց նշեալ հեղինակներըՙ վեր առնելով անոնց գրական, թարգմանչական եւ լրագրական հմտութիւնները: Ապա խօսքը փոխանցեց սուրիահայ մտաւորական դոկտ. Նորա Արիսեանին : Արիսեան նախ արաբերէնով, ապա հայերէնով անդրադարձաւ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի «Արցախեան օրագիր, կանաչ ու սեւ, ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն» խորագրեալ գիրքինՙ յայտնելով, որ գիրքը կարդալով ինքնաբերաբար մղուած է զայն թարգմանելու: «Ան որ կ՛ուզէ գաղափար առնել արցախեան հերոսամարտին մասին, պէտք է կարդայ Թաթուլ Յակոբեանի այս գիրքը», ըսաւ Արիսեան: Գիրքը կը պատմէ Արցախի ազատամարտի ժամանակագրութիւնն ու ականատեսներու վկայութիւնները:

Ապա խօսք առաւ գիրքին հեղինակըՙ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան , որ հայերէնով ներկայացուց գիրքի ստեղծման շարժառիթն ու այս առիթով իր կատարած հարցազրոյցները հայ թէ ազրպէյճանցի վկաներու հետ: Յակոբեան նշեց, որ Արցախի պատերազմը իրենց, ինչպէս նաեւ արցախցիներուն եւ բոլոր հայ ընտանիքներուն տուներուն մէջ կը մղուէր:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ գիրքին մեկենասըՙ Սարգիս Պուտագեան , որ արաբերէնով յայտնեց, թէ իր այս նախաձեռնութիւնը կու գայ ի յիշատակ Եղեռնէն ճողոպրած իր մեծ մօրՙ Սիրուն Պուտագեանի, որ անխոնջ հետեւող մը եղած է հայ գրիին, գրականութեան եւ մամուլին:

Ձեռնարկին երկրորդ բաժինով դոկտ. Ասրաուի ներկայացուց լիբանանեան խորհրդարանի անդամ, մարդկային իրաւանց ջերմ պաշտպան եւ Հայ դատի բարեկամ Ղասսան Մուխայպերը եւ կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններէ ետք խօսքը փոխանցեց անոր: Երեսփոխան Մուխայպեր արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ ինք պատիւ կը զգայ, որ առաջիններէն էր, որ ընդունեց եւ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ներկայացնելով Նորա Արիսեանի արաբերէն գիրքըՙ Մուխայպեր յայտնեց, որ անիկա ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած ու անկէ ճողոպրած վկաներու յիշողութիւնն է: «Ծագումով հայ չեմ, սակայն երկու հանգամանքներ զիս կը մղեն զօրակցելու Հայ դատին: Նախ եւ առաջՙ հայ ժողովուրդին դէմ պատահածը միայն հայ ժողովուրդին դէմ չէր, այլեւՙ համայն մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր էր: Երկրորդՙ դէպքէն հարիւր տարիներ ետք տակաւին ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նաեւ այլ ժողովուրդներու նկատմամբ Իրաքի, Պաղեստինի մէջ եւ այլուր», ընդգծեց երեսփոխան Մուխայպեր:

Առ այդ, «պէտք է գրի առնել դէպքերու ականատեսներուն յիշողութիւնն ու վկայութիւնները: Ան որ կը մոռնայ իր անցեալը, ապագայ չունի», ընդգծեց Մուխայպեր: «Նաեւՙ պէտք է գործակցիլ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի իրաւատէր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ եւ պատմութեան յուշագրութենէն անցնիլ օրինական բանաձեւումի եւ դատական հայց յարուցել Թուրքիոյ դէմ», շեշտեց լիբանանցի երեսփոխանը: «Նման ոճիր ո՛չ միայն հայերուն, այլեւ համայն մարդկութեան դէմ է ուՙ բոլո՛րս հայ ենք», ընդգծեց Մուխայպեր:

Աւարտին կատարուեցաւ զոյգ գիրքերու մակագրութիւն:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #4, 06-02-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ