ՊՈՅՔՈԹԵՆՔ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ Հայկական նպարատուներն ու հագուստեղէնի եւ այլ խանութները ողողուած են թրքական արտադրութիւններով: Որո՞նք են թրքական արտադրութիւններու գլխաւոր յաճախորդները - մենք, հայերս: Անշուշտ ամերիկեան խանութներուն մէջ ալ շատ են թրքական արտադրութիւնները, սակայն ամերիկացիին համար թրքական կամ չինական կամ ֆիլիփինեան ապրանքներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ: Կարեւորը որակաւոր եւ քիչ մը աժան ըլլայ, հարցը կը լուծուի: Ասկէ 101 տարիներ առաջ, եւ երկարած յաջորդ հինգ տարիներուն վրայ Թուրքիա կոչուող պետութիւնը եւ թուրք կոչուող ազգը աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ ջարդեցին: Պատմական իրողութիւն մըՙ որ հայերը ամէն տարի, գէթ Ապրիլ 24-ին, կը յիշեն եւ ոմանք եկեղեցիներու մէջ, ուրիշներ հրապարակային, ժողովրդական հաւաքներով կ՚ոգեկոչեն, մինչ ուրիշ շատ-շատերն ալ տունը, հեռատեսիլին առջեւ նստած կամ իրենց խանութներուն մէջ, «հոգիով» կը մասնակցին յարգանքի միջոցառումներուն...: Ապրիլ 25-ին արդէն ամէն ինչ մոռցուած է, բացի հայկական թերթերու մէջ, Ապրիլ24-ի առիթով չհրատարակուած յօդուածներու երեւումէն: Ինչպէ՞ս կրնանք այսքան անտարբեր ըլլալ մեր ազգին ամենաողբերգական դէպքերուն հանդէպ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ընտանեկան անդամ մը ունի զոհուած այդ ահաւոր Եղեռնի ժամանակ: Ոմանց ամբողջ ընտանիքը, գերդաստանը, ամենավայրագ կերպով խողխողուած է: Իսկ մե՞նք, հանգիստ նստած մեր տուներուն մէջ, խոհանոցի պահարաններն ու սառնարանները կը լեցնենք թրքական արտադրութիւններով: Երեւանէն մինչեւ Պէյրութ, Նիւ Եորքէն մինչեւ Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Թորոնթո եւ Մոնթրէալ, հայկական նպարեղէնի խանութները լեցուն են թրքական արտադրութիւններով - լոլիկի ջուր, բիբարի մածուկ, ոսպ ու բլղուր, չորցած պտուղի եւ բանջարեղէնի տեսակներ, ձիթապտուղ եւ պանիր, անուշեղէն եւ պղպեղի ու համեմունքներու տեսակներ, եւ տակաւին շարքը կ՚երկարի: Եւ որո՞նք եւ այս արտադրութիւնները մեծաքանակ ներածողները - հայերը, որո՞նք են իրենց նպարատուներուն մէջ թրքածին արտադրութիւնները ծախողները - հայ նպարավաճառները, իսկ որո՞նք են յափշտակողները այս արիւնահոտ ապրանքները - մենք, «հայ» կոչուածներս: Բազմաթիւ անգամներ, մանաւանդ Ապրիլ 24-ի հանդիսութիւններուն, մաքուր հայեր թերթիկներ կը բաժնեն, որպէսզի «պոյքոթի ենթարկենք» թրքական արտադրութիւնները: Եւ ի՞նչ կ՚ըլլայ այդ թերթիկները ստացող «հայ»երուն հակազդեցութիւնը. թերթիկը կը ճմռթկեն ու կը նետեն: Նոյն օրը կամ յաջորդ օրը դարձեալ նպարատունէ մը թրքական ապրանք կը գնեն: Ամերիկայի մէջ, եթէ ափրիկեան ծագումով ամերիկացիներուն մազին դպչող ըլլայ կամ անոնց դէմ իրաւացի թէ անիրաւ արտայայտութիւնները ունենայ ընկերութիւն մը, կամ անիրաւութիւն մը ընէ իրենց դէմ, եւ եթէ իրենց առաջնորդներէն մին առաջարկէ, որ այդ ընկերութեան արտադրութիւնները պոյքոթի ենթարկեն, ափրիկեան ծագումով Ամերիկացիներուն իննսուն տոկոսը կը հետեւի այդ պոյքոթին եւ ընկերութիւնը ծունկի կը բերեն: Իսկ մե՞նք, այսպէս կոչուած «հայ»ե՞րս, թրքական արտադրութիւններուն դէմ առաջարկուած պոյքոթները պարզապէս կ՚անտեսենք: «Ո՞վ է այդ մարդը, որ պիտի որոշէ, թէ ես ի՞նչ տեսակ ապրանք պիտի գնեմ» խօսքը ամենայն անպատասխանատուութեամբ կ՚արտաբերենք: Տեսա՞ք ի՜նչ զարգացած, յառաջդիմած, ազատութիւնը սիրող ազգ ենք մենք: Տեսա՞ք ի՜նչ խելացի եւ ինքնուրոյն մտածող անհատներ ենք մենք: Չէ՞ որ մեր նահատակները, մեր ֆէտայիները զոհուեցան ազատութեան համար, հիմա ինչո՞ւ կ՚ուզէք մեր ազատութիւնը կաշկանդել... Երբ Կլենտէյլի մէջ թրքական ապրանքներ ներածող հայ վաճառականի մը ըսինք, թէ ինչո՞ւ թրքական ապրանք կը ներածէ, «այդ ձեր գիտնալիք բանը չէ: Մենք կը ներածենք ինչ որ շահաբեր է մեզի համար», ըսաւ...: Վա՜յ քեզ, ժողովուրդ: Ինծի համար զարմանալի եւ անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայաստանցի վաճառականները Հայաստանի համար թրքական ապարանք կը ներածեն: Սահմանները գոց են, ուրեմն Վրաստանի վրայով այդ ապրանքները Հայաստան կը հասնին: Ո՞ւր են Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները: Ինչո՞ւ այդ թրքական ապօրինի ապրանքներուն ներածումը կ՚արտօնուի: Հա՜ա՜, իշխանաւորներն ալ շահաբաժին ունին ներածուող ապրանքներէն...: Տակաւին, Երեւանի կարգ մը նպարատուներու ցուցափեղկերուն վրայ «թուրքական ապրանք»ներու թարմութեան մասին գովազդ կ՚ըլլայ: Ա՞յս է հայերուս հայրենասիրութիւնը, պիտի ըսէինքՙ թրքասիրութիւնը: Կը գանգատինք, որ Հայաստանէն արտագաղթ կայ: Եթէ հայերս մերժենք թրքական արտադրութիւնները գնել, եւ որոշենք նմանօրինակ հայկական, ռուսական, պարսկական ու չինական ապրանքներ գնել, կրնա՞ք ճշդել այն շահը, որ Հայաստանը կ՚ունենայ: Կրնա՞ք գիտնալ, թէ քանի՜ հազար աշխատատեղ պիտի բացուի Հայաստանի մէջ եւ ի՜նչ հարստութիւն պիտի կուտակուի: Հոգ չէ թէ «մեծահարուստները» աւելի եւս պիտի օգտուին, բայց հազարաւոր հայեր գործ պիտի ունենան - գիւղացիներըՙ ցանելով, շարժավարներըՙ փոխադրելով, ապակեգործարանի բանուորներըՙ շիշեր արտադրելով, հարիւրաւորներՙ գործարաններուն մէջ աշխատելով. շարունակե՞մ: Արցախի քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ ազերիներն ու թուրքերը երբե՛ք պիտի չհանգստանան մինչեւ որ հայն ու Հայաստանը չստրկացնեն, չոչնչացնեն: Ամէն անգամ որ թրքական ապրանք կը գնենք, օգնած կ՚ըլլանք թրքական տնտեսութեան եւ նաեւ օգնած կ՚ըլլանք, որ անոնք փամփուշտ մը եւս ձուլեն եւ մեր սահման պահող զինուորին սիրտը ծակեն: Գիտե՞ս, բարեկամ, այն փամփուշտը, որ մեր հայ պատանիին սիրտը խոցեց, քու գնած լոլիկի մածուկի շիշէն եկած շահէն էր: Ո՞ւր է մեր անձնական արժանապատւութիւնը: Չե՞նք ամչնար: Ամօթ կոչուած զգացումը չունի՞նք: Այսքա՞ն է մեր հայասիրութիւնը, այսքա՞ն է մեր հայրենասիրութիւնը: Այսպէ՞ս պիտի յարգէինք յիշատակը մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, մեր նորօրեայ հերոս նահատակներուն: ԱՄՕ՛Թ Է: Լոս Անճելըս, ԱՄՆ |