RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#005, 2013-01-26 > #006, 2013-01-29 > #007, 2013-01-30 > #008, 2013-01-31 > #009, 2013-02-01

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #7, 30-01-2013



ԽԱՌՆԱԿ ՕՐԵՐ

Տեղադրվել է` 2013-01-29 23:51:38 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1500, Տպվել է` 59, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 51

ՔԱՐԵՐԸ ԺԱՅՌԻ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ, Հալէպ

Մեր օրերուն եթէ նամակատուներ դադրեցան ծանրաբեռնուած աշխատելէ, դարուս նորագոյն գործիքները խտասալերով զարգացած հեռախօսներու շարքին աւելի եւս աշխուժացան:

Եթէ զարգացումի այս դարուն եւ գազանութիւններու սահմռկեցուցիչ այս դարուն աշխարհի ամենահեռաւոր ծայրերէն լուրեր վայրկեաններու մէջ արդէն սփռուած ըլլան, ինչո՞ւ զարմանանք` եթէ մինչեւ անգամ, զաւակի հօր ու մօր ու սիրելիի մը հետ երես-երեսի խօսիլը եւ նոյնիսկ շաղակրատելը այնքա՜ն դիւրացած են:

Ուստի չենք զարմանար երբ Հալէպ ծնած եւ այժմ Վիեննա ապրող Մհեր Տաւուտեանը, որ այդ երկրին մէջ որպէս երգիչ կը մարզէ իր ձայնը Վիեննայի լաւագոյն երաժշտանոցներէն մէկուն մէջ, նստի նորագոյն գործիքի մը առջեւ ու ամէն օր, ամէն օր խօսելով իր մօր, հօրը եւ եղբօրը հետ` նոյն հարցումը կրկնէ.-

- Մայրիկ, ինչպէ՞ս էք Հալէպի մէջ:

- Հայրիկ, ինչպէ՞ս էք Հալէպի մէջ:

- Եղբայրս, ինչպէ՞ս էք Հալէպի մէջ:

- Սիրելիներ, ապահո՞վ է մեր տան վայրը, ռումբեր տեղացած ունի՞ն հոն, փամփուշտի սուլոցներ կ՛անցնի՞ն մեր տան պատշգամէն, չըլա՛յ, չըլլա՛յ որ այդ կոյր գնդակները ձեզի ալ հանդիպին:

Տաւուտեանները հարիւրաւորներ են աշխարհով մէկ սփռուած: Զաւակը իր հարազատներուն ապահովութեան մասին կը մտահոգուի, ծնողները` իրենց զաւակներուն:

Ծնողք ականջ տուած որոտներու ու սուլոցներու, նոյնպէս ամէն, ամէն օր կը հարցնեն որպիսութիւնը իրենց զաւակներուն, իրենց հեռաւոր հոգեհարազատներուն: Կարօտի զգացումը յոյսէն օգնութիւն կը խնդրէ:

Յոյսը երբեմն դիրք կը հաստատէ, երբեմն կը դառնայ սակայն ճրագ, հիւանդ սիրտի հեքտիկ վերիվայրումին պէս:

Պատերազմը կ՛անտեսէ կրօնական սուրբ տօներն անգամ: Ոչ ոք գիտէ ո՞ր անկիւնը ապահով է սուլող փամփուշտի մը, որոտացող ռումբի մը դիմաց:

Մհերը պիտի շարունակէ մարզել իր ձայնը, օր մը, ինչո՞ւ ոչ, երգելու համար Երեւանի ֆիլհարմոնիայի կամ օփերայի բեմէն, որպէսզի ազգը նոր ուժ մը տեսնէ ծնած Հալէպ եւ ուսանած երաժշտութեան բարձրագոյն կեդրոններէնՙ Վիեննայի մէջ, ծնողքը պիտի ուրախանայ Հալէպի մէջ, որ իրենց զաւակին ապագային համար ըրած են իրենց կարելին, եթէ Հալէպ առանց հրաւէրի եկած խուլիգաններ նոր խժդժութիւններու դուռ չբանան:

Հայրենի հողին վրայ պտուղները ծառէն հեռու չեն իյնար:

Օտարութեան մէջ Հալէպի ծառին պտուղները իյնալ սկսած են Կանադա, Ամերիկա, Աւստրալիա եւ աւելի հեռու...

Ահա թէ ինչո՛ւ, Հալէպի ու բովանդակ Սուրիոյ մէջ պատերազմը մեզ համախմբելու փոխարէն կը տարամիտէ, կը ցրուէ աշխարհով մէկ:

Մնացողները ժայռ են, յարձակողները պարսատիկի քար:

Այստեղ, քարերը ժայռի հանդիպեցան:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #7, 30-01-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ