RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#017, 2016-05-06 > #018, 2016-05-13 > #019, 2016-05-20 > #020, 2016-05-27 > #021, 2016-06-03

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #19, 20-05-2016



ԸՆԹԱՑԻԿ

Տեղադրվել է` 2016-05-19 23:15:47 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 6216, Տպվել է` 611, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 598

ԿԱՍԿԱԾԵԼԻ ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Դիմատետրին (Ֆէյսբուք) մէջ յայտարարութիւն կար Արցախի մեր զինուորներուն օգնելու, եւ յիշուած էին ամենակարեւոր պէտքերը անոնցՙ ծխախոտ, անձրեւանոցներ, ձեռնոցներ, նոյնիսկ ներքնազգեստ... Յիշուած էր նուէրներու հաւաքման ժամկէտն ու բեռնատար մեքենայով հաւաքուած իրերը դէպի Արցախ ճամբայ ելլելու թուականը: Հասցէ չկար, միայն կը յիշուէր, որ վայրը Պանկլատէշ է եւ տրուած էր պատասխանատուին անունն ու հեռախօսի համարը:

«Ինչ մարդկային եւ հայրենասիրական վերաբերմունք», եղաւ անմիջական տպաւորութիւնս ու կը պատրաստուէի մասնակցելու նուիրահաւաքին. սակայն ցաւ մը սողոսկեցաւ մէջս. ուրեմն այս աստիճան աղքա՞տ են մեր բանակները, որ զինուորները ժողովուրդին օգնութեան կարիքը ունին իրենց տարրական պէտքերուն համար: Ամօթ զգացի. մեր զինուորներուն գովքը հիւսող ինչ խօսքեր ու գրութիւններ հեղեղուեցան, զինուորներ, որոնք սիկառէթ չունին, ձեռնոց չունին, ներքնազգեստ չունին եւ անձրեւին տակ խխում կը կտրին, քանի որ անձրեւանոց չունին...

Դիմատետրի կոչին տակ կային «քոմենթներ», անդրադարձներ, ըսիՙ կարդամ... ու ամէն ինչ տակնուվրայ եղաւ մէջս. ձեռնարկը քաջալերողներուն կողքին, ծանր ամբաստանութիւններ կային կազմակերպիչներու հասցէին, թէ գողեր են, թէ հաւաքուածները պիտի սեփականացնեն ու վաճառեն, եւայլն...

Կազմակերպիչները գրած էին, որ փափաքողները կրնան իրենց ընկերանալ ու իրենց աչքերով տեսնել, թէ ինչպէս տեղ կը հասնին նուէրները, անոնք նոյնիսկ կը խոստանային նկարներով եւ տեսերիզով փաստել նուէրներուն բաշխումը...

Միւս կողմէ ըսողներ կային, թէ ասկէ առաջ ալ այսպիսի բան եղած է ու ոչինչ հասած է զինուորներուն, անոնց իսկ վկայութեամբ:

Այսպիսի կոչեր եղան նաեւ հեռաւոր գիւղերու մէջ ապրող անտէր ընտանիքներու, կամ ծերունիներու օգնելու Ահագին բան հաւաքուեցաւ, քանիերորդ բեռնակառքը լեցուեցաւ, սակայն այդ հաւաքուածները տեղ հասան, թէ՞ ոչ, մարդիկ կը կասկածին: Ինչո՞ւ այս անվստահութիւնը:

Այս ալ երեւի «պիզնեսի» նոր ձեւ է, ժողովուրդին զգացումները շահագործելով, քանի որ անէնաաղքատ հայն իսկ կը սիրէ բարեգործութիւն ընել:

«Փրոֆեսիոնալ» մուրացկաններու մասին գրած ենք, հիմա նորաձեւութիւն մտած է անոնց մէջ ալՙ ձեռք բանալու կողքին սկսած են երախաներու նկարներով զարդարուած խաւաքարտներ բռնել, իբր թէ հիւանդ ու խնամքի կարօտ երեխաներու համար է:

Հիւսիսային պողոտային վրայ ալ երիտասարդ զոյգ մը, որ բնաւ մուրացկանի չեն նմանիր, ձեռքերնին քարթոնէ տուփ մըՙ վրան ճեղքով, ճամբադ կը կտրեն ու կ"ըսեն, թէ հիւանդ երախայի համար օգնութիւն կը հաւաքեն: Ո՞վ է հիւանդը, իրենք որմէ՞ լիազօրուած են, որեւէ փաստ ունի՞ն... Ոչինչ: Տարիէ մը ի վեր կ"երեւին միեւնոյն վայրը, հեռուէն, մարդու հագուածքէն կ"որոշեն որու պիտի դիմեն, եւ հարցնող չ"ըլլար իրենց, թէ սա հիւանդ երախան դեռ չառողջացա՞ւ...

Կը ցաւիմ կասկածը մէջս մտած ըլլալուն համար, սակայն ակամայ թացը չորին հետ կ"այրի: Աղքատութիւնը ինչ դռներ կը բանայ: Հապա՞ ընչաքաղցութիւնը...

Ներողութիւն հայցելով անկեղծ բարեգործներէն, կը դատապարտեմ մուրացկանութիւնն ու բարեգործութիւնը պիզնեսի վերածողները:

Հայ ազգի հիմքը բարոյականութիւնն է. մի քանդէք զայն, ապա թէ ոչ ամբողջ շէնքը կրնայ փլիլ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #19, 20-05-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ