ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹՅԱՆ 12 ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԱՀԱՆՋՈՒՄ ԵՆ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ, ՊԱՐԵՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԵՎ ՍԵՎԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ https://keghart.org/jerusalem-breaking-news/ Յայտարարութիւն Այսու գրով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ներքոստորագրեալ միաբաններս կը յայտնենք մեր անհամաձայնութիւնը «Կովերու պարտէզ»-ի տարածքին վրայ «եօթ աստղանի» հիւրանոց կառուցելու համաձայնագրի առնչութեամբ, որ ստորագրուած է 8 Յուլիս, 2021-ին, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի, Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի, եւ Կալուածոց Տեսուչ Տ. Պարետ Ծ. Վրդ. Երէցեանի կողմէ: «Կովերու պարտէզ»-ի համաձայնագիրը ստորագրուած է առանց Տնօրէն եւ Միաբանական ժողովներու քննարկման եւ վաւերացման, որը հակականոնական է, քանի որ այդպիսով անտեսուած է «Կանոն Միաբանական ուխտի» Յօդ. 67-ը, որը Տնօրէն Ժողովի իրաւասութեան ներքոյ կը դնէ կալուածներու տնօրինութեան հետ կապուած որեւէ որոշում, ինչպէս նաեւ անտեսուած է 2002, 2006 եւ 2015 թուականներուն Միա-բանական Ընդհանուր ժողովի կողմէ երիցս քուէարկութեամբ վաւերացուած եւ կանոն դարձածՙ «…մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող որեւէ համաձայնագիր կը վաւերացուի Տնօրէն Ժողովի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներու ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը, Տնօրէն Ժողովը պարտի ներկայացնել Միաբանական Ընդհանուր ժողովինՙ վաւերացման համար» որոշումը: Աւելինՙ ըստ 2015 թ.-ին երիցս քուէարկութեամբ հաստատուած կանոնի «…մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը պիտի ստորագրուին նուազագույնը երեք անձերու կողմէՙ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապահի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Տնօրէն Ժողովի Ատենապետի եւ Կալուածոց Տեսչի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներունըՙ նուազագոյնը երեք անձերու կողմէՙ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապահի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Միաբանական Ժողովի Ատենապետի եւ Տնօրէն Ժողովի Ատենապետի կողմէ: Ասոնցմէ Պատրիարք Սրբազան Հօր (կամ Տեղապահի), Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետի ստորագրութիւնները պարտաւորիչ են» : «Կովերու պարտէզ»-ի համաձայնագիրը Պատրիարք եւ Լուսարարապետ Սրբա-զան Հայրերէն զատ ստորագրած է նաեւ Կալուածոց տեսուչը, որը հակառակ է վերը բերուած կանոնին. Կալուածոց տեսուչը երբեք իրաւունք չունի ստորագրելու 26-49 տարուայ որեւէ համաձայնագիր, առաւել եւս 99 տարուայ համաձայնագիր: Վերոյիշեալ համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք, Կալուածոց Տեսուչ Տ. Պարետ Ծ. Վրդ. Երէցեան, առանց Պատրիարք Սրբազան Հօր գիտութեան քանի մը յայատարարութիւններ հրապարակեց Պատրիարքութեանս ֆէյսպուքեան էջին վրայ, որոնց մէջ կը պնդէ որՙ թէ՛ Տնօրէն Ժողովը եւ թէ՛ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը տուած են իրենց համաձայնութիւնը եւ օրհնութիւնը: Այսու գրով կը յայտնենք, թէ այդ յայտարարութիւնները իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին: Ո՛չ Տնօրէն եւ ո՛չ ալ Միաբանական ժողովները լուր ունեցած են այս գործարքէն: Սուրբ Աթոռոյս երկու գերագոյն մարմիններըՙ Տնօրէն եւ Միաբանական ժողովները չեն քննարկած եւ ոչ ալ իրենց համաձայնութիւնն ու օրհնութիւնը տուած են վերոնշեալ համաձայնագրի ստորագրման համար: Վանքին, Պատրիարքարանին եւ Ժառանգաւորաց Վարաժարանին ու Ընծայարա-նին կից հիւրանոցի կառուցումը պիտի մեծ անյարմարութիւններ ստեղծէ եւ խաթարէ Պատրիարքութեան եւ հոգեւոր կրթօջախի բնականոն կեանքը, գործունէութիւնն ու անդորրըՙ մեծապէս վտանգելով ապագայ մեր առաքելութեան իրականացումը: Ամփոփելով կ"ուզենք յատուկ ընդգծել, որ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը համահայկական արժէք է եւ այն բոլոր դարերու ընթացքին եղած է համայն հայութեան ուշադրութեան եւ հոգածութեան ներքոյ: Անոր գոյութեան եւ պահպանման մէջ ներդրում ունեն ինչպէս Սուրբ Աթոռի անձնազոհ միաբաներըՙ իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ, այնպէս ալ ողջ հայ ժողովուրդըՙ իր բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ: Հետեւաբար, այս սրբազան ժառանգութեան հետ պէտք է վարուիլ խիստ զգուշօրէն եւ բար-ձըր պատասխանատուութեամբՙ միշտ պահելով Սուրբ Աթոռոյս Կանոնադրութիւնը, որպէսզի չվտանգուի անոր դարաւոր երթը եւ յաջորդ սերունդներուն ժառանգելը: Twelve Priests Condemn Patriarch Nourhan"s Illegal Contract By Keghart Jerusalem Correspondent JERUSALEM, Oct. 27 - Twelve members of the Sts. James Brotherhood issued an announcement today condemning the decision of Patriarch Nourhan Manougian, Fr. Baret Yeretsian, and Archbishop Sevan Gharibian to grant a 99-year lease to an Australian businessman to build a hotel at Goveroun Bardez. The strategic land on Mount Zion, which has been part of the Armenian Quarter since the 14th century, is adjacent to the seminary and the Patriarchate residence. Its loss would be a huge blow to the 1,600-year Armenian presence in the Holy City. In the announcement, the clergymen demanded the Patriarch withdraw his signature from the contract. The twelve clergymen have shown remarkable courage, integrity, and abiding love of the Armenian Patriarchate, the Armenian Church, and the Armenian nation in making public their opposition to the nefarious scheme. According to the Sts. James Brotherhood constitution, it"s only the Brotherhood that can decide long-term real estate transactions. As well, Fr. Yeretsian– point man of the transaction–is ineligible to sign such a document because as director of the Patriarchate"s real estate department, he would be in conflict of interest. In the coming days and weeks, the twelve brave clergymen will need the support of Armenians everywhere to resist the expected pressures imposed by Patriarch Nourhan"s and his adviser… real estate impresario Yeretsian"s pressures. It"s no exaggeration to say the twelve clergymen have put their careers on the line to prevent the illegal transaction from proceeding. The King of Jordan Abdullah, Mahmoud Abbas, the president of the Palestinian Authority, the Republic of Armenia and the Catholicos in Echmiadzin should take immediate steps to force Patriarch Nourhan and Fr. Yeretsian to withdraw their signatures from the Goveroun Bardez deal. Armenians around the world should write to Jordan"s king and to Mr. Abbas and urge them to use their offices to force the two wayward clergymen to reject the real estate deal. Ideally, Patriarch Nourhan and Fr. Yeretsian should resign and leave Jerusalem at the earliest. Both, according to local reports, have U.S. citizenship. Archbishop Sevan Gharibian is too old to settle elsewhere. |