ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՓՈԼԱՏԵԱՆ ՄԱՐՍԵԼ, Ֆրանսա Նիսի դատարանը հինգշաբթի, սեպտեմբեր 25ին արձակեց իր վճիռը. Նիսի եւ Շրջակայքի կրօնական նախկին ընկերակցութիւնը (որ այժմ կը գործէ Boulevard de la Madeleine-ի վրայՙ Սուրբ Աստւածածին եկեղեցւոյ մէջ) չի կրնար յաւակնիլ մաս կազմել Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ: Անոր արգիլուած է այդ առնչութեամբ որեւէ յիշատակում իր կոչումին մէջ, ինչպէս նաեւ որեւէ գործունէութիւն, որ կրնայ կարծել տալ, թէ կը պատկանի այդ Եկեղցւոյ, ներառեալ ծիսակատարութիւնները այդ անունին տակ: Վճիռին պաշտօնապէս տեղեկացումէն ետք 8 օրուան ժամանակաշրջանէ մը սկսեալ, այդ արգելքին զանցումի իւրաքանչիւր օրուան համար 100 եւրո տուգանք սահմանուած է: Իսկ երեք ամսուան զանցումէ ետք կը ճշդուի պատիժի նոր չափ: |